16Հոկտեմբերին Օրթագիւղի եկեղեցւոյ թաղականութեան համար կատարուած ընտրութեան արդիւնքէն ետք, այժմ ուշադրութիւնները ուղղուած են անցեալին բանավէճի նիւթ դարձած կարգ մը թաղականութիւններու ընտրութեան խնդրին։
Արդարեւ Պիւյիւքտերէի Սուրբ Հռիփսիմեանց Եկեղեցւոյ թաղականութիւնը 19 Դեկտեմբերին ընտրութիւն կատարելու համար դիմում կատարած է Վաքըֆներու շրջանային տնօրէնութեան։
19 Դեկտեմբերը երկուշաբթի է եւ այս երեւոյթը պատճառ դարձաւ որ զանազան ընտրողներ բողոք ներկայացնեն Շրջանային տնօրէնութեան։ Այդ բողոքներու հիման վրայ ընտրութեան օրը փոխուելով ճշդուեցաւ կիրակին։
Յիշենք թէ նախապէս նման զեղծարարութիւն մը կատարուած էր տխրահռչակ Տիգրան Գէորգեանի ձեռամբ, Պալատի Սուրբ Հրեշտակապետ Եկեղեցւոյ թաղականութեան ընտրութեան ժամանակ։ Այս պահուն, երբ համարեա բոլոր թաղականութիւնները կարգաւ կը յայտարարեն ընտրութեան թուականներ, Պէյօղլուի Սուրբ Երրորդութիւն Եկեղեցին կը շարունակէ լռութիւն պահել։
Յիշենք որ Սուրբ Երրորդութեան թաղականութեան ատենապետ Սիմոն Չեքեմ 18 Յունիս թուականին պետական պաշտօնաթերթի մէջ հրապարակուելով ուժի մէջ մտած փոքրամասնութեանց հաստատութիւններու ընտրութիւններու մասին կանոնագրի դէմ դատարան դիմած էր զայն չեղեալ համարելու պահանջով։
Յայտնի է թէ Սիմոն Չեքեմ պիտի ուզէ մինչեւ վերջին պահը ձգձգել դիմում կատարելու պարտադրանքը։