Երեւանի մէջ մեկնարկած է «Հայկական համաշխարհային գագաթնաժողով»ը։ Այս միջոցառումը հարթակ կը դառնայ սփիւռքի ներկայացուցիչներու եւ Հայաստանի փորձագէտներու համար քննարկելու համահայկական կարեւորութիւն ունեցող խնդիրները։ Այս ծրագրին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն աւելի քան 50 երկիրներէ 600 մասնակիցներ։ Անոնք կը ներկայացնեն իրենց համայնքներուն գործունէութեան տարբեր ոլորտները, ինչպէս՝ գիտութիւն, առեւտուր, համայնքային կառոյցներ, առողջապահութիւն, կրթութիւն, ճարտարագիտութիւն, արուեստ եւ այլն։
Գագաթնաժողովին մասնակցած է նաեւ Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան։ Փայլան այս առթիւ 29 Հոկտեմբերին հանդիպում մը ունեցած էր ՀՀ Առաջին նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի հետ։ Աւելի քան երկու ժամ տեւող այս զրոյցին մասնակցած է նաեւ Առաջին նախագահի գլխավոր խորհրդական Ժիրայր Լիպարիտեան։
Կարօ Փայլան բացի Լեւոն Տէր Պետրոսեանէ, ընդունուեցաւ նաեւ Ազգային ժողովի նախագահ Ալեն Սիմոնեանի կողմէ։ Փայլան Ազգային ժողովի մէջ տեսակցեցաւ նաեւ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացի հայ բանագնաց Ռուբէն Ռուբինեանի հետ։
Կարօ Փայլանը ընդունեց նաեւ ՀՀ Նախագահ Վահագն Խաչատրեան, ուր խօսակցութեան առանցքը կազմեց Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացը։
Հայաստանեան մամուլն ալ ուշադիր հետեւեցաւ Փայլանի այցելութեան եւ կատարած շփումներուն։ Հանրածանօթ լրագրող Պետրոս Ղազարեանի «Հ1» կայանէն կատարած հաղորդումին մասնակցող Փայլան յատկապէս շեշտեց ազգային միասնութեան անհրաժեշտութիւնը մանաւանդ երկրի ներկայիս մատնուած տագնապալի օրերուն։ Ան դժգոհեցաւ «դաւաճան» մեղադրանքին այսքան շռայլօրէն սպառումին։ Փայլան Թուրքիոյ քաղաքական կեանքի փորձերէն ալ ծանօթ ըլլալով նշեց որ ազգայնականները որքան տարուած կրնան ըլլալ խաղաղութիւն պահանջողները դաւաճան հռչակելու համար։
Փայլան հանդիպեցաւ նաեւ Հայաստանի երրորդ նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ։
Շրջանառուող լուռերու համաձայն Կարօ Փայլան մերժած է Ռոբերտ Քոչարեանին հետ տեսակցելու համար Քոչարեանի մերձաւորներուն եւ դաշնակցականներուն հանդիպում կազմակերպելու առաջարկները։