ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ
Ինչպէս որ Մարտին երթալու համար հարկադրուած էինք նախ Ամիտա այցելել, նոյնը պատահեցաւ ետդարձի ճանապարհին։ Այսպէս երկուշաբթի երեկոյեան հասանք այն նոյն հիւրանոցը, ուր իջեւանած էինք նախքան Մարտին մեկնիլ։ Ետդարձի ճամբու ընթացքին այցելած էինք նաեւ «Պէյազսու» անուն զբօսավայրը, ուր անգամ մը եւս առիթը ունեցանք Մերձաւոր արեւելքի յատուկ կենցաղը ապրելու։ Փոխանակ աթոռներու, այցելուներ այստեղ կը հանգստանան բազմոցներու վրայ, որոնք շարուած են գետնասեղաններու շուրջ։ Խոստովանինք որ մեզ՝ իւրաքանչիւրս կեայնքի 60 տարիները ետին թողածներուս համար շատ ալ դիւրին չէր թուեր ծալապատիկ նստիլ, մատուցողները մեզ առաջնորդեցին սեղանի մը շուրջ, որ ունէր նաեւ եթէ ոչ աթոռներ, գոնէ նստարաններ։
Մերձաւոր արեւելեան կենցաղը յիշեցնողը փոքրիկ աւազանն էր, որուն մէջ անընդհատ կը դառնար ջաղացքի ջարխ մը, միայն միապաղաղութիւնը փառատելու նպատակաւ։ Զովասուն այդ զբօսայգիի մէջ կը հնչէր քամանչակերպ նուագարան մը եղող «ռեպապ» նուագող քրտախօս գնչու պատանիներու երգը, մերթ թրքերէն, մերթ քրտերէն լեզուներով։
Նախապէս ճշդած էինք երեկոյեան ծրագիրը։ Ամիտայի մեր առաջին գիշերը, տեղացի բարեկամներու հետ մեկտեղուած «Համրաւաթ» ճաշարանի սեփականտէրը, ծագումով հայ Մեթին, լսելով մեր ծրագրի մասին, հրաւիրած էր մեզ այս նոյն վայրը, պահը կրկին ըմբոշխնելու համար։
Այսպէս Ամիտայի մեր վերջին գիշերը դարձեալ համախմբուեցանք շուրջ տասնեակ մը բարեկամներով։ Այս անգամ մեր սեղանակիցները նախորդ հանդիպման բացակայածներն էին, որոնք իրենց անհատական արգելքներով չէին կրցած մասնակցիլ նախորդ մէկտեղման։ Բայց տիրող ոգեւորութիւնը նախորդին կրկնութիւնն էր, մանաւանդ որ այս անգամ մեզի հետ էին սիրելի Ստեփանը եւ իր երգիչ բարեկամներիը։ Մեզի միացած էր նաեւ Սուրբ Կիրակոս եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդէն Յովհաննէս Կաֆֆուր եւ իր դուստրը։
Սեղանի այդ ջերմ մտերմութեան մէջ, երբ բոլորս մտած էինք խոր զրոյցներու, կամ միաբերան կ՚ընկերակցէինք Ստեփանի երգերուն, Մեթին դէմքին յայտնուած գոհունակութեան ժպիտով մը լուռ կը սուզէր շուրջբոլորը։ Կը'զգայինք իր հոգեվիճակը։ Ան ուրախ էր մեր ներկայութենէն։ Իբրեւ հիւրընկալ կը վայելէր իր սարքած սեղանին վրայ մեր ուրախութիւնը։
Դժուար էր հրաժեշտի պահը։ Բոլորս տարուած էինք տիրող մթնոլորտէն։ Տակաւին որքա՜ն երկար զրուցելու նիւթեր ունէինք կուտակուած։ Բայց ժամացոյցը կ՚ազդարարէր թէ յաջորդ օրը բոլորս ունինք մեր աշխատանքները։ Ճարահատութեան մէջ յայտնուեցաւ փրկարար միջոցը, որն էր անմահացնել պահը։ Տրուած ըլլալով թէ Զմիւռնիոյ թռիչքը առաւօտուայ բաւականին կանուխ ժամու է, գիշերուայ աւարտին, խմբովին նկարուելէ ետք հրաժեշտ տուինք մեր զմիւռնացի ընկերներուն։
Քանի որ պիտի ճամբորդէինք գիշերուայ թռիչքով, որոշած էինք վերջին օրը տրամադրել Ամիտայի այնքան հրապուրիչ շուկայէն գնումներ կատարելու։ Ծանօթ ասացուածք է՝ «Խորհուրդ մարդկանց, կամք Աստուծոյ»։ Նախ խոստովանինք որ Ամիտայի մէջ մեր ոտքերը ակամայ կ՚ուղղուին երկու հասցէներու, Սուրբ Կիրակոս եկեղեցւոյ շրջափակը եւ թոքի խորոված մատուցող խոհանոցներ։
Երբեմնի խոնարհած Սուրբ Կիրակոս եկեղեցին այժմ իր վերակառուցուած տաճարի կամարներուն տակ կ՚արժանանայ շաբթու բոլոր օրերուն հազարաւոր այցելուներու ուշադրութեան։ Ան իր այս առաքելութեամբ կը յիշեցնէ Պոլսոյ նշանաւոր Սուրբ Անթուան եկեղեցին, ուր եկեղեցւոյ ծուխը այցելուներու բազմութենէն կը դժուարանայ պաշտամունք կատարելու։ Հոս եւս գործադրուած է նման կանխամիջոց եւ խորանի մօտ նստարանները ժապաւէններով մեկուսացուած են հասարակ այցելուներու դիմաց։ Աւելին՝ թաղական խորհրդի կարգադրութեամբ եկեղեցւոյ մէջ ընդմիշտ կը հնչէ հայ հոգեւոր երաժշտութեան ընտիր օրինակներ։ Երաժշտութիւնը ինքնին արգելք կը դառնայ տաճարը շրջողներու բարձրաձայն խօսակցութեան, քանի անոնցմէ ոմանք արդէն իսկ հմայուած են երաժշտութենէ եւ վերացած կը տարուին իրենց ներքնաշխարհի մեզի անծանօթ, բայց հաստատ որ բարի խորհուրդներուն։
Այս այցելութեան առթիւ հանդիպեցանք նաեւ թաղական խորհրդի ատենապետ պարոն Էրկիւն Այըքի։ Իրմէ լսեցինք մեր Մարտին մեկնած օրուայ երեկոյեան այս բակին մէջ կատարուած Մառալ Այվազի գերազանց յաջող համերգի մանրամասնութիւնները։
Այդ պահուն էր որ հնչեց բջջային հեռախօսը եւ մեր տեղացի բարեկամներէն, Տիճլէ համալսարանի դասախօս Ազիզ Եաղան իմաց տուաւ քիւրտ գրականութեան անուանի վիպագիր Մեհմետ Ուզունի մահուան տարելիցի առթիւ Մարտինգաբու գերեզմանատան մէջ հոգեհանգիստի եւ ապա «Զերզաւան» սրճարանի մէջ կայանալիք յիշատակման միջոցառումը։
Իսկոյն մտաբերեցի Հրանդ Տինքի բարեկամ վիպագիր Մեհմետ Ուզունը, որ երբ Շուետի բժիշկներ ճարահատութիւն յայտնեցին անողոք հիւանդութեան դիմաց, որոշած էր հայրենի երկրի մէջ դիմաւորել հոգեհան հրեշտակի այցելութիւնը։
Մասնակցեցանք ոգեկոչման հանդէսին, ուր Ուզունի ընտանիքի անդամներու կողքին փութացած էին քաղաքի քիւրտ մտաւորականութեան անուանի անունները։
Խմբագրի պատասխանատուութեամբ միշտ տարակուսած եմ նման գրութիւնները թերթի էջերուն տեղադրելու պահուն։ Արդեօք արծարծուած նիւթերը որքանո՞վ կը հետաքրքրէ մեր ընթերցողը։ Այդ մտահոգութեամբ կ՚աւարտեմ այս յօդուածաշարքը, քաջ գիտնալով թէ տակաւին շատ թանաք կը սպառենք Միջագետքի անցուդարձերու մասին։