Ցեղասպանագէտներու միջազգային ընկերակցութեան (The International Association of Genocide Scholars-IAGS) գործադիր մարմինը 24 Հոկտեմբերին վաւերացուց «Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Հարաւային Կովկասի բնիկ հայերուն դէմ ատրպէյճանական յարձակման մասին» յայտարարութիւնը, որ հրապարակուեցաւ նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի Դիմատետրի էջին վրայ։ Այս մասին կը տեղեկացնէ «Արմէնփրէս»։
Յայտարարութեան մէջ կը նշուի, որ ընկերակցութիւնը խստօրէն կը դատապարտէ Ատրպէյճանի ներխուժումը Հայաստանի ինքնիշխան տարածքը եւ շարունակուող յարձակումը Արցախի դէմ`մտահոգութիւն յայտնելով, որ Արցախի ժողովուրդը կանգնած է ցեղասպանութեան վտանգին դէմ յանդիման։
Ցեղասպանութեան վտանգը վերացնելու նպատակով, Ցեղասպանագէտներու միջազգային ընկերակցութեան գործադիր մարմինը կոչ կ՛ուղղէ՝
- Միջազգային հանրութեան եւ ակադեմական ու մշակութային կազմակերպութիւններուն` դատապարտելու Ատրպէյճանի բռնութիւնը եւ ատելութեան խօսքը Հայաստանի դէմ եւ ձեռնարկելու բոլոր անհրաժեշտ միջոցներուն՝ ստիպելու Ատրպէյճանին՝ դադրեցնել ռազմական գործողութիւնները եւ ատելութեան խօսքը Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի բնիկ հայերուն դէմ։
- Ատրպէյճանին՝ կատարելու ՄԱԿ-ի Արդարադատութեան միջազգային դատարանի 7 Դեկտեմբեր 2021ի որոշումը։
- Ատրպէյճանին՝ ետ քաշելու իր զօրքերը Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքէն եւ յարգելու արցախահայութեան ինքնորոշման իրաւունքը, որ երաշխաւորուած է Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան կանոնադրութեամբ (Գլուխ I, յօդուած 2)։
– Միջազգային հանրութեան` զսպելու Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի մենատիրական վարչակարգը, որ պատասխանատու է Սեպտեմբեր 2020-էն սկսեալ Հայաստանի եւ հայերուն դէմ կատարուած յարձակումներուն (յանցագործութիւններ՝ խաղաղութեան դէմ), ռազմական յանցագործութիւններուն եւ մարդկութեան դէմ յանցանքներուն համար։