Մահ՝ Հալիթ Քըվանչի

Թուրքիոյ ձայ­­նասփիւ­­ռի եւ հե­­ռուստա­­ցոյ­­ցի անո­­ւանի հա­­ղոր­­դա­­­վար ու խօս­­նակ Հա­­լիթ Քը­­վանչ մա­­հացաւ 97 տա­­րեկան հա­­սակին։

Քը­­վանչ ծնած էր 1926 թո­­ւակա­­նին։ Աւար­­տած էր Իս­­թանպու­­լի հա­­մալ­­սա­­­րանի իրա­­ւաբա­­նու­­թեան բա­­ժինը։ Կարճ ժա­­մանակ իբ­­րեւ փաս­­տա­­­բան եւ դա­­տաւոր աշ­­խա­­­տելէ ետք ամ­­բողջո­­վին նո­­ւիրո­­ւեցաւ մա­­մու­­լի աշ­­խարհին։

Ան շա­­տերուն ծա­­նօթ էր ռա­­տիոյի մի­­ջոցաւ ֆութպո­­լային մրցումնե­­րը փո­­խան­­ցե­­­լու յա­­տուկ տա­­ղան­­դով*։ Պատ­­կե­­­րալից այդ պատ­­մե­­­լաոճի շնոր­­հիւ մար­­դիկ ռա­­տիօ ըն­­կա­­­լուչնե­­րու դի­­մաց կ՚ապ­­րէին մար­­զա­­­դաշ­­տի մէջ ըլ­­լա­­­լու նման յու­­զումներ։Հա­­լիթ Քը­­վանչ հե­­ղինա­­կած էր բազ­­մա­­­թիւ գիր­­քեր, որոնք իր ան­­ցած կեան­­քի վե­­րաբե­­րեալ յու­­շագրու­­թեան բնոյթ ու­­նէին։

«Ակօս»ի եւ Հրանդ Տինք հիմ­­նարկի կա­­մաւոր աշ­­խա­­­տակից­­նե­­­րէն Իւ­­միթ Քը­­վանչ որ­­դին էր Հա­­լիթ Քը­վան­չի։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ