Նախորդ ուրբաթ երեկոյ Պարթընի Ամասրա գաւառի հանքածուխի հանքին մէջ պատահած ստորերկրեայ կազի պայթումով 41 հանքափորներ զոհուեցան։ Դէպքի վայր փութացող նախագահ Էրտողան աղէտը վերագրեց ճակատագրի։ «Մենք՝ որ կը հաւատանք ճակատագրին, կը գիտակցինք թէ այս ոչ առաջինն է եւ ոչ ալ վերջինը պիտի ըլլայ»։ Նախագահ Էրտողանի այս ելոյթը յիշեցուց նաեւ անոր անցեալին, 301 հանքափորներու մահուան պատճառ դարձած Սոմայի աղէտէն ետք ըսածները։ Այդ ժամանակ ալ նման պայթումները հանքագործութեան բնազդը ըլլալով ներկայացնող Էրտողան, երբեք նիւթ չունեցաւ կանխարգելիք միջոցներու գործադրման մէջ արձանագրուած թերութիւնները։
Միւս կողմէ զոհուած հանքափորներու ընտանիքները եւ զանազան հասարակական կազմակերպութիւններ այս աղէտը կը բնութագրեն ոճիր ըլլալով։ Այս շրջանակները կը նշեն թէ աշխարհի զանազան երկիրներէ ներս քարածուխի արտադրութիւն կը կայանայ, նոյնիսկ շատ աւելի մեծ քանակութիւնով ածուխ կ՚արտադրուի, բայց մեզ նման մարդկային մեծ կորուստներ չեն արձանագրուիր։
Իրաւապաշտպան Տիրեն Ճեւահիր Շեն «Ակօս»ին բացատրութիւններ տուաւ տեղւոյն վրայ նկատածներուն մասին։ Ան նշեց թէ բացի զոհուած 41 հանքափորներէ, 11 վիրաւորեալներ ալ կը դարմանուին մեծ քաղաքներու հիւանդանոցներուն մէջ։ Իրաւապաշտպանի վկայութիւնով կրօնական աղանդերու ներկայացուցիչներն ալ եկած են դէպքի վայրը եւ իրենց քարոզչութեան համար առիթէն օգտուելու կը ջանան։