Չգիտեմ, թէ ո՞ւր ենք գնալու,
Բայց գիտեմ, որ ինչ էլ պատահի,
Աշխարհում մենք մե՛նք ենք մնալու՝
Ճեղքելով չարութիւնն աշխարհի։
Համօ Սահեան
Երբ երկու անձ վիճում են կրօնից՝
նրանցից մէկը անգիտակից է։
Արաբական
ՌՈՒԲԷՆ ՅՈՎԱԿԻՄԵԱՆ
ՍԵՆ ՌԱՖԱՅԷԼ
Ընդամէնը քանի մը օր առաջ Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ ՀՀ-Սփիւռք համահայկական գագաթնաժողովի մեկնարկը, որուն 600-էն աւելի մասնակիցներու շարքին ըլլալու բախտն ու առիթը չունեցանք՝ ինչպէս նախկինին, բայց մամուլի միջոցով փորձեցինք տեղեկանալ անց ու դարձին եւ պարզուեցաւ, որ բազում էին խօսք առնողները, տարբեր եւ կարեւոր, մեզ անհանգստացնող խնդիրներու շուրջ հնչեցուցած կարծիք, ահազանգ, միայն թէ ոչ մէկ վստահութիւն կայ, որ նախորդներու նման այն պիտի չմնայ թղթի վրայ, որպէս գեղեցիկ նպատակներու նմոյշ եւ մի բան, որ անցանկալի է՝ այդ ելոյթներու զգալի մէկ մասը եղեր է օտար լեզուով եւ յայտնի չէ, թէ մինչեւ ե՞րբ կարելի է հանդուրժել նման կացութեան։ Արդեօք պէտք է զարմանա՞լ, թէ ողբալ, որ մայրենի լեզուի տիրապետելը նուազ կարեւոր է, քան որեւէ այլ լեզուի՝ ո՛ւր գերակայ է անգլերէնը՝ առանց նշելու քաղաքին տիրող բազում ցուցանակներու այլանդակութիւնը։ Ա՜խ, երանի միայն այդ ըլլար շտկելիք։
Ոչ ոքի համար գաղտնիք չէ, եւ շատերը վաղուց հասկցած են, որ մեր առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներն են՝ ՀՀ խաղաղութեան հաստատումը եւ Արցախի վիճակի վերջնական լուծումը եւ անհրաժեշտ քայլերու մարմնացումը ինքնորոշման միջազգային ձեւաչափով։ Միայն թէ այդ բոլորը միայն մեր ցանկութեան հետ չէ կապուած, այլ բազում խանգարող տարրերու, ուր կարեւոր դեր ունի ազերի-թուրքի անյագն ախորժակը, փաստ, որ սահմանագծի անընդմէջ կրակոցները դադար չունին։ Ինչո՞ւ է այդ վիճակը կարեւոր։ Թերեւս պէտք եղած ժամանակին ճի՛շժ քայլեր առնելու իմաստութիւնը չենք ունեցած եւ այսօր կը կրենք այդ լուծը։ Բացառուած չէ, որ այսօր եւս կը շարունակենք ընել այլ նման ու համազօր սխալներ, եթէ ոչ աւելի, միայն թէ դեռ ոմանք չեն հասկացած, որ միասնականութեան մասին ճառելը տարբեր ամպիոններէն՝ կը մնայ բարբանջանք։
Երկրին «անգնահատելի ծառայութիւն» մատուցելու համար՝ (վարչապետին դէմ էր ողջ հոգեւոր դասը) Փութինի կողմէ շքանշանակիր կաթողիկոսի հրաւէրով նախկին նախագահներու հետ քննարկումներու ժամանակ՝ ըստ մամուլի, Լեւոն Տէր Պետրոսեանը առաջարկած է խուսափիլ ցաւոտ լուծումներէն եւ միասին վարչապետին օգնել, նուազ ցաւոտ լուծումն ընտրել ու պատասխանատուութիւնը անոր հետ կիսել։ Ըստ էութեան, առաջարկը բոլորի սրտով չէր եւ պատասխանը կ՚ըլլայ, թէ «Նիկոլի հետ խօսելու կարիք չկայ, եւ նրան մնում է միայն հեռանալ»՝ միեւնոյն յանգերգը։ Այս է մեր փրկիչներու ունեցած միակ ծրագրի առարկայական եւ հոգեբանական մտահորիզոնը եւ ինչպէս լուսահոգի մայրս կ՚ըսէր՝ կարմիր կովը կաշին չի փոխեր։
Բացի այդ, միաժամանակ սկսած են Գերագոյն հոգեւոր խորհրդի ժողովի աշխատանքները, ուր տարբեր ընթացիկ հարցերու հետ քննարկուած են Եկեղեցւոյ կրթական եւ դաստիարակչական առաքելութեանն առնչուած հարցեր։ Անդրադարձ կատարուած է ՀՀ եւ Արցախի շուրջ ստեղծուած ծանր իրավիճակին, ուր հիմնական դրոյթը եղած է 44-օրեայ պարտութեան փաստ-զգացումէն առաջացած պարտուողականութեան հոգեբանութեան սրբագրումը, շեշտելով՝ պարտութիւնը աւելի նուազ կործանարար է քան պարտուողականութիւնը՝ հուսկ եթէ ոչ զարմանալի՝ ապա տարօրինակ կը հնչէ ՀՀ իշխանութեանը ուղղուած պատգամ-հրամանագիրը՝ «Վերականգնել տարածքային ամբողջականութիւնը, կանխել մարդկային ու տարածքային հնարաւոր նոր ցաւալի կորուստները եւ միջազգային հարթակներուն հետեւողականօրէն պաշտպանել Արցախի ժողովրդի ինքնորոշման իրաւունքը», որ ցոյցերու կոչերի «ստերէօ» կրկնութիւնն է հոգեւորականներու կողմէ եւ դեռ աւելին։
Նոյեմբերի 5-ին Երեւանի Ֆրանսայի հրապարակին կազմակերպուած էր ընդդիմութեան Միասնութեան հանրահաւաքը՝ ըստ մամուլի 5620 մասնակիցով եւ Ռոբերտ Քոչարեանի մասնակցութեամբ, յայտարարած գլխաւոր նպատակով՝ վերականգնել Համահայկական զարթօնքի միասնականութիւնը։ Իսկ հանրահաւաքի բացման ելոյթով հանդէս եկած է Տաւուշի թեմի հոգեւոր առաջնորդ Բագրատ եպիսկոպոս Գալստանեանը, որ մեր իմացականութեամբ՝ այդ ամպիոնը ոչ միայն իր կոչումին, կարգին համապատասխան չէ՝ պարզ չէ, թէ որո՞ւ ցուցմունքով կամ հրամանով ան յայտնուած է այդ հարթակին։ Նաեւ, ան ճանաչուած է ամիսներ առաջ, վարչապետի մոլեգին հրաժարականը պահանջողներէն մէկը եւ բարձրախօսը։
Ծայրայեղ չեն Տաւուշի թեմի առաջնորդի ցանկութիւն-պահանջները եւ համոզմունքը, թէ «Հայոց եռագոյնը պիտի վերստին ծածանի Քարվաճառի լեռնալանջերուն, Արաքսի հովիտներուն, Շուշիի եւ Հադրութի բարձունքներուն՝ որպէս հայոց սահմաններու պատուի եւ արժանապատուութեան վերահաստատման եւ նոր վերականգնման արշալոյս»։ Ի՞նչ փառահեղ մտքեր։
Եթէ սոփեստութիւն չհամարենք այդ ուղերձները, ապա անկարելի է հարց չտալ, թէ ո՞վ է դէմ այդ բոլորին, եւ ո՞ր հայն է, որ չէ երազած, միայն թէ այդ կոչերը հնչեցնողները չեն ըսեր թէ ի՞նչ ծրագրերով, ո՞ր միջոցներով այն իրագործել եւ արդեօք արդէ՞ն թուրք-ազերի ոհմակներու եւ մեր ներքին պառակտութիւններու ծուռ ու շիտակ յարաբերութիւնները ու խնդիրները լուծուա՞ծ են, այլեւս գոյութիւն չունի՞ն անոնք եւ միթէ այդ ամէնը կախում ունի միա՞յն մեր ցանկութենէն։
Ինչ լաւ կ՚ըլլար, եթէ ամէն ոք, կարողանար իր դրան առջեւը մաքրել եւ երկրի հոգսերով տառապող հոգեւոր հայրերը մտածէին կաթողիկոսի ցմահ գահակալութեան եւ կուսակրօնութեան ճղճիմ խնդիրներու վերացման մասին, թերեւս որոշ հարցեր լուծում գտնէին։
Որո՞ւ համար է գաղտնիք, որ ՀՀ եւ Արցախն ներառեալ կը գտնուին տագնապի դէմ դիմաց, որ կարող է ըլլալ ճակատագրային, իսկ պառակտուած հասարակութեան բոլոր հատուածները մէկտեղ, դեռ կը շարունակեն ներքաղաքական եւ ներխմբային, եթէ չըսենք գրեթէ կլանային քայլեր ընել եւ առաւել ցաւալի՝ դուրսէն թելադրուող վէճերու հարթակը թէժացնել, փոխանակ բազմագլուխ թշնամիի դէմ առճակատումի։
Ոմանք կը կարծեն եւ գուցէ համոզուած են՞, թէ մեր գլխուն եկած դժոխային չարիքը միայն իրենց է բաժին հասած, մոռանալով, որ այն համահայկական է եւ ողջ ազգի դէմ էր յայտարարուած պատերազմը՝ ոչ միայն իշխող կուսակցութեան։ Ազգն է, որ ողբալի եւ կարեկցելու վիճակ ունի։ Դժբախտաբար ան հատուածային չէ, այլ բոլորը կը ողբան մեր զոհերու կորուստը անոնց ծնողներու հետ մէկտեղ։
Բաւական է, ժամը վաղուց հասած է լրջանալու եւ անիմաստ ցոյցերով ու բացականչութիւններով ազգի ցաւն ու ողբը սեփականացնելով շահարկել, կեղծ եւ ատելութեան մթնոլորտ ստեղծել միայն ու միայն իշխանատենչութեան նպատակներով։ Այդ չէ երկիր վերակառուցելու ճիշդ ու միակ ճանապարհը։ Կան աւելի ուղղամիտ եւ փորձուած ուղիներ։ Իրար հայհոյելն ու ամբաստանելը միայն թշնամուն օգտակար է եւ որքա՞ն կարող է տիրել ա՛յդ անբովանդակ կացութիւնը։ Երիցս ցաւալի է որ մեր հասարակութիւնը կորսնցուցած է իրատեսութեան եւ երեւոյթներուն ճիշդ որակում տալու զգացումը, որ յատուկ է բոլոր կողմերու համար։ Բազում են աննպատակ հայհոյանքները հասարակութեան տարբեր մակարդակներուն։
Իրաւ է ըսուած, որ հայրենիքը աղօթքով, ծափով ու ծնծղայով, կամ դրօշ ծածանելով չէ, որ կարելի է պահել, իսկ բանականութիւնը իրատեսութեան հետ մէկտեղ ամէն մարդու չէ տրուած։
Բարի երթ ծուռ ու շիտակը հասկացողներուն։