3Նոյեմբեր հինգշաբթի երեկոյեան Կալաթասարայ Եափը Քրետի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Արսէն Եարմանի «Օսմանեան շրջանի գոհարեղէնը եւ հայ ոսկերիչներ» խորագրել ծաւալուն ուսումնասիրութեան շնորհանդէսը։ Այս առթիւ սարքուած ընդունելութեան ընթացքին Գրիգոր աւագ քահանայ Տամատեան ընթերցեց Սահակ Բ. Պատրիարքի ողջունի խօսքը, որ կը շնորհաւորէր հեղինակի բծախնդիր աշխատանքը։
Պատրիարք սրբազան այս ուսումնասիրութիւնը նոր առիթ մը կը համարէր երկրէ ներս, հայութեան հանդէպ կուտակուած կանխապաշարները վերացնելու համար։ Ապա ելոյթ ունեցաւ Եափը Քրետիի գեղարուեստական հրատարակութիւններու բաժնի վարիչ Կիւլ Իրեբօղլու։ Ան նախ գնահատեց Արսէն Եարմանի հաւաքարարի յատկութիւնը եւ ապա հատորին մէջ տեղ գտած փաստաթուղթերու կարեւորութիւնը։
Արդարեւ աւելի քան 1400 էջերէ բաղկացող ուսումնասիրութեան մէջ տեղ գտած են բացի գոհարեղէններու լուսանկարներէն բազմաթիւ գծագրութիւն եւ փաստաթուղթ։ Գիրքի սրբագրիչ Սապրի Քոզ ալ հրճուանքով արտայայտուեցաւ կատարուած աշխատանքին մասին, նշելով որ սրբագրութեան ընթացքին, երբ կ՚ընթերցէր այս ուսումնասիրութիւնը տող առ տող, կ՚ապրէր հիացմունքի պատճառած ուրախութիւնը։
Արսէն Եարման որպէս ուսումնասիրող արդէն ծանօթ անուն մըն է նախապէս իր հրատարակած բազմաբնոյթ գործերով, որոնց մէջ յատկապէս ուշագրաւ կը դառնան հայ բժշկագիտութեան աւանդութեան մասին ծաւալուն հատորը եւ այլ պատմական նիւթեր։