15Հոկտեմբերի 2022 թ-ին, Վենետիկ Սուրբ Ղազար կղզի մէջ «Օրօրա» համաշխարհային մարդասիրական ամենամեայ եօթերորդ մրցանակը շնորհուած է մանկավարժ, իրավապաշտպան, «Նուռ» կրթութեան եւ կարողութիւններու զարգացման կազմակերպութեան (NECDO) հիմնադիր Ճամիլա Աֆղանիին, որ իր կեանքի 25 տարին նուիրած է Աֆղանստանի կանանց կրթութեան հնարաւորութիւն տալու գործին։
Դափնեկրի մեծարանքի միջոցառումները, որոնք կը կրեն բարեգործական բնոյթ, կ՚անցկացուին Իտալիայի Վենետիկ քաղաքը Հոկտեմբերի 14-16-ին։ Մինչեւ 2021 թուականի Օգոստոսը «Նուռ» կրթութեան եւ կարողութիւններու զարգացման կազմակերպութիւնը ունէր աւելի քան 100.000 կին շահառու, որոնք ընդգրկուած էին գրագիտութեան ծրագիրերուն։ Եւ այս՝ շնորհիւ բազմաթիւ համայնքներուն ստեղծուած փոքր կենդրոններու, որոնք կը ղեկավարէին կանայք։ Կազմակերպութիւնը նաեւ իրավաբանական օգնութիւն եւ ընկերայ-հոգեբանական աջակցութիւն կը տրամադրէ աւելի քան 10.000 կնոջ, որոնք բռնութեան ենթարկուած են ընտանիքի անդամի կամ զուգընկերոջ կողմէ։ Ստիպուած ըլլալով փախչել Աֆղանստանէն՝ Ճամիլան կը շարունակէ օգնել միւսներուն՝ անկախ հեռաւորութենէն։
Երբ թալիբները զաւթեցին երկրի իշխանութիւնը, Ճամիլա Աֆղանին ստիպուած էր լքել հայրենիքը, բայց ան երբեք չէ հրաժարած իր հայրենակիցներէն։ Այսօր ալ անոր կազմակերպութիւնը կը շարունակէ աջակցիլ Աֆղանստանի կանանց եւ խոցելի ընտանիքներուն՝ լոյս սփռելով կրթութեան անհասանելիութեան, ընտանեկան բռնութեան եւ այլ ժամանակակից խնդիրներու վրայ, որոնց այսօր կը բախուին կանայք։ Միաժամանակ ան ֆինանսական օգնութիւն կը տրամադրէ իրավապաշտպաններուն, լրագրողներուն եւ փաստաբաններուն։
Ամէն տարի «Օրօրա» մարդասիրական նախաձեռնութիւնը կը շնորհէ «Օրօրա» մրցանակը՝ Հայոց ցեղասպանութիւնը վերապրողներու անունով՝ ի երախտագիտութիւն անոնք փրկողներուն։ Դափնեկիրը կը ստանայ 1.000.000 ԱՄՆ դոլար պարգեւ եւ հնարաւորութիւն՝ շարունակելու նուիրատուութեան շղթան՝ աջակցելով կազմակերպութիւններու, որոնք կ՚օգնեն կարիքի մէջ գտնուողներուն։ Որպէս 2022 թուի «Օրօրա» մրցանակի դափնեկիր՝ Ճամիլա Աֆղանին կ՚աջակցի Խաղաղութեան եւ ազատութեան կանանց միջազգային լիգային եւ «Նուռ» կրթութեան եւ կարողութիւններու զարգացման կազմակերպութեան։ Խաղաղութեան եւ ազատութեան կանանց միջազգային լիգան իր անդամներու կողմէ ղեկավարուող միջազգային կազմակերպութիւն է, որ կը ձգտի խթանելու համաշխարհային խաղաղութիւն՝ հանդէս գալով յանուն զինաթափման, բռնութեան վերացման, կանանց իրաւունքներու եւ սեռային հաւասարութեան։ Իսկ «Նուռ» կրթութեան եւ կարողութիւններու զարգացման հասարակական կազմակերպութիւնը մարդասիրական աջակցութիւն կը տրամադրէ Աֆղանստանի կանանց, երիտասարդներուն եւ երախաներուն, անոնց կ՚ընձեռէ զարգացման հնարաւորութիւն։