Գերագոյն ատեանը մերժեց Էրտողանի թիկնապահներուն դէմ դատերը կասեցնելու դիմումը

Ուաշինկթըն, «Ռոյ­թըրզ».- Միացեալ Նա­հանգնե­րու Գե­րագոյն ատեանը Եր­կուշաբ­թի օր մեր­ժեց 2017-ին խա­ղաղ ցու­ցա­րար­ներ ծե­ծած Թուրքիոյ նա­խագահ Ռե­ճեփ Թա­յիպ Էր­տո­ղանի թիկ­նա­պահ­նե­րուն դէմ շա­րու­նա­կուող դա­տերը կա­սեց­նե­լու Ան­գա­րայի դի­մու­մը։

Քրտա­կան, հայ­կա­կան, եզի­տի, ասո­րական եւ քրիս­տո­նէական շարք մը կազ­մա­կեր­պութիւննե­րու կող­մէ մայ­րա­քաղաք Ուա­շինկթը­նի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած ցոյ­ցին մաս­նակցող­նե­րուն վրայ Էր­տո­ղանի թիկ­նա­պահ­նե­րուն վայ­րագ յար­ձա­կումնե­րուն պատ­ճա­ռով վի­րաւո­րուած էին կարգ մը ան­ձեր, որոնցմէ եր­կու խումբեր, մէ­կը՝ 15 հո­գինոց, իսկ երկրոր­դը՝ 5 հո­գինոց, դատ բա­ցին Ան­գա­րայի դէմ, մի­լիոնա­ւոր տո­լարի վնա­սուց հա­տու­ցում պա­հան­ջե­լով։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ