Հանրածանօթ երգիչ Պարթեւ Կարեան չորս տարի ընդհատումէ ետք կը պատրաստուի կրկին անգամ ողջագուրուելու իր ժողովուրդին հետ։
9 Նոյեմբեր չորեքշաբթի գիշեր Ֆուլեա թաղամասի Սիւլէյման Սեպա մշակոյթի կեդրոնին մէջ կայանալիք համերգին Պարթեւին կ՚ընկերակցի «Առագաստ Պենտ» նուագախումբը։ Ռոպեր Տողանայ եւ Արի Հերկել այս համերգին ալ Կարեանի անմիջական գործընկերներն են։