Թուրքիոյ Բժիշկներու կաճառի նախագահ փրոֆ. Շեպնեմ Քորուր Ֆինճանճը 26 Հոկտեմբեր չորեքշաթի առաւօտուայ ժամերուն բերման ենթարկուեցաւ։
Թուրքիոյ Մարդու իրաւունքներու հիմնարկի յայտարարութեան համաձայն փրոֆ. Ֆինճանճը նախ Գատըգիւղի նաւամատոյցի ոստիկանական կեդրոն եւ ապա իր դէմ յարուցուած հարցաքննութեամբ բերմամբ Անգարա կ՚ուղարկուի։ Դատախազութիւնը նաեւ կը պահանջէ Շեպնեմ Քորուր Ֆինճանճըի Թուրքիոյ Բժիշկներու կաճառի նախագահութեան պաշտօնին վերջ տրուիլը։
Թուրքիոյ Բժիշկներու կաճառն ալ յայտարարութիւնով մը մեղադրեց կատարուած գործողութիւնը եւ յայտարարեց որ ընդմիշտ իրենց նախագահին կողքին պիտի ըլլան։
Նոյն բնոյթով յայտարարութիւն մըն ալ տուաւ Թուրքիոյ մարդու իրաւունքներու հիմնարկը, քանի որ փրոֆ. Ֆինճանճը այդ հիմնարկի վարչութեան անդամն էր նաեւ։
Այս ծիրէն ներս «թուիթըրեան» գրառում մը ունեցաւ Մարդու իրաւունքներու միութեան համանախագահ փաստաբան Էրեն Քեսքին. «Շեպնեմ Քորուր Ֆինճանճը բերման ենթարկուեցաւ։ Դատական բժշկութեան մասնագէտ մը, Թուրքիոյ Բժիշկներու կաճառի նախագահը, այն որ պարզ հրաւէրով մը կրնար դատախազին ներկայանալ, բերման ենթարկուեցաւ։ Բերման ենթարկուած լրագրողներ եւ Շեպնեմ Քորուր Ֆինճանճը ձեզ երբեք անտէր չենք թողուր»։ գրած է Էրեն Քեսքին։
«Մետիա Հապեր» հեռուստակայանին հարցումներու պատասխանող Շեպնեմ Քորուր Ֆինճանճը Թրքական բանակին գործողութիւններու ընթացքին քիմիական զէնքեր օգտագործելու վերաբերեալ կարծիքներ յայտնած էր։ Ան նշած էր որ միջազգային համաձայնութիւնները կը պարտադրեն գիտնականներու այս լուրերու մասին ուսումնասիրութիւն կատարելը։
Յիշենք որ Փրոֆ. Ֆինճեանճը 2014-ին արժանացած էր Հրանդ Տինք մրցանակին։