13տարուայ ընդհատումէ մը ետք կայացաւ համայնքային հաստատաութիւններու առաջին ընտրութիւնը, որու հետեւանքով իշխանափոխութիւն արձանագրուեցաւ Օրթագիւղի թաղական խորհուրդի հաշուոյն։
Ընտրուած նոր կազմը գլխաւորող Սարգիս Չեթինքայա «Ակօս»ի թղթակցին յայտնեց թէ իրենց առջեւ ծառացած գլխաւոր պարտականութիւնը պիտի ըլլայ Տոլափտերէի մէջ Ղալաթիոյ եկեղեցւոյ հողամասին վրայ նոր շինութեան ձեռնարկել։
«Խոստում մըն էր, որը իրականացնելու համար պիտի սպասենք ընտրութեան արդիւնքներու պաշտօնական վաւերացումը։ Ապա իսկոյն պիտի ձեռնարկենք կառուցողական աշխատանքին» ըսաւ Սարգիս Չեթինքայա։
Միւս կողմէ նախկին ատենապետ Իսքենտեր Շահինկէօզ ալ իր կարգին յաջողութիւն մաղթեց նորընտիր վարչութեան եւ յայտնեց թէ նման ծառայութեան ամենաբնական երեւոյթն է մրցակցութիւնը եւ ինք ուրախ է որ համերաշխութեան մէջ կատարուած է ընտրութեան գործընթացը։