Որոշ ժամանակ է որ կ՚աշխատինք Ամիտա Մարքսական դպրոցի մը հիմնադրութեան։ Կը գիտակցինք թէ նման նախաձեռնութիւն կը պահանջէ երկարատեւ եւ քայլ առ քայլ ու կայուն աշխատանք։ Բոլոր ոլորտներէ ներս արտադրութեան հեռանկարով Ամիտայէն տիեզերականին, տիեզերքէն Ամիտային հայցող, տեղականին ու տիեզերականին փոխադարձ ազդեցութիւնը հիմք ունեցող, նաեւ գործնականին հետ առնչուած ճանապարհ մը որդեգրած ենք։ Որովհետեւ վերածումը, խորհուրդը խօսքով կ՚սկսի եւ հետզհետէ կենցաղի կը վերածուի։ Այս տեսլականով կ՚ուզենք Ամիտայէն մեր ներդրումը բերել համաշխարհային արտադրական աւազանին։
ա- Ամիտայի Մարքսական դպրոցի կառուցման ընթացքին մեր գլխաւոր մէկնակէտերն են՝
Նախ ծանրանալ գաղափարներու վերարտադրման...Գաղափարները կը զարգանան, կը հասուննան, կը ծերանան եւ օրը կու գայ, նոր տեսլականով կը վերարտադրուին։
Բոլոր հաստատումները եւ խորհուրդները սերտօրէն կապուած են զարգացման, փոփոխման եւ վերարտադրման հանգրուանները շաղկապող տիալեքթիկ կանոնին։ Անվիճելի ճշմարտութիւն է Մարքսի «յաւելեալ արժէք»ի մասին տեսութիւնը։ Բայց ան ալ ունի իր ուժի մէջ մնալու ժամկէտը։ Եթէ համաշխարհային մասշտապով կարելի ըլլայ գերազանցել դրամապաշտութիւնը, պիտի վերանայ նաեւ յաւելեալ արժէքի կեղեքումը եւ այս տեսութիւնն ալ անցեալի յատուկ ճշմարտութեան մը պիտի վերածուի։
Բացի գաղափարներէ՝ պետութիւն, ազգ, ընկերային դասակարգեր, կորիզային ընտանիք, ներկայացուցչական ժողովրդավարութիւն, կուսակցութիւն, արհմիութիւն եւլն. պատմութեան ընթացքին կերպարանափոխուելով իմաստազուրկ կը դառնան։ Որովհետեւ բոլոր հաստատումները, ընկալումները եւ գաղափարները յարափոփոխ են։ Այդ պատճառաւ ալ կ՚ապրինք հինցող- մաշուող հաստատումներուն զուգահեռ վերարտադրութիւններու անսպառ հոսքը։ Կարելի չէ յառաջանալ փոխուող պայմաններուն դիմադրելով։ Աշխարհ զգլխեցուցիչ արագութեամբ կ…ապրի փոփոխութիւնը։ Առանց այս իրողութիւնը իւրացնելու, կարելի չէ պատմութիւն կերտել։
բ- Աշխարհ հետզհետէ փոքրիկ գիւղի մը կը վերածուի։ Երկրագունդի վրայ հեռու- մօտ, մեծ- փոքր, մեծ քաղաք- գաւառ տարբերութիւնները կը կորսնցնեն իրենց կարեւորութիւնը։ Զարգացող հաղորդակցութեան եւ փոխազդեցութեան ցանցերու շնորհիւ որեւէ վայր կրնայ աշարհի կեդրոնը դառնալ։ Աշխարհը իր նպատակներուն յարմար կերպով փոխել ցանկացողները ուր որ ալ ըլլան, կրնան միասնոթիւն մը կազմել։ Ուր որ ալ ըլլանք, կարող ենք աշխարհը հասկնալու, բնութագրելու եւ մեկնաբանելու։
Ինչպէս իւրաքանչիւր վայր, Ամիտա եւս կեդրոն մըն է։ Աշխարհի փիլիսոփայական, գիտական, արուեստական, գաղափարական, քաղաքական վերարտադրութեան առանցքներէն մէկն ալ Ամիտան կրնայ ըլլալ։ Պէտք է ըլլայ։ Այս հաստատումը համաշխարհային մշակոյթի օրրանէն, մշակոյթի եւ գիտութեան ծիլ արձակած առաջին վայրերէն, Միջագետքէն, Քիւրտիստանէն կը յայտարարենք։
գ- Երկու հարիւրամեայ ժամանակակի կոմունիստ շարժումի փորձով կ՚ըսենք թէ Մարքս- Էնկելսի պատրաստած Կոմունիստական Հռչակագիրը, գլխաւորութեամբ յաւելեալ արժէքի կանոնին, իր հիմնական հաստատումներով ու նպատակներով կը շարունակէ ուժի մէջ մնալ։ Կը լուսաւորէ դրամապաշտութենէ դէպի համայնավարութեան հասնող ճանապարհը։ Որքան ատեն որ վերջնականապէս չէ յաղթահարուած դրամապաշտ դրութիւնը, Կոմունիստ Հռչակագիրը իր հիմնական կէտերով պիտի շարունակէ ուժի մէջ մնալ։ Պարտինք նշել թէ դրամապաշտ համակարգն ալ 1850-ական թուականներէ այս կողմ տիալեքթիկ կանոններու բերմամբ մեծ փոփոխութիւններ ապրած է։ Այդ փոփոխութիւնները յարատեւ են։ Բոլոր ոլորտներուն ապրուած փոփոխութիւններու համապատասխան զարգացումներով, արտադրութեան վերակազմութիւնն ալ նոյն տիալեքթիկ կանոններու հրամայականն է։
դ- Ի դարու յեղափոխական համայնավար շարժումները ԺԹ դարը չկրկնելով յառաջընթաց ունեցան։ ԻԱ դարու փիլիսոփայական, տեսլական, գաղափարախօսական, քաղաքական, արուեստական շարժումներն ալ չեն կրնար կրկնել Ի դարու փորձերը։ Ստիպուած են նոր լուծումներ գրառել պատմութեան։ Այս մերձեցումով, առանց կոմունիստական մեր արմատներուն հետ բախուելու, կը նպատակադրենք արտադրութեան յարատեւութիւնը։ Մարդկութեան, աշխատուժին քաղաքկրթութեան երթը Ամիտայէն Քեփ Թաուն, Գահիրէյէն Մոսկուա, Փարիզէն Ուաշինկթըն վերակառուցման հոգերը կ՚ապրուի։ Մենք ալ կ՚ուզենք այդ հոգերը բաժնել Ամիտայէն։ Քիւրտիստանէն մեկնելով կ՚ուզենք մասնակցիլ նոր աշխարհը կառուցողներուն։
ե- Կեանքի փորձով կը տեսնենք թէ աշխարհի անցուդարձները Մարքսական լուսարձակի տակ քննելու անհրաժեշտութիւնը վաղուց կը թակէ բոլորիս դռները։
Փիլիսոփայութինը, արուեստը, տնտեսութիւնը, պետութիւնը, ազգը, ընտանիքը, քաղաքականութիւնը, կազմակերպութիւնը, բոլորին ալ գոյութեան հրամայականը յարափոփոխ են։ Սակայն կը նկատենք թէ կոմունիստ շարժումի մէջ յաճախ կը կրկնուին «Ընկեր .... կ՛ըսէ թէ» կաղապարով սկսող նախադասութիւնները։ Նման երեւոյթի կը հանդիպինք արուեստի եւ փիլիսոթայութեան ոլորտներու մէջ ալ։ Համայնավարներ նման կրկնաբանութեան հետեւանքով կ՚օտարանան համաշխարհային գետնի վրայ ծաւալող բանուորական շարժումներու դիմաց։
Ինքնակրկնոթիւնը յաղթահարելու համար Ամիտայի Մարքսիստ Դպրոցը Մարքսական վարդապետութեան ասիական, ափրիկեան, ամերիկեան, եւրոպական, ռուսական կամ հնդկական մեկնաբանութիւններուն հետ փոխադարձ հաղորդակցութիւնով մտադիր է քրտական մեկնաբանութիւն մը ներկայացնելու։ Եթէ կ՚ուզենք աշխարհը եւ Քիւրտիստանը վերակազմել, պարտաւոր ենք դարուն գիտակցութիւնով զինուած մարդուժով սովորականը յաղթահարելու։
Համաշխարհային տեսլական- գաղափարախօսական մարքսիստական կառոյցներու հետ յաղորդուելով կ՚ուզենք Քիւրտիստանի մէջ Մարքսիզմի վերարտադրութինը ապահովել։ Այս գործընթացի մէջ գիտութեան եւ մշակոյթի օրրան Միջագետքի տարածգին դասակարգային- հասարակական ազատատենչ պայքարներու զուգահեռ, Քիւրտ եւ այլ ճնշուած ու կեղեքուած ժողովուրդներու ազգային պայքարը եւս կը բերենք մեր շարժման օրակարգին։
զ- Դրամապաշտ համակարգի մատնուած խոր ճգնաժամը երեք բաղադրիչներ ունի։ Առաջինը օրըստօրէ խորացող գոյութեան ճգնաժամն է։ Երկրորդը՝ գերազանց աճող հարստութեան դիմաց խոտոր համեմատութիւնով ծաւալող աղքատութիւնը եւ երրորդն ալ էգոլոկիական ճգնաժամը։
Դրամապաշտ համակարգը ԻԱ դարուն մատնուած է գոյակցութեան ճգնաժամի։ Պետութիւն, ազգ, ներկայացուցչական ժողովրդավարութիւն, կորիզային ընտանիք, բանուոր դասակարգ եւլն.-ի պարտադրանքները գոհացնելէ հեռու է։ Մինչեւ օրս իր դէմ ծառացող ճգնաժամերը կը յաղթահարէր համապատասխան լուծումներով, բայց հակասութիւններու խորացման դիմաց նոր լուծումներ ճարելու կարողութիւնն ալ սպառած է։
է- Բնապահպանական ճգնաժամը հետեւանքն է դրամապաշտ համակարգի բնական պաշարները անյագօրէն շահագործելուն։ Իւրաքանչիւր բնական դրութիւն ունի իր պաշարներու սահմանը։ Ստորերկրեայ հանքեր, հողը, ջուրը, օդը եւ կենսազանազանութիւնը սահմանափակ աղբիւրներ են։ Չափազանցուած որսը, ծառահատումը եւ գոյացած աղբը դրամապաշտ արտադրութեան արդիւնքներն են։ Բնութեան պաշարները գերազանցող «արտադրէ- սպառէ» կարգախօսը բնապահպանման համաշխարհային խնդիրներու ծնունդ տուաւ։ Ջրի, հողի, օդի եւ կենսական նիւթերու բնավայրերուն ապականումով յայտնուեցան միջազգային կառոյցներ եւ համաձայնութիւններ։ Վերջապէս դրամապաշտ դրութիւնն ալ ստիպուեցաւ ընդունիլ բնութեան ոչնչացման վտանգը։
Ներկայիս «Բնական պաշարներու յարատեւ օգտագործումը» ընկալումը եւս կը փաստէ բնութեան սպառման վտանգը։ Բնապահպանման խնդիրներու հանդէպ նոր մերձեցումներ զարգացնելու պատասխանատուութիւնը եւս կը վիճակի Մարքսիստներու։ Բնապահպանումը եւ ապրելու արժանի միջավայրի պահանջը Քիւրտիստանի համար ալ կենսակամն նշանակութիւն ունի։
ը- Արտադրութեան մէջ կենդանի ուժին բանուոր րոպոթներու փոխադրուելով կ՚աշխուժանայ մարդկային կեանքը դիւրացնող պայմանները։ Գիտութեան ցանցերու վրայ հենած տնտեսութիւնը կը ձեւաւորէ նաեւ յետդրամապաշտական շրջանի հասարակական պայմանները։
Ճարտարագիտական առաջին յեղափոխութիւնը ապրուեցաւ շոգիի ուժով եւ հանքածուխի ուժանիւթով։ Յաջորդեց երկրորդը, որուն բնորոշիչն էր քարիւղը եւ ելեկտրականութիւնը։ Ինքնագործ արտադրութեան, հեռահաղորդակցութեան, ստորերկրեայ պաշարներուն զուգահեռ քամիի եւ արեգակի ուժանիւթ ըլլալով օգտագործման հետ հասանք ճարտարագիտական գ. յեղափոխութեան։ Այժմ հասած ենք չորրորդ հանգրուանին, որ կը ներկայանայ թուայնացումով։ Արտադրութեան բոլոր հանգրուաններուն կը տիրէ ընդհանուր ցանցը։
Ուրեմն փոփոխման եւ վերածման գործընթացը խորն է ու ծաւալուն։ Քաղքենիութիւնը զուրկ է այս հոսանքը կասեցնելու։ Պատմական հոսքը բոլոր արգելքները յաղթահարելով կը յառաջանայ եւ արմատական յեղափոխական փոփոխութեան տանող բոլոր գործօններուն կը թելադրէ նոր ուղղութիւն։ Ահաւասիկ փիլիսոփայական, տեսլական, գաղափարախօսական, արուեստական արտադրութեան նոր դաշտը։
Երբ դրամապաշտ համակարգի առումով այս բոլորը կ՚ապրուին, արմատական փոփոխութեան խթանը հանդիսացող համաշխարհային կոմունիստ շարժումը կ՚ապրի իր պատմութեան ամենատկար շրջանը։ Այս կղպանքէն ազատելու համար միակ միջոցն է գործնական վերանորոգումը։ Այլ կերպ հետիոտն պիտի մնանք մեծ թափով վազող պատմութեան ետին։
Թ- Ամիտայի Մարքսիստ Դպրոցը նպատակադրած է բոլոր հաստատումներուն եւ գործընթացներուն մասին քննադատական հետազօտութիւն։ Այսպէս գիտութիւն, փիլիսոփայութիւն, արուեստ, իշխանութիւն, գաղափարախօսութիւն, քաղաքականութիւն, կնոջ խնդիրներ, պետութիւն, ազգ, ժողովրդավարութիւն, անհատ, ազատութիւններ, գաղութատիրութիւն, պատերազմ, կայսերապաշտութիւն, նոր գաղութատիրութիւն, ազգային պետութիւն, բնապահպանութիւն, հողամշակում, դրամապաշտութիւն, համայնավարութիւն, համաշխարհայնացում, գերզգայնականութիւն, կուսակցութիւն, կազմակերպութիւն, կարգապահութիւն, կեդրոնականացում, երկնաւոր կրօններու հանդէպ հաւատ, անաստուածութիւն, անհաւատութիւն...Այո, ամէն նիւթ քննադատական- հետազօտական ուսումնասիրութիւններու եւ վերարտադրութեան խնդիրներն են։
Ժ- Ամիտայէն մեկնելով երկիրը, տարածքաշրջանը, աշխարհը ընկալել, մեկնաբանել, փոխել ուզող բոլորին կոչ կ՚ընենք Ամիտայի Մարքսիստ Դպրոցին ուղղակի կամ անուղղակի կերպով հաղորդուելու։ ԱՄԴ կ՚երաշխաւորէ բոլոր միջավայրերուն հաղորդ խորհրդակցութեան գետին մը ըլլալ։
23 Հոկտեմբեր 2022