Քարլ Մարքսի վարդապետութինը մինչեւ օրս կը շարունակէ այժմէական մնալ մարդկային պատմութեան եւ յատկապէս ալ ընկերային դասակարգերու մասին իր վերլուծումներով։ Սակայն ընկերային կեանքի յարափոփոխ պայմաններուն մէջ մարքսական գաղափարախօսութեան հաստատումներն ալ վերատեսութիւն կը պահանջեն եւ նոր մեկնաբանութիւններու կը կարօին։
Այս քննարկումները իրականացնելու միտումով մեկնարկած նախաձեռնութիւնը 23 Հոկտեմբերին Ամիտայի մէջ կը յայտարարէ իր կազմութեան հռչակագիրը։ Քրտերէն, թրքերէն, արաբերէն, հայերէն եւ անգլերէն լեզուներով պատրաստուած հռչակագրի մէջ կը շեշտուի Մարքսիստ տեսութեան ներկայ մարտահրաւէրներու դիմաց պարզած նոր մեկնաբանութիւնները։ Սոյն հռչակագիրը պիտի հրատարակուի նաեւ «Ակօս»ի յաջորդ համարի էջերուն։