Մեզ անհրաժեշտ են արմատական յոյս եւ անդրազգային համերաշխութեան բոլորովին նոր գործելակերպներ՝ 21-րդ դարուն առաջադէմ ընկերական փոփոխութիւններու համար։
ՎՈՒՐԱԼ ԷՕԶՏԵՄԻՐ/ԹՈՐՈՆԹՕ
Թարգմանիչ՝ Արթուն Կեպենլիօղլու
Արուեստն ու գրականութիւնը, որոնք կը բորբոքեն առաջադէմ հասարակական շարժումները, ունին գաղտնի գործօն բաղադրիչ՝ փոփոխութեան մշտական յոյս։ Յոյսը կը կանխէ հանրային քնափութիւնը եւ կենդանի կը պահէ քննադատական միտքն ու քաղաքական զբաղմունքը։ Յոյսը 21-րդ դարու դաժանութիւններու, իրական քաղաքականութեան (realpolitik) եւ ինքնակալներու դիմադրութեան ձեւ մըն է։
Բայց ինչպէ՞ս յոյսը վառ պիտի պահենք բազմաթիւ ճգնաժամերու պայմաններուն։ Դիտարկենք, օրինակ, կլիմայական արտակարգ իրավիճակները, պսակաձեւ ժահրը եւ այլ կենդանաբանական վարակիչ բռնկումները, որոնք կենդանիներէն կ՚անցնին մարդկանց եւ կը բոցավառուին եսապաշտութեամբ, ամբոխապաշտ ինքնակալներու վերելքը, քննադատական կրթաթոշակները թուլցնող խստացած նորազատական համալսարանները եւ աշխատանոցները, որոնք ապրանքի պիտակ կպցնելով բոլորին եւ ամէն ինչքի, սպառնալիք կը դառնան ապրելի մոլորակի մը հնարաւորութիւններու դէմ։ Ժողովրդավարութեան եւ ազատութիւններու համար, աւելի քան պատմութեան հին ժամանակներու, մեզ անհրաժեշտ են 21-րդ դարուն մտածելու եւ յոյս սերմանելու արմատական նոր ձեւեր։
Տեղական եւ անդրազգային փոխօգնութեան նախագիծերու միջոցով յուսադրող ակնկալիքներ զարգացնելը արմատական ժողովրդավարութեան եւ հասարակական փոփոխութիւններու վերաբերեալ ակնկալիքները իրագործելի դարձնելու կրնայ նպաստել։ Փոխադարձ օգնութիւնը, սակայն, չսահմանափակել տնտեսական համերաշխութեամբ։ Երբեմն փոխօգնութիւնը լաւ ունկնդիր մը ըլլալ ու ուրիշին ականջ կտրել եւ միասին հաց կոտրել կը նշանակէ։ Էմի Քիյոմային հետ կատարուած հարցազրոյցին մէջ Թամմի Քիմը կը նշէ, որ «փոխօգնութիւնը կարող է նշանակել ընթրիք, քաղաքական բանավէճ, ապաստարան որեւէ մէկ բռնարարէն, բողոքի ցոյցեր, շքեղ կոշիկներ, մանկական խնամք կամ տաք լոգանք»։ Այլ ժամանակներուն՝ փոխադարձ օգնութիւնը կը նշանակէ նոր տեսութիւն եւ կիրառութիւններ փնտռել բացայայտելու համար յեղափոխական քաղաքականութեան այդ խուսափողական բաղադրիչը՝ արմատական յոյսը։
Յոյսը ունի կենսաբանութիւն
Յոյսը պարզապէս վերացական դրական ակնկալիք մը չէ, որը կը նստի մեր ականջներու միջեւ։ Դեղօրայքի մշակման եւ ջղաբանութեան հետազօտութիւնները ցոյց կու տան, որ բառերը եւ ապագայի վերաբերեալ մեր ակնկալիքները կ՚իշխեն մեր վրայ եւ կը փոխեն մեր ուղեղի տարրաբանութիւնն եւ օրկաններու գործառութիւնները։ Եթէ մենք կ՚ակնկալենք աւելի լաւ ապագայ, քան ներկան, կարող ենք աւելի մեծ հաւանականութիւն ունենալ ճշգրտիւ անոր հասնելու համար։ Ընդհակառակը, եթէ մենք կ՚ակնկալենք մութ ապագայ, կը մեծացնենք այդ մռայլ ապագայի հաւանականութիւնը։
Այլ խօսքով, ոչ միայն «մենք այն ենք, ինչ որ կ՚ուտենք», ինչպէս կ՛ըսեն սննդաբանները, այլեւ «մենք այն ենք, ինչ կ՚ակնկալենք եւ կը պատկերացնենք ապագայի մասին» ուղեղի կենսաբանութեան առումով։
Յոյսի կենսաբանութիւնը կը նմանի ինքնիրագործող մարգարէութեան, որու համաձայն դրական ակնկալիքները իրապէս կը ձեւաւորեն մեր ուղեղի տարրաբանութիւնը՝ հնարաւորութիւն տալու համար այդ ապագային։ Յոյսի եւ դրական սպասումներու կենսաբանութիւնը վաղուց յայտնի է դեղերի մշակման ոլորտին, բայց կը մնայ «անյայտ» միջազգային յարաբերութիւններու եւ ժողովրդավարական տեսութեան ոլորտին։ Այս պատճառաւ, եկէք նայինք դեղերու զարգացման գիտութեան։
Ամենօրեայ ակնկալիքներու
ընկերաբանութիւնը
«Փլացէպօ» բառն առաջին անգամ յայտնուած է եբրայերէն Աստուածաշնչի լատիներէն թարգմանութեան մէջ 1300-ականներուն՝ «քալել» սկզբնական իմաստով։ Սխալ թարգմանութեան պատճառաւ փլացէպոն սահմանուած է որպէս «հաճեցնել»։
Փլացէպոն քիմիական գործունէութենէ զուրկ դեղահատ է։ Փլացէպոները կը մատակարարուին նոր դեղամիջոցներու դարմանական փորձարկումներու վերահսկիչ խմբին նշանակուած հիւանդներու։ Օրինակ, հաշուի առէք ընկճախտ (depression) ունեցող 100 հիւանդ՝ կէսը կը բուժուի նոր հակաընկճախտով (anti-depressant), իսկ մնացած 50 հիւանդները կը ստանան փլացէպօ։ Եթէ այն հիւանդները, ովքեր ստացած են դեղամիջոցը, աւելի շատ բարելաւում կը ցուցադրեն, քան անոնց, ովքեր ստացած են փլացէպօ, այդ կ՚ընդունուի որպէս հաստատման ապացոյց նոր հակաընճկախտի արդիւնաւետութեան։
Բայց այստեղ չգտնուիր հետաքրքիր նորութիւնը։ Փլացէպօ ստացած հիւանդները նոյնպէս ցոյց կու տան իրենց ախտանիշներու որոշակի բարելաւում։ Հոգեբուժութեան բնագաւառին, քունի խանգարումներու, գերզգայնութիւններու եւ ախտամերժական համակարգի գործունէութեան եւ շարք մը այլ բժշկական պայմաններու մէջ փլացէպոյի ներգործութիւնները ուշագրաւ է։
1970-ական թուականներէ ի վեր հետազօտութիւնները ցոյց կու տան, որ փլացէպոյի ներգործութիւնները իրական են, ունին իրական կենսաբանական հիմք եւ կը տարբերուին չբուժուած հիւանդութեան ինքնաբուխ հեռացումէն։ Օրինակ՝ փլացէպոյի հետեւանքով առաջացած ցաւազրկումը մասամբ կապուած է ուղեղի օփիոիդներու (օրինակ՝ էնտորֆիններու) արտազատման հետ, որոնք կ՚արտադրուին մարմնի կողմէ՝ ցաւը թեթեւացնելու եւ անհանգստութիւնը նուազեցնելու համար։
Փլացէպոյի հակազդեցութիւնը յաճախ լայնածաւալ է։ Օրինակ, 1991- 2015 թուականներու միջեւ, մեծ ընկճախտ ունեցող չափահասներու մօտ կատարուած հակատեպրեսանդներու դարմանական փորձարկումներուն, փլացէպօ պատասխանողներու միջին համամասնութիւնը հաղորդուած է որպէս 35% - 40%։
Փլացէպոները քաղցկեղ կամ կոտրուած ոսկորի նման հիւանդութիւններու բուժման չնպաստեր։ Փլացէպոները տեղ չունին բժշկական օգնութեան մէջ։ Այնուամենայնիւ, կան հետեւանքներ եւ դասեր, որոնք պէտք է քաղել դարմանական փորձարկումներու մէջ փլացէպոներու օգտագործումէն եւ դեղերու մշակումէն՝ պահելով մեր ժողովրդավարութեան համար արմատական յոյսը եւ յիշելով ճնշումներու դիմադրելու համար նոր արուեստները։
Փլացէպոյի կամ դեղերու կիրառութինը ունի ընկերական բովանդակութիւն. ծիսական խորհրդանշութիւն, շփում հիւանդներու եւ բժիշկներու միջեւ, բուժարանի հոգատար միջավայրը, պայմանաւորող եւ զուգորդական ուսուցման ներգործութիններ, նշելով միայն մի քանի ազդակներ։ Հէնց առողջարար հանդիպման այս աւելի մեծ ընկերային բովանդակութիւնն է որ կը ստեղծէ դրական ակնկալիքներ եւ յոյս, ու փոփոխութիւններ յառաջ կու գան կենսաբանական չափորոշիչներու մէջ, որոնցմէ են արեան ճնշումը, տրամադրութիւնը, յոգնածութեան եւ ցաւի շեմերը եւ հիւանդներու ախտանիշներու բարելաւումը։ Բոլոր դեղամիջոցները եւ բուժական միջամտութիւնները տարբեր աստիճանի կը պարունակեն փլացէպօ բաղադրիչը։
Պատկերացուցէ՛ք, թէ ինչպէս ազատութեան, առաջադէմ ընկերական փոփոխութիւններու եւ ժողովրդավարութեան յոյս ունենալը կարող է մարդկանց յոգնածութիւնը եւ մտահոգութիւնը նուազեցնելու։ Արդեօք նման յոյսը չզօրացնէ՞ր արուեստագէտներու, գրողներու, լրագրողներու եւ ժողովրդավարութեան ոլորտի աշխատողներու պայքարը եւ չնպաստէ՞ր ստեղծագործական լուծումներ գտնել բռնապետութեան դէմ։
Նոցէպօ՝ փլացէպոյի վատ
զարմիկը
Ինչպէս որ դրական ակնկալիքները կ՝ազդեն ուղեղի կենսաբանութեան վրայ, հանդիպման մը ընկերակցող բացասական ակնկալիքներն ու թշնամական բովանդակութիւնը (օրինակ՝ բժիշկի եւ հիւանդի վատ հաղորդակցութիւնը, ճնշող ընկերական եւ քաղաքական միջավայրը, որը կը շրջապատէ ինքնակալ երկրի մը մէջ ապրող կամ աքսորի ենթարկուած արուեստագէտը, լրագրողը կամ գրագէտը) կարող է վատթարացնել մարմնի գործառութիւնները։ Ասոնք յայտնի են որպէս նոցէպօ հակազդեցութիւններ, որոնք հակառակն են փլացէպօ հակազդեցութիններու։
Նոցէպոյի հակազդեցութինները տարածուած են։ Մաղձետի մակարդակը իջեցնող դեղօրայքային բուժումը քովընտի ազդեցութիւններու պատճառով դադարեցնողներու մօտ կատարուած ուսումնասիրութիւն մը ցոյց կու տայ թէ ախտանիշի ծանրաբեռնուածութեան 90%-ը կը վերագրուի բացասական ակնկալութիւններէ ծագում առնող նոցէպոյի ազդեցութեան։ Նոր Զելանտիայի մէջ վահանաձեւ գեղձի հորմոնային արտադրանքի ձեւակերպման մասին զգայացունց կերպով չափազանցուած հեռուստատեսային լուսաբանումը հաղորդուած անբարենպաստ հակազդեցութիւններու ընդհանուր մակարդակի աճումի հնարաւոր բացատրութիւնը ըլլալով նշուեցաւ։
Ապագայի վերաբերեալ ակնկալիքներու հանդէպ, դրական թէ բացասական, անլուրջ մօտեցում մը երբեք չենք կրնար ցուցադրել։ Ասոնք ազդեցութիւն ունին ուղեղի քիմիայի եւ մարմնի գործառութիւններու վրայ։
Աքսորի նոր
ընկերաբանութիւններ
Առաջադէմ փոփոխութիւններու համար արմատական յոյսի եւ փոխադարձ օգնութեան կարիքը ստեղծող բովանդակութիւնն է համաշխարհային ամբոխապաշտութեան եւ «ընտրուած ինքնակալներու» վերելքը։ ֆաշիզմին ականատես կը դարնանք ամբոխապաշտ կառավարիչներու կողմէ ինքնակալ ուժերու համախմբումով հեռաւոր վայրերուն մէջ, որոնցմէ են Հունկարիան, Լեհաստանը, Թուրքիան, Հնդկաստանը, Փիլիփան կղզիները, Պրազիլիան, նշելու անգամ կարիքը չկայ Թրամփիզմը։ Ամբոխապաշտ ինքնակալներերու կողմէ ղեկավարուող երկիրներու մէջ մարդկային իրաւունքները եւ ազատ ու արդար ընտրութիւնները վտանգուած են։ Ժողովրդավարութեան ջատագովները բանտարկումի սպառնալիքի տակ, շատ դժուար պայմաններու կամ աքսորի վտանգով կը շարունակեն դիմադրութեան։
Մարդիկ նաեւ առանց իրենց հողը կամ երկիրը լքելու, տէ ֆաքթօ աքսորի վիճակի փորձառութիւնը կրնան ունենալ։ Ինքնակալներու կողմէ մարդկային իրաւունքներու եւ ազատութիւններու բռնազաւթումը օտարացում յառաջ բերելով կրնայ նուազեցնել այն վայրերու ու տարածութիւններու պատկանելու զգացումը, որտեղ մարդը ապրելու վարժուած է։
Այժմ կայ ռամկավար խումբերու քննադատական զանգուած՝ արուեստագէտներ, գրագէտներ, լրագրողներ եւ գիտնականներ, որոնք աքսորուած են ամբոխապաշտ ինքնակալներու կողմէ ղեկավարուող երկիրներէ։ Աքսորի այս նոր ընկերաբանութիւնները, նոր գաղթական եւ պատսպարեալներու հասարակութիւնը ու ժողովրդավարութեան դերակատարները կը ցանկան ստեղծելու համերաշխութեան եւ փոխօգնութեան նոր ձեւեր իրենց հայրենիքը գտնուող մարդկանց հետ, ովքեր կը դիմադրեն մեծ ճնշումներու ինքնակալներու ամրոցներէն ներս։
Ֆաշիզմին «դադար» մը
Եթէ ակնկալիքները իսկապէս ազդեցութիւն ունին ուղեղի կենսաբանութեան վրայ, աքսորեալ համայնքներու մէջ արմատական յոյսի կարեւոր մէկ հետեւանքը նշելու ենք. մենք պէտք է ունենանք պարբերական «դադարներ ֆաշիզմէ»՝ խուսափելու համար բացասական ընկերական միջավայրէն եւ անոնց նոցէպօ հակազդեցութիւններէն, այսպէսով ընդլայնեցնելու ենք այն դէպքերը, որոնք կ՚առաջացնեն դրական ակնկալութիւններ եւ արմատական յոյս։ Այս առումով, յօդուածիս մէջ ներկայացուած փլացէպոյի եւ նոցէպոյի ազդեցութիւնները կը յայտնեն արմատական յոյսի կենսաբանութիւնը հասկանալու շրջանակ եւ կը պատմեն թէ ուղեղը ինչպէս հակազդեցութիւն մը կը ցուցադրէ առօրեայ կեանքի ընկերաբանութեան։
Ինքնակալներու երկիրներէն դուրս աքսորի ենթարկուած կամ ամբոխապաշտութեան եւ ինքնակալութեան պայմաններուն մէջ ապրող գրողները, ժողովրդավարութեան համար աշխատողները, լրագրողները, արուեստագէտները եւ ակադեմիկոսները գրելով, մտածելով եւ համերաշխութեամբ աշխատելով համաշխարհային ժողովրդավարութիւնը ամրապնդելու համար պէտք ունին ապահով վայրերու։
Ես կ’առաջարկեմ նոր գաղափար՝ «ամբոխներու կողմէ տնտեսուած մոլորակային շարժունակութեան ծրագրեր»՝ ռամկավարութեան հաշուոյն աշխատողներու նպաստին, ֆաշիզմի դադար մը տալու եւ յեղափոխական քաղաքականութիւն մշակելու համար, որպէսզի կարողանանք յիշել ազատութեան զգացումը եւ արձագանգի պալատներուն պատճառած յուսահատութենէ հեռու տարբեր ապրելակերպի մը հնաւորութիւնը։ Ուրսուլա Կ. Լէ Կուինէն մէջբերոմով մը կրնանք նշել թէ մեզի պէտք են «գրողներ, ովքեր կարող են յիշել ազատութիւնը. բանաստեղծներ, տեսլականներ՝ աւելի մեծ իրականութեան իրապաշտներ»։ Յոյսի կենսաբանութենէ եւ աքսորի ենթարկուած համայնքներու ընկերաբանութենէ մեր սորուածներուն համաձայն անհրաժեշտ է շարունակական շարժունակութիւն, ժողովրդավարութեան ոլորտի աշխատողներուն համար, որպէսզի անոնք բարձր պահեն իրենց ակնկալութիւնները ու յոյսերը եւ հեռանան յուսահատութիւն պատճառող արձագանգի խուցերէն եւ նոցէպոյի ազդեցութիւններէն։
Հաշուի առնելով աքսորեալ կամ ինքնակալ պետութիւններէ ներս գտնուող ժողովրդավարական համայնքներու քննադատական զանգուածը, մոլորակային շարժունակութեան նոր ծրագրեր տնտեսելու համար ամբոխային տնտեսութիւնը (crowdfunding) գործող հնարաւորութիւն մըն է։ Ամբոխային տնտեսութիւնը, քանի որ թոյլ չի տար մէկ գերիշխող բարեգործի, կ՚առաջարկէ ժողովրդավարական տնտեսութեան հեռանկարներ՝ աջակցելու ժողովրդավարութեան եւ ազատութիւններու արմատական յոյսը։ Այս ձեւով բաշխուած աղբիւրները կարող են առաջարկելու խաչաձեւ ստուգման մեթոտներ ու կանխելու ճանապարհորդներուն սպառողական զբօսաշրջիկներ դառնալու հնարաւորութիւնը՝ ի տարբերութիւն համերաշխութեան գործարարներ։ Այս արմատական յոյսի եւ ժողովրդավարութեան ճամբորդութիւնները, աքսորուած տեղական խումբերու միջեւ համերաշխութեան համար, հեծանիւով կամ հասարակական փոխադրութեամբ կրնայ կատարուիլ, կամ ճանապարհորդութեան էկոլոգիական ազդեցութիւնը նուազեցնելու համար գնացքով եւ հասարակական փոխադրութեամբ կրնայ տեղի ունենալ։
Մոլորակային շարժունակութեան ծրագիրը, որ թոյլ կու տայ, օրինակ, իւրաքանչիւր վեց ամիսը մէկ շաբաթ ճանապարհորդութեան, կրնայ զարգացնել ուղղակի գործողութիւններու, փոխօգնութեան, կամաւոր միաւորումներու, համերաշխութեան նոր ձեւեր եւ միջոցներ, աքսորեալ կամ ինքնակալներու ամրոցներու ներսիդին ապրող ժողովրդավար ուժերու միջեւ։ Օրինակ՝ Մարտ 2022-ին, Պերլինի մէջ տեղի ունեցաւ երկօրեայ համաժողով մը՝ նուիրուած Թուրքիոյ մէջ ժողովրդավարութեան եւ ազատութիւններու։ Թէեւ վերջին նշուած համաժողովը ուղղակի չի խօսիր այս յօդուածին մէջ առաջարկուած ժողովրդավարութեան եւ ազատութիւններու համար մոլորակային շարժունակութեան ամբոխավար ծրագրերուն, կը փաստէ անդրազգային փոխօգնութեան արժէքը եւ պէտքութիւնը տարբեր ծագում ունեցող ռամկավար ոլորտի աշխատողներու միջեւ։
Մենք պէտք է յարակցնենք արմատական եւ յարատեւ յոյսի կենսաբանութեան վերաբերեալ առկայ գիտելիքները ամբոխապաշտ ինքնակալներու կողմէ ղեկավարուող երկիրներուն յառաջ եկած աքսորի ընկերաբանութիւններու հետ։ Աքսորեալ կամ ինքնակալներու ամրոցներուն մէջ ապրող արուեստագէտներու, գրողներու եւ ռամկավարութեան ոլորտի աշխատողներու համար մոլորակային շարժունակութեան ծրագիրը այս նպատակին հասնելու համար մեծ առիթ մը պիտի ընծայէ։