ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ
Այս ուղեւորութեան մէջ փոխանակ Հոկտեմբեր ամսու վերջին օրերուն, կը վայելենք եղանակի ընդձեռած յարմարութիւնները։ Այսպէս 30 Հոկտեմբեր կիրակի առաւօտ նախաճաշէ անմիջապէս ետք հրաժեշտ առինք մեր իջեւանած հիւրանոցէն եւ Քըրքլարէլի քաղաքէն։ Հանրաշարժը սկսաւ սուրալ բազմաշերտ կպրուղիի վրայ դէպի Էտիրնէ, կամ երբեմնի անունով Ատրիանուպոլիս։ Պիտի այցելենք հայերէն երգիծանքի մեծ վարպետ Յակոբ Պարոնեանի ծննդավայրը։ Հեզասահ ճամբորդութիւն մըն է այս, որ կը տեւէ հազիւ մէկ ժամ եւ քաղաքի մուտքին մեր դիմաց կը պարզուի Օսմանեան մշակոյթի հանճարեղ ճարտարապետ հայ ծագումով կեսարացի Սինանի գլուխ գործոցը՝ Սելիմիյէի մզկիթը։
Այդ գեղեցիկ համայնապատկերին դէմ մեր ուղեցոյցը բացատրութիւններ կը փոխանցէ մեծ ճարտարապետի ամենահասուն շրջանին կառուցած այս գեղակերտ տաճարի վերաբերեալ։
Ան կը զգուշացնէ մեզ ուշադրութիւն դարձնել մզկիթի աշտարակներուն՝ այսինքն մինարէներուն նկատմամբ։ Ճակատով որ կը մօտենանք մզկիթին մեր դիմաց յստակօրէն կը տեսնենք զոյգ մինարէները։ Ճարտարապետի հանճարեղ միտքն է այդ, որ մեծ վարպետութեամբ անտեսանելի դարձուցած է մնացեալ երկու մինարէները։ Ուղեցոյցը կը հաստատէ թէ անոնք անտեսանելի են արեւելքէն, արեւմուտքէն, հարաւէն կամ հիւսիսէն ուղղակի հայեացքներու դիմաց։ «Հազիւ քովընտի հայեացքով կը տեսնենք թէ անոնք ոչ թէ երկու, այլ չորս են»։
Բոլորս ուշադիր ենք եւ հետաքրքիր, տեսնելու համար այս գեղակերտ կառոյցը։ Բայց ափսոս քանի մը ժամ ետք մեզ սպասողը հիասթափութիւն մըն է, քանի որ մզկիթը նորոգութեան մէջ է եւ մենք այցելուներս այդ հսկայ տաճարը ընբոշխնելու համար սահմանուած ենք հազիւ սենեակի մը տարողութիւնով։
Մնացեալ բաժինները փակ են այցելուներու դիմաց։
Նախքան քաղաք մտնելը այցելած էինք Գարաաղաչ գիւղը։ Այս գիւղը ունէր հետաքրքրական պատմութիւն մը, քանի որ ան կռուախնձոր դարձած էր սահմանագծման շրջանին։ Ինչպէս յաճախ կը պատահի, Ատրիանապոլսոյ մէջ ալ սահմանը ճշդելու համար օգտուած են Մերիչ գետի ափերէն։ Միայն այս գիւղն է, որ առարկած էր այդ սահմանագծման եւ յաջողած է իր կամքը պարտադրել ներառելով Մերիչի կամ յունարէնով Էվրոսի եւ կամ պուլղարերէնով Մարիցայի երկու ափերն ալ պահել իր գիւղի սահմաններուն մէջ։ Այս յաջողութիւնը տեղ գտած է Լոզանի դաշնագրին մէջ, որու յիշատակին կոթող մը տեղադրուած է գիւղի կեդրոնին։ Գարաաղաչ գիւղի տեսարժան վայրերէն մէկն է նաեւ երբեմնի շոգեկառքի կայարանը, որ ներկայիս կը շահագործուի Թրաքիոյ համալսարանի կողմէ։
Ատրիանապոլիսը դարձեալ բազմազգի քաղաք մը եղած է։ Պատմական անցեալէն շատ քիչ նմոյշներ հասած են մեր օրերուն։
Մեր այցելութեան մասին մանրամասնութիւնները կը փոխանցենք յաջորդ թիւով։