Ոչ կեանքը եւ ոչ ալ մահը բաժանեց քոյր ու եղբայր Թորամանները

Քոյր ու եղ­­բայր Տիգ­­րան-Ար­­տեմ Թո­­րաման ժա­­­մերու տար­­­բե­­­­­­­րու­­­թեամբ հրա­­­ժեշտ առին այս աշ­­­խարհէն։ Բժիշկ Տիգ­­­րան Թո­­­րաման 90 տա­­­րեկան էր, իսկ քոյ­­­րը Ար­­­տեմ 86։ Բնիկ Օր­­­տուցի այս քոյր ու եղ­­­բայրը իրենց քա­­­ղաքի երկրոր­­­դա­­­­­­­կան վար­­­ժա­­­­­­­րանը աւար­­­տե­­­­­­­լէ ետք միայն հա­­­մալ­­­սա­­­­­­­րանա­­­կան ու­­­սում ստա­­­նալու հա­­­մար հե­­­ռացան իրենց բնօր­­­րա­­­­­­­նէն։ Տիգ­­­րա­­­­­­­նը աւար­­­տեց Իս­­­թանպու­­­լի հա­­­մալսրա­­­նի բժշկա­­­կան բա­­­ժինը, իսկ քոյ­­­րը Ար­­­տեմ դե­­­ղագոր­­­ծա­­­­­­­կան։ Անոնք շրջա­­­նաւարտ ըլ­­­լա­­­­­­­լով վե­­­րադար­­­ձան իրենց ծննդա­­­վայ­­­րը։ Ար­­­տեմ բա­­­ցաւ «Իթի­­­մաթ» դե­­­ղարա­­­նը, որուն վե­­­րի յար­­­կին վրայ ալ եղ­­­բայրը բժիշկ Տիգ­­­րան Թո­­­րաման սկսած էր հի­­­ւանդներ ըն­­­դունիլ։ Տիգ­­­րա­­­­­­­նը աշ­­­խա­­­­­­­տեցաւ նաեւ Օր­­­տու քա­­­ղաքի պե­­­տական հի­­­ւան­­­դա­­­­­­­նոցը։ 25 տա­­­րի իբ­­­րեւ բժիշկ անվճար ծա­­­ռայեց «Օր­­­տու սփոր» մար­­­զա­­­­­­­կումբին։ Իրենց աս­­­պա­­­­­­­րէզ­­­նե­­­­­­­րուն մէջ եր­­­կուքին ալ որ­­­դեգրած սկզբունքն էր «Աղ­­­քա­­­­­­­տէն դրամ չ՚առ­­­նո­­­­­­­ւիր» կար­­­գա­­­­­­­խօսը։

Նա­­­խորդ հինգշաբ­­­թի օր բժիշկ Տիգ­­­րան Թո­­­րաման տան մէջ ան­­­հանգստա­­­ցաւ։ Քոյ­­­րը իս­­­կոյն դի­­­մեց շտա­­­պօգ­­­նութեան, բայց ար­­­դէն բժիշկ Թո­­­րաման իր հո­գին աւան­­դած էր։ Թա­­ղու­­մը կա­­տարո­­ւեցաւ իմա­­մի ձե­­ռամբ Օր­­տո­­­ւի «Չա­­քալ­­չըքմազ» գե­­րեզ­­մա­­­նատու­­նը։ Թա­­ղու­­մին մաս­­նակցող Ար­­տեմ Թո­­րաման այդ օր չ՚ու­­զեց իր բնա­­կարա­­նը գի­­շերել եւ տե­­ղաւո­­րուե­­ցաւ քա­­ղաքի կեդ­­րո­­­նական հա­­տուա­­ծի հիւ­­րա­­­նոց­­նե­­­րէն մէ­­կուն։ Յա­­ջորդ օր ան եւս ան­­հանգստա­­ցաւ եւ փո­­խադ­­րո­­­ւեցաւ հի­­ւան­­դա­­­նոց։ Սա­­կայն բժշկա­­կան մի­­ջամ­­տութիւ­­նը ար­­դիւնք մը չտո­­ւաւ եւ ան ալ իր մահ­­կա­­­նացուն կնքեց ու­­ղե­­­ղի արիւ­­նա­­­հոսու­­թեան հե­­տեւան­­քով։

Ար­­տեմ Թո­­րաման եւս իմա­­մի աղօթքնե­­րով հո­­ղին յանձնո­­ւեցաւ եղ­­բօր շի­­րիմին քով։

Այս տխուր առ­­թիւ Թուրքիոյ Հա­­յոց Պատ­­րիար­­քա­­­րանը լու­­սա­­­բանու­­թիւն մը կա­­տարե­­լով յայտնեց թէ իրենք տե­­ղեակ չեն եղած այս մա­­հերէն։ «Եթէ իմաց տրուէր Պատ­­րիար­­քա­­­րանը հո­­գեւո­­րական մը կ՚ու­­ղարկէր Օր­­տու, թա­­ղու­­մը իրենց կրօն­­քին թե­­լադ­­րած կարգ ու կա­­նոնով կա­­տարե­­լու հա­­մար» ըսուած է Պատ­­րիար­­քա­­­կան լու­­սա­­­բանու­­թեան մէջ։

Հան­­դի­­­պակաց կի­­րակի օր Ֆե­­րիգիւ­­ղի Սուրբ Վար­­դա­­­նանց Եկե­­ղեց­­ւոյ մէջ յա­­ւարտ Ս. Պա­­տարա­­գի Հո­­գեհանգստեան աղօթք կա­­տարո­­ւած է քոյր ու եղ­­բայր Թո­­րաման­­նե­­­րու հոգ­­ւոյն հա­­մար։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ