Ճարտարապետ Զաքարիա Միլտանօղլու 3 Նոյեմբեր հինգշաբթի երեկոյ Փանկալթըի «Նոսթալժի» գրախանութ-սրճարանի մէջ հանդէս եկաւ բանախօսութիւնով մը, որուն խորագիրն էր «Անաթոլիայի մէջ հայոց մշակութային հետքերը»։
Միլտանօղլու իր զեկոյցին սկսաւ նախ բնութագրելով խորագրի երեք բաղադրիչները՝ Անաթոլիա, հայ եւ մշակոյթ։ Հաստատեց Անաթոլիա աշխարահագրական ընկալումի սահմանները, թէ պատմական եւ թէ այժմէական համոզումներու տեսանկիւնէն։ Անցեալին Անաթոլիա եզրը Հռոմէն դէպի արեւելքի իմաստով գործածուած է։ Հանրապետական Թուրքիոյ շրջանին ընդլայնեցաւ ներառելով հայկական բարձրաքանդակը եւ Միջագետքը։ Ապա հակիրճ կերպով ներկայացուց հայ ժողովուրդի առասպելական եւ գիտական պատմութեան յատկանշական դրուագները, ինչպիսին են քրիստոնէութեան ընդունումը, գիրերու գիւտը եւ այլն։
Միլտանօղլու վերջապէս ծանրացաւ մշակոյթ բառի ծաւալին։ Նշելով թէ մարդկութեան կուտակած բոլոր գիտելիքները այդ եզրի մասնիկներն են։ Ան նաեւ այս հատուածի մէջ անդրադարձաւ հայ ժողովուրդի երեք սրբութիւններուն, եկեղեցւոյ, դպրոցի եւ մամուլի հայուն համար պարզած նշանակութեան։
Ինչպէս ծանօթ ենք իր նախորդ բանախօսութիւններէն, այս անգամ ալ պատմածներուն զուգահեռ ցուցադրեց զանազան լուսանկարներ, որոնց մէկ մասը առնուած էր իր ոսպնեակէն եւ մէկ մասն ալ փոխացուած էին անցեալէն, իբրեւ պատմական վկայութիւն։
Լուսանկարներու ցուցադրութիւնով տեսակ մը յարգանքի տուրք մատուցած եղաւ իր պաշտօնակցին, երջանկայիշատակ ճարտարապետ Սամվէլ Կարապետեանին, երբ կը ցուցադրէր մշակութեային ցեղասպանութեան խօսուն նմոյշները։ Իսկապէս ալ հետեւողներուն համար ցնցիչ էր Մշոյ Սուրբ Կարապետի կամ Վասպուրականի Վարագայ Վանքի քանի մը տասնամեակներու ընթացքին ոչնչացման երեւոյթները։
Բանախօսը այս բաժնին մէջ երախտիքով յիշեց վիպագիր Եաշար Քեմալը, որու ջանքերով փլուզումէն փրկուած էր Աղթամար կղզիի գեղակերտ Սուրբ Խաչ Եկեղեցին։
Բանախօսութեան ընթացքին ցուցադրուած նկարներու զուգահեռ անդրադարձներ եղաւ Կեսարիա, Մուշ, Վան, Երզնկա, Կուտինա, Տարտանել, Այնթապ, Եդեսիա, Տրապիզոն, Մալաթիա, Արաբկիր, Արթվին, Կարս, Ատանա, Անգարա քաղաքներու հայկական անցեալի մասին։
Հարցում պատասխանի բաժնին մէջ օրակարգի եկաւ մահմետական(աց)ուած հայերու եւ անոնց ինքնութեան վերադառնալու նիւթը, որուն բանախօսը հանգամանօրէն պատասխանեց իր իսկ ականատես եղած փորձութիւններէն ալ օրինակներ բերելով։