ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ
«Ես չգիտեմ, ո՞ւր են տանում հեռաւոր, ուղիներու ժապաւէնը անհամար»։ Ի տարբերութիւն հանրածանօթ երգի բառերուն, մենք՝ աւելի քան 40 ուղեւորներս, երբ կը բարձրանայինք հանրաշարժի աստիճանները, գիտէինք թէ դէպի ուր կ՚երթանք։
Հոկտեմբեր ամիսը՝ որ ուղեւորութիւններով սկսած էր, այդպէս ալ աւարտին հասաւ երկրի բոլորովին տարբեր դիմագիծ պարզող քաղաքները շրջելով։
Նախորդ ամսու առաջին շաբաթավերջին, մեր բարեկամ ու տարեկից զոյգի հետ այցելած էինք Թուրքիոյ հարաւարեւելեան շրջանի՝ Միջագետքի երկու կարեւոր քաղաքները, Ամիտա, կամ ինչպէս կ՚ըսեն թուրքերը՝ Տիյարպեքիր, կամ ինչպէս կ՚ըսենք հայերս՝ Տիգրանակերտ, եւ Մարտին։
Պատմական հարուստ անցեալ ունեցող երկու քաղաքներէն առաջինի մէջ կը տիրէր քրտական, իսկ երկրորդին մէջ ասորական ոգի մը։
Քանի որ թերթիս նախորդ թիւերուն մէջ անդրադարձանք այդ ուղեւորութեան մեր մօտ թողած տպաւորութիւններուն, այժմ խօսինք այս վերջին ճամբորդութեան մասին։
Եթէ առաջին շրջագայութեան միայն երկու զոյգեր էինք, այս անգամ Սայաթ Նովա երգչախումբի շրջանակէն աւելի քան 12 ամուսիններ, որ ներառեալ ընտանեկան պարագաները, 28 շունչով մեծամասնութիւն կը կազմէինք 50 ճամբորդի տարողութիւն ունեցող հանրաշարժին մէջ։
Առաւօտուայ կանուխ ժամերուն մեկնարկող ուղեւորութեան առաջին կանգառն էր Քըյըգէօյ։ Տեղանուններ կան, որոնք առաջին իսկ պահուն կը յայտնեն իրենց շինծու կոչումը։ Այդպիսին է Քըյըգէօյը, որ տեղանուններու թրքացման հոսանքին մէջ փոխարինած է բնակավայրի երբեմնի «Միտյէ» կոչումին։ Թէ ուլականջ յիշեցնող այդ անուան ծագումը ուրկէ՞ կու գայ, չէ պարզուած։ Հիմնականին յոյնաբնակ այս աւանի մէջ մահմետականներու երկու մզկիթին փոխարէն քրիստոնեաներ ունեցած են 6 եկեղեցիներ, 2 առաջնորդարան, 2 վանք եւ 5 գերեզման։ Այսօր այդ անցեալէն մեր օրերուն հասած է լքուած ժայռափոր վանք մը միայն։
Անցեալին ձկնորսութեամբ զբաղողներու փոխարէն ներկայիս Միտյէի բնակիչներու հիմնական ապրուստի միջոցը զբօսաշրջութիւնն է։ Բնակավայրի մուտքին մեզ սպասող առաջին հաճելի անակնկալը, դպրոցականներու ֆանֆարի երթն էր, որ կը վերադառնար 29 Հոկտեմբերի Հանրապետութեան տօնի միջոցառումէն։ Այստեղ կարճատեւ սուրճի դադար մը կատարելէ ետք ուղուեցանք դէպի ճամբորդութեան երկրորդ վայրը՝ Իղնէատա։
Սեւ Ծովու թրքական ափերու արեւմտեան ծայրամասն է Իղնէատա պատմական վայրը։ Հանդիպակած կողմը Պուլղարիոյ ծովափն է։ Այս շրջագայութեան ընթացքին ունէինք նաեւ պաշտօնական ուղեցոյց մը, որուն վկայութեամբ Իղնէատա անուանումն ալ աղաւաղումն է Ինէ Պէյ անուն զօրավարին, որու միջոցաւ աւանը առաջին անգամ կցուեցաւ Օսմանեան կայսրութեան։
Իղնէատա ունի նաեւ բնական առանձնայատկութիւն մը՝ որն է «Լոնկոզ»ը, այսինքն ջրամոյն անտառը։ Բուսականութեան մօտ 500 տեսակներով այս խիտ անտառի ծառերու արմատները միշտ ջուրի մէջ են, իսկ գարնան ու ձմրան ամիսներուն ջուրի մէջ կը մնան նաեւ ծառերու բուներն ալ։ 30-35 մեթր բարձրութեան հասնող խիտ ծառերով այս անտառը կը յուշէ նաեւ տխուր պատմութիւններ, որոնք զգուշօրէն կ՚անտեսէ մեր ուղեցոյցը։ Օրինակի համար, չի յիշեր թրքերէն գրականութեան անուանի դէմքերէն Սապահատտին Ալիի այս անտառի մէջ գաղտնի գործակալութեան վարձկան ոճրագործի ձեռքով սպանութիւնը։
Հազիւ յետմիջօրէին կը հասնինք ձկնեղէնի ճաշարանը, ուր կը մատուցեն այս շրջանի ձկնորսներուն ապահոված տեսականին։
Օրը խաւարած էր, երբ մեր հանրաշարժը կանգ կ՚առնէր Քըրքլարէլի քաղաքի կեդրոնը, արդիաշունչ «Ռոյալ Պիլկիչ» հիւրանոցի դարպասը։
Խոստուանինք թէ, մանաւանդ սենեակներ բարձրանալէ ետք տիրող ընդհանուր համոզումով, հիւրանոցը իր հանգստաւէտ սենեակներով ու ճաշակաւոր կահոյքով բաւականին վեր էր ակնկալուածէն։
Ընթրիքէ ետք միայն խումբի երիտասարդներն էին, որ կը դիմադրէին օրուայ յոգնութեան եւ հիւրանոցի ընդունարանի դահլիճին մէջ կը շարունակէին իրենց մտերմիկ զրոյցը։
Աւարտած էինք երկօրեայ շրջագայութեան առաջին փուլը։ Յաջորդ օր դարձեալ բեռնաւորուած էր նոր յայտնութիւններ խոստացող ծրագրով մը, որուն կ՚անդրադառնանք մեր յաջորդ համարով։