Մերժուեցաւ Արցախի գերիշխանութիւնը խլելու որեւէ փորձ

Կիրակի, 30 Հոկ­­տեմբե­­րին, Ար­­ցա­­­խի Հան­­րա­­­պետու­­թեան Ազ­­գա­­­յին ժո­­ղովի բո­­լոր խմբակ­­ցութիւննե­­րուն նա­­խաձեռ­­նութեամբ տե­­ղի ու­­նե­­­ցաւ ար­­տա­­­կարգ նիստ մը, որուն զու­­գա­­­հեռ Ստե­­փանա­­կեր­­տի Վե­­րած­­նունդի հրա­­պարա­­կին վրայ տե­­ղի ու­­նե­­­ցաւ բազ­­մա­­­հազա­­րանոց հան­­րա­­­հաւաք մը։

Ստե­­փանա­­կեր­­տէն եւ Ար­­ցա­­­խի զա­­նազան շրջան­­նե­­­րէ շուրջ 40,000 քա­­ղաքա­­ցինե­­րու մաս­­նակցու­­թեամբ կա­­տարո­­ւեցաւ խօ­­սուն եւ զա­­նազան ուղղու­­թիւննե­­րով պատ­­գամ փո­­խան­­ցող հան­­րա­­­հաւա­­քը, որուն ներ­­կայ եղան նաեւ Ար­­ցա­­­խի Հան­­րա­­­պետու­­թեան նա­­խագահ Արա­­յիկ Յա­­րու­­թիւնեան, ինչպէս նաեւ Ար­­ցա­­­խի Հան­­րա­­­պետու­­թեան նախ­­կին նա­­խագահ­­ներ Ար­­կա­­­դի Ղու­­կա­­­սեան եւ Բա­­կօ Սա­­հակեան ու պե­­տական անձնա­­ւորու­­թիւններ։ Այս մա­­սին ման­­րա­­­մասն տե­­ղեկու­­թիւնը կը փո­­խան­­ցէ «Ապա­­ռաժ»ը։

Սո­­չիի մէջ նա­­խատե­­սուած Ռու­­սիոյ, Հա­­յաս­­տա­­­նի եւ Ատրպէյ­­ճա­­­նի ղե­­կավար­­նե­­­րուն հան­­դի­­­պու­­մէն օր մը առաջ տե­­ղի ու­­նե­­­ցախ այս բազ­­մա­­­մարդ հան­­րա­­­հաւա­­քը կը նկա­­տուի մե­­ծագոյ­­նը 1988ի հան­­րա­­­հաւա­­քէն ետք։

Ար­­ցա­­­խի Հան­­րա­­­պետու­­թեան ար­­տա­­­քին գոր­­ծոց նա­­խարար Դա­­ւիթ Բա­­բայեան Ստե­­փանա­­կեր­­տի Վե­­րած­­նունդի հրա­­պարա­­կին վրայ ար­­ցա­­­խահա­­յերու հան­­րա­­­հաւաքն ու ներ­­կա­­­յու­­թիւնը նկա­­տեց պատ­­գամ՝ մարդկու­­թեան, մի­­ջազ­­գա­­­յին հան­­րութեան եւ զա­­նազան եր­­կիրնե­­րու։

«Իս­­կա­­­պէս, մենք ապ­­րում ենք օր­­հա­­­սական ժա­­մանակ­­ներ։ Մենք առե­­րես­­ւում ենք գո­­յաբա­­նական վտանգնե­­րի, աւե­­լին՝ ոչ միայն Ար­­ցա­­­խը, այ­­լեւ մայր Հա­­յաս­­տա­­­նը եւ Սփիւռքն են առե­­րես­­ւում նմա­­նատիպ գո­­յաբա­­նական խնդիր­­նե­­­րի, եւ նրանց ապա­­գան մե­­ծապէս կա­­խուած է ար­­ցախցուց, Ար­­ցա­­­խից՝ ձե­­զանից», ըսաւ ան՝ դի­­տել տա­­լով, որ աշ­­խա­­­տանք կայ տա­­նելիք ար­­տա­­­քին եւ ներ­­քին ճա­­կատ­­նե­­­րու վրայ։ «Ներ­­քին ոլորտնե­­րում ամե­­նակա­­րեւո­­րը պէտք է չլի­­նեն ան­­տարբեր, հէնց ան­­տարբե­­րու­­թիւնը կա­­րող է մեզ կոր­­ծա­­­նել։ Կար­­ծես թէ ամե­­նաան­­մեղ արարքն է։ Դէ ի՞նչ է կա­­խուած ին­­ձա­­­նից։ Ոչ մի բան կա­­խուած չէ մէկ մար­­դուց։ Այդպէս են մտա­­ծում ոմանք. ո՚չ, իւ­­րա­­­քան­­չիւրիցդ է կա­­խուած մեր ապա­­գան, իւ­­րա­­­քան­­չիւրիցդ է կա­­խուած՝ յաղ­­թա­­­նա՞կ է լի­­նելու, թէ՞ պար­­տութիւն։ Ինչ վե­­րաբե­­րում է ար­­տա­­­քին ոլոր­­տին, ի հա՚րկէ, մեծ աշ­­խա­­­տանք է ար­­ւում հա­­մայն հա­­յու­­թեան հետ մէկ­­տեղ։ Պէտք է լի­­նենք սկզբունքա­­յին, պէտք է տեղ տանք ար­­հեստա­­վար­­ժութեանը եւ հայ­­րե­­­նասի­­րու­­թեանը», ըսաւ Բա­­բայեան։

Ան ընդգծեց, որ անըն­­դունե­­լի է եւ պի­­տի մեր­­ժո­­­ւի որե­­ւէ առա­­ջարկ, փաս­­տա­­­թուղթ, որ­­մով Ար­­ցա­­­խը պի­­տի նկա­­տուի իբ­­րեւ Ատրպէյ­­ճա­­­նի մաս։

«Տար­­բեր եր­­կիրնե­­րու եւ մի­­ջազ­­գա­­­յին կա­­ռոյցնե­­րու կող­­մէ նման առա­­ջարկներ ներ­­կա­­­յաց­­նե­­­լու պա­­րագա­­յին, զա­­նոնք պի­­տի դի­­տար­­կենք իբ­­րեւ մի­­ջազ­­գա­­­յին իրա­­ւունքի կոպ­­տա­­­գոյն խախ­­տում։ Հա­­ւատա­­ցէ՚ք, որ ի վի­­ճակի ենք պաշտպա­­նել Ար­­ցա­­­խը։ Ու­­նինք այդ նե­­րու­­ժը, որ մեզ­­մէ իւ­­րա­­­քան­­չիւրին մէջ է։ Պէտք չէ հա­­ւատանք, եթէ ըսեն, որ մենք ի վի­­ճակի չենք մեզ պաշտպա­­նելու», ըսաւ Բա­­բայեան ՝ շեշ­­տե­­­լով, որ իւ­­րա­­­քան­­չիւրէն կա­­խուած է՝ ըլ­­լա­­­լու այն ար­­ժա­­­նապա­­տիւ ու սկզբունքա­­յին սե­­րունդը, որ ան­­կախ բո­­լոր դժո­­ւարու­­թիւննե­­րէն պի­­տի կա­­րենայ փրկել Ար­­ցա­­­խի հո­­ղակ­­տո­­­րը։

Ան բարձր գնա­­հատեց Ռու­­սիոյ դե­­րակա­­տարու­­թիւնը շրջա­­նին մէջ խա­­ղաղու­­թեան եւ կա­­յու­­նութեան պահ­­պանման ու խա­­ղաղա­­պահ բարդ առա­­քելու­­թեան իրա­­կանաց­­ման առու­­մով։ «Երբ մենք ասում ենք, որ Ռու­­սաստանն ու ռուս ժո­­ղովուրդը եղ­­բայրա­­կան են, ի լուր աշ­­խարհի ու­­զում ենք յայ­­տա­­­րարել, որ դա ուղղուած չէ որե­­ւէ այլ պե­­տու­­թեան դէմ։ Մենք նման իրա­­ւունք չու­­նենք, որով­­հե­­­տեւ ու­­նենք Սփիւռք։ Հե­­տեւա­­բար եկէք բռունցքո­­ւենք, հա­­մախմբո­­ւենք, եր­­բեք չյու­­սա­­­հատո­­ւենք», եզ­­րա­­­փակեց Բա­­բայեան։

Ար­­ցա­­­խի Ազ­­գա­­­յին ժո­­ղովի «Հայ Յե­­ղափո­­խական Դաշ­­նակցու­­թիւն» խմբակ­­ցութեան ղե­­կավար Ար­­թուր Մո­­սիյեանի հաս­­տա­­­տեց, որ մե­­ծաթիւ հան­­րա­­­հաւա­­քին պատ­­գա­­­մը յստակ է՝ ար­­ցա­­­խահա­­յու­­թիւնը պատ­­րաստ է տէր կանգնե­­լու ազատ եւ ան­­կախ ապ­­րե­­­լու իր իրա­­ւունքին, ինչպէս շուրջ երեք տաս­­նա­­­մեակ առաջ Ար­­ցա­­­խի ազ­­գա­­­յին-ազա­­տագ­­րա­­­կան շարժման օրե­­րուն։ Ան շեշ­­տեց, որ շատ բան փո­­խուած է այդ թո­­ւակա­­նէն, սա­­կայն ան­­փո­­­փոխ մնա­­ցած է ար­­ցախցիին կամ­­քը եւ վճռա­­կանու­­թիւնը՝ տէր կանգնե­­լու իր պատ­­մութեան, իրա­­ւունքնե­­րուն, եկե­­ղեցի­­ներուն, շի­­րիմ­­նե­­­րուն, հա­­զարա­­ւոր նա­­հատակ հե­­րոս­­նե­­­րու արեամբ սրբա­­գոր­­ծո­­­ւած հո­­ղին եւ հայ­­րե­­­նիքին։

«44 օրեայ աղէ­­տալի պա­­տերազ­­մից յե­­տոյ մեր եր­­կի­­­րը կանգնել է նոր իրո­­ղու­­թիւննե­­րի եւ մար­­տահրա­­ւէր­­նե­­­րի առաջ։ Ադրբե­­ջանի ղե­­կավա­­րը յայ­­տա­­­րարում է, որ Լեռ­­նա­­­յին Ղա­­րաբա­­ղի խնդիր չկայ, իրենք լու­­ծել են այն։ Մի­­ջազ­­գա­­­յին տար­­բեր դե­­րակա­­տար­­նե­­­րի կող­­մից շրջա­­նառ­­ւում են տար­­բեր փաս­­տաթղթեր, տար­­բե­­­րակ­­ներ, որոնց հիմ­­քում ըն­­կած են ոչ այնքան մի­­ջազ­­գա­­­յին իրա­­ւունքի հա­­մամարդկա­­յին նոր­­մե­­­րը (չա­­փանիշ­­նե­­­րը), այ­­լեւ տար­­բեր ու­­ժա­­­յին կեդ­­րոննե­­րի տա­­րածաշրջա­­նային շա­­հերը։ Այդպի­­սի քննար­­կո­­­ւող փաս­­տաթղթե­­րից մէ­­կը վեր­­ջին օրե­­րին ՀՀ Ազ­­գա­­­յին ժո­­ղուում պատ­­ռո­­­ւեց մեր գոր­­ծընկե­­րոջ կող­­մից, այո՚, մենք փաս­­տում ենք, որ անըն­­դունե­­լի, պատռման եւ շպրտման են­­թա­­­կայ է իւ­­րա­­­քան­­չիւր փաս­­տա­­­թուղթ, ում կող­­մից էլ այն ներ­­կա­­­յացո­­ւած լի­­նի, որն Ար­­ցա­­­խը կը նե­­րառի Ատրպէյ­­ճա­­­նի կազ­­մում, որով­­հե­­­տեւ դա պա­­րու­­նա­­­կում է 21-րդ դա­­րում նոր ցե­­ղաս­­պա­­­նու­­թեան կամ Ար­­ցա­­­խի հա­­յաթափ­­ման վտանգ։

Այս ամէ­­նը թոյլ չտա­­լու հա­­մար կայ մէկ ճա­­նապարհ՝ հա­­մախմբո­­ւենք, դառ­­նանք մէկ բռունցք եւ տէր կանգնենք մեր իրա­­ւունքնե­­րին։ Սա եր­­կա­­­րատեւ պայ­­քա­­­րի ճա­­նապարհ է։ Հայ ժո­­ղովրդից առա­­ւելեոչ մէ­­կը չգի­­տի խա­­ղաղու­­թեան ար­­ժէ­­­քը։ Իրա­­կան խա­­ղաղու­­թեան հաս­­նե­­­լու հա­­մար պէտք է հրա­­ժարո­­ւել խա­­ղաղու­­թեան պատ­­րանքից։ Պէտք է ձեր­­բա­­­զատուել թոյ­­լի, ան­­ճա­­­րակի, ար­­հեստա­­կանօ­­րէն սեր­­մա­­­նուող կոմպլեքսնե­­րից (բար­­դոյթնե­­րէ) ու մարդկան­­ցից։ Յա­­ջողու­­թեան կը հաս­­նենք միայն մեր իրա­­ւունքնե­­րի հա­­մար ան­­նա­­­հանջ պայ­­քա­­­րող հա­­մահայ­­կա­­­կան նե­­րու­­ժով եւ Ար­­ցախ-Հա­­յաս­­տան-Սփիւռք եռա­­միաս­­նութեամբ», շեշ­­տեց Մո­­սիյեան։

Հայ Առա­­քելա­­կան եկե­­ղեց­­ւոյ Ար­­ցա­­­խի թե­­մի առաջ­­նորդ Վրթա­­նէս եպս. Աբ­­րա­­­համեան հաս­­տա­­­տեց, որ խորհրդան­­շա­­­կան հա­­ւաքը վառ ապա­­ցոյցն է այն իրո­­ղու­­թեան, որ ար­­ցա­­­խեան շար­­ժումը աւար­­տած չէ եւ կը շա­­րու­­նա­­­կէ նոր շեշ­­տադրու­­մով։

Ըստ անոր՝ այ­­սօր Ար­­ցա­­­խի կող­­քին ըլ­­լալ՝ կը նշա­­նակէ ըլ­­լալ ար­­դա­­­րու­­թեան եւ քա­­ղաքակրթու­­թեան կող­­քին. այս է բա­­նալին Ար­­ցա­­­խի հար­­ցի լուծման՝ կանգնիլ ազ­­գե­­­րու ինքնո­­րոշ­­ման քա­­ղաքա­­կիրթ ձե­­ւաչա­­փի կող­­քին։

«Իրա­­պէս դուք հե­­րոս ժո­­ղովուրդ էք. այ­­սօր դուք մի կողմ էք թո­­ղել ձեր բո­­լոր տե­­սակի անձնա­­կան նե­­ղու­­թիւններն ու դժո­­ւարու­­թիւննե­­րը եւ եկել էք այստեղ՝ Ստե­­փանա­­կեր­­տի Վե­­րածննդի հրա­­պարակ՝ ձեր հե­­րոս նախ­­նիննե­­րի սրբա­­զան կան­­չով, ով­­քեր սկսե­­ցին ար­­ցա­­­խեան շար­­ժումը, որը յե­­տոյ դար­­ձաւ պայ­­քար ու գո­­յամարտ, որ­­պէսզի ցոյց տայ հա­­մայն հա­­յու­­թեանը, որ Ար­­ցա­­­խը ապ­­րում է եւ պի­­տի ապ­­րի, քան­­զի աւե­­տարա­­նական խօս­­քի հա­­մաձայն՝ մեր այոն այո է. եւ ոչը՝ ոչ։ 1988թ. ան­­կա­­­խու­­թեան այոն մնում է այժմէական եւ աւե­­լի զօ­­րեղ։ Որ­­պէսզի այն դառ­­նայ հա­­մախմբող ողջ հա­­յու­­թեան հա­­մար, պի­­տի դառ­­նայ հո­­գու ճիչ՝ ան­­տարբե­­րու­­թիւնից հա­­նելու շա­­տերին եւ ճշմա­­րիտ ճա­­նապար­­հից շե­­ղուած­­նե­­­րին յետ դարձնե­­լու, դառ­­նայ առ Աս­­տո­­­ւած աղերս՝ փրկու­­թեան եւ յա­­ւեր­­ժութեան», հաս­­տա­­­տեց ան՝ աւելցնե­­լով. «Մենք կեան­­քի եւ մա­­հուան պայ­­քա­­­րի մէջ ենք, եւ մեր ապ­­րե­­­լու իրա­­ւունքը փոր­­ձում են որո­­շել առանց մեզ։ Այ­­սօր Ար­­ցա­­­խի հար­­ցի լուծման միայն ու միայն մէկ տար­­բե­­­րակ կայ՝ ազատ ու ինքնո­­րոշո­­ւած Ար­­ցախ։ Ահա այս հա­­մոզու­­մով է, որ մենք ար­­դէն իսկ 30 եւ աւե­­լի տա­­րիներ ասում ենք՝ այո՚ ինքնո­­րոշ­­մա­­­նը»։

Ար­­ցա­­­խի Ազ­­գա­­­յին Ժո­­ղովի յայ­­տա­­­րարու­­թիւնը

Ար­­ցա­­­խի Հան­­րա­­­պետու­­թեան Ազ­­գա­­­յին ժո­­ղովը 30 Հոկ­­տեմբե­­րին գու­­մա­­­րած ար­­տա­­­հերթ իր նիս­­տին որ­­դեգրեց հե­­տեւեալ յայ­­տա­­­րարու­­թիւնը.

«Վեր­­ջին մի քա­­նի ամիս­­նե­­­րի զար­­գա­­­ցումնե­­րը, տար­­բեր՝ ու­­ժա­­­յին կեդ­­րոննե­­րի եւ մի­­ջազ­­գա­­­յին կազ­­մա­­­կեր­­պութիւննե­­րի՝ ադրբե­­ջանայ-ղա­­րաբա­­ղեան հա­­կամար­­տութեան կար­­գա­­­ւոր­­ման հե­­ռան­­կարնե­­րի Ար­­ցա­­­խի ապա­­գայի հետ կա­­պուած յայ­­տա­­­րարու­­թիւններն ու հնչե­­ցուած դիր­­քորոշումնե­­րը լուրջ մտա­­հոգու­­թիւն են առա­­ջաց­­րել Ար­­ցա­­­խում եւ հա­­մայն հա­­յու­­թեան շրջա­­նակ­­նե­­­րում։

Ար­­ցա­­­խի Հան­­րա­­­պետու­­թեան Ազ­­գա­­­յին ժո­­ղովը, ար­­տա­­­յայ­­տե­­­լով Ար­­ցա­­­խի ժո­­ղովրդի հա­­ւաքա­­կան կամ­­քը, հարկ է հա­­մարում այս բախ­­տո­­­րոշ ժա­­մանա­­կահա­­տուա­­ծում ի լուր աշ­­խարհի ար­­ձա­­­նագ­­րել եւ փաս­­տել հե­­տեւեալը.

- Ար­­ցա­­­խը եր­­բեք չի եղել եւ չի լի­­նելու ան­­կախ Ադրբե­­ջանի կազ­­մում։ Հէնց այս գա­­ղափա­­րը պէտք է լի­­նի ադրբե­­ջանայ-ղա­­րաբա­­ղեան հա­­կամար­­տութեան կար­­գա­­­ւոր­­ման հիմ­­քում։

- Ցան­­կա­­­ցած փորձ՝ Ար­­ցա­­­խը բռնակ­­ցե­­­լու Ադրբե­­ջանին, կը հան­­դի­­­սանայ մի­­ջազ­­գա­­­յին իրա­­ւունքի կոպ­­տա­­­գոյն խախ­­տում, հայ ժո­­ղովրդի նոր ցե­­ղաս­­պա­­­նու­­թեան իրա­­գործման պաշ­­տօ­­­նական ար­­տօ­­­նագիր, հե­­տեւա­­բար նման բո­­վան­­դա­­­կու­­թեամբ փաս­­տաթղթե­­րը Ար­­ցա­­­խի Հան­­րա­­­պետու­­թեան հա­­մար անըն­­դունե­­լի են։

Վե­­րահաս­­տա­­­տելով, որ մեր բո­­լոր յա­­ջողու­­թիւննե­­րի ու ձեռքբե­­րումնե­­րի եւ պե­­տակա­­նաշի­­նու­­թեան առանցքա­­յին հիմ­­քե­­­րից է հան­­դի­­­սանում Հա­­յաս­­տան-Ար­­ցախ-Սփիւռք եռա­­միաս­­նութիւ­­նը՝ Ար­­ցա­­­խի Հան­­րա­­­պետու­­թեան Ազ­­գա­­­յին ժո­­ղովը յայ­­տա­­­րարում է.

- Հա­­յաս­­տա­­­նի Հան­­րա­­­պետու­­թեան ոչ մի իշ­­խա­­­նու­­թիւն իրա­­ւունք չու­­նի հրա­­ժարո­­ւելու Ար­­ցա­­­խի ժո­­ղովրդի անվտան­­գութիւնն ապա­­հովե­­լու առա­­քելու­­թիւնից կամ ըն­­դունե­­լի հա­­մարե­­լու որե­­ւէ փաս­­տա­­­թուղթ, որ­­տեղ ինքնիշ­­խան Ար­­ցա­­­խի Հան­­րա­­­պետու­­թեան գո­­յու­­թիւնը կաս­­կա­­­ծի տակ կը դրո­­ւի։ Պա­­հան­­ջում ենք Հա­­յաս­­տա­­­նի Հան­­րա­­­պետու­­թեան իշ­­խա­­­նու­­թիւննե­­րից՝ մի­­ջազ­­գա­­­յին հար­­թակնե­­րում հան­­դէս գալ հայ­­կա­­­կան եր­­կու հան­­րա­­­պետու­­թիւննե­­րի միաս­­նա­­­կան շա­­հերը պաշտպա­­նելու դիր­­քե­­­րից՝ հիմք ըն­­դունե­­լով առ­­կայ հիմ­­նա­­­րար փաս­­տաթղթե­­րը, մաս­­նա­­­ւորա­­պէս՝ Հա­­յաս­­տա­­­նի Հան­­րա­­­պետու­­թեան Ան­­կա­­­խու­­թեան հռչա­­կագի­­րը եւ Գե­­րագոյն խորհրդի 1992 թո­­ւակա­­նի Յու­­լի­­­սի 8ի պատ­­մա­­­կան որո­­շու­­մը։

- Կոչ ենք անում աշ­­խարհաս­­փիւռ հա­­յու­­թեանը՝ շա­­րու­­նա­­­կել սա­­տարել Ար­­ցա­­­խին, պաշտպա­­նել Ար­­ցա­­­խի ժո­­ղովրդի իրա­­ւունքնե­­րը եւ շա­­հերը տար­­բեր երկրնե­­րում եւ մի­­ջազ­­գա­­­յին ատեան­­նե­­­րում՝ հա­­մակող­­մա­­­նի նպաս­­տե­­­լով Ար­­ցա­­­խի Հան­­րա­­­պետու­­թեան ճա­­նաչ­­ման գոր­­ծին։

- Ար­­ցա­­­խի Հան­­րա­­­պետու­­թիւնը կողմնա­­կից է կա­­յուն խա­­ղաղու­­թեանը եւ, հե­­տեւա­­բար, նաեւ խա­­ղաղու­­թեան պայ­­մա­­­նագ­­րի ստո­­րագրմա­­նը մի­­տուած քայ­­լե­­­րին, սա­­կայն հան­­րա­­­պետու­­թեան իշ­­խա­­­նու­­թիւննե­­րը պէտք է վե­­րապա­­հու­­մով մօ­­տենան Ադրբե­­ջանի Հան­­րա­­­պետու­­թեան տա­­րած­­քա­­­յին ամ­­բողջա­­կանու­­թեան ճա­­նաչ­­մա­­­նը՝ հա­­շուի առ­­նե­­­լով ադրբե­­ջանայ-ղա­­րաբա­­ղեան հա­­կամար­­տութեան չկար­­գա­­­ւորուած լի­­նելու հան­­գա­­­ման­­քը։

- Մեզ հա­­մար անըն­­դունե­­լի է Ար­­ցա­­­խի Հան­­րա­­­պետու­­թեան ինքնիշ­­խա­­­նու­­թիւնը, մեր ինքնո­­րոշ­­ման իրա­­ւունքը եւ դրա իրաց­­ման փաս­­տը կաս­­կա­­­ծի տակ դնող ցան­­կա­­­ցած փաս­­տա­­­թուղթ եւ առա­­ջարկ, քա­­նի որ այն չի ար­­տա­­­ցոլում պատ­­մաիրա­­ւական իրո­­ղու­­թիւննե­­րը։ Մի­­ջազ­­գա­­­յին հան­­րութիւ­­նը պար­­տա­­­ւոր է յար­­գել ար­­ցա­­­խահա­­յու­­թեան պա­­հան­­ջը, քան­­զի այն հա­­մապա­­տաս­­խա­­­նում է մի­­ջազ­­գա­­­յին իրա­­ւունքի հիմ­­նա­­­րար սկզբունքնե­­րին եւ կա­­նոն­­նե­­­րին։

- Հա­­շուի առ­­նե­­­լով Ռու­­սաստա­­նի պատ­­մա­­­կան դե­­րակա­­տարու­­թիւնը մեր տա­­րածաշրջա­­նում խա­­ղաղու­­թեան եւ կա­­յու­­նութեան ապա­­հով­­ման գոր­­ծում եւ, մաս­­նա­­­ւորա­­պէս, նա­­խայար­­ձակ Ադրբե­­ջանի կող­­մից մեզ պար­­տադրո­­ւած 2020 թո­­ւակա­­նի 44օրեայ պա­­տերազ­­մի դա­­դարեց­­մանն ան­­ձամբ Ռու­­սաստա­­նի Դաշ­­նութեան նա­­խագահ Վ. Պու­­տի­­­նի ան­­մի­­­ջական եւ գոր­­ծուն մաս­­նակցու­­թիւնը՝ դի­­մում ենք Ռու­­սաստա­­նի Դաշ­­նութեանը՝ Ար­­ցա­­­խի ժո­­ղովրդի անվտան­­գութիւնն ապա­­հովե­­լու յանձնա­­ռու­­թիւնը շա­­րու­­նա­­­կելու խնդրան­­քով։ Այն ամ­­րապնդե­­լու նպա­­տակով առա­­ջար­­կում ենք հա­­շուի առ­­նե­­­լով Ար­­ցա­­­խի ժո­­ղովրդին սպառ­­նա­­­ցող գո­­յաբա­­նական իրա­­կան վտանգնե­­րը՝ ներդնել քա­­ղաքա­­կան եւ ռազ­­մա­­­կան լրա­­ցու­­ցիչ մե­­քանիզմներ (գոր­­ծի­­­քակազ­­մեր)։

- Մեր պայ­­քա­­­րը շա­­րու­­նա­­­կական է, դիր­­քո­­­րոշու­­մը՝ ան­­փո­­­փոխ եւ ար­­տա­­­յայ­­տում է աշ­­խարհաս­­փիւռ հա­­յու­­թեան հա­­ւաքա­­կան կամքն ու ամ­­բողջու­­թեամբ բխում է Ար­­ցա­­­խի Հան­­րա­­­պետու­­թեան Ազ­­գա­­­յին ժո­­ղովի 2022 թո­­ւակա­­նի Ապ­­րի­­­լի 14-ի յայ­­տա­­­րարու­­թեամբ նա­­խան­­շուած սկզբունքնե­­րից»։

(Աս­­պա­­­րէզ)

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ