ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ
Ամիտայի մեր առաջին գիշերը աւարտած էր «Համրավատ» զբօսայգիի մէջ ընթրիքով։ Կիրարկեցինք նախապէս ճշդուած ծրագիրը եւ յաջորդ օր մերժելով հիւրանոցի նախաճաշը փութացինք պատմական Հասան փաշա խանը, որ ծանօթ է տեղական խոհանոցի յատուկ նախաճաշի սպասարկութեամբ։ Սակայն պարտինք նշել թէ այս որոշումը այնքան ալ տեղին չէր եղած, տրուած ըլլալով որ ամբողջովին զբօսաշրջական արարողակարգի մը վերածուած այդ սպասարկութիւնը հեռու էր մեր ակնկալութիւններէն եւ ամէն ինչ կը կատարուէր զբօսաշրջիկները գոհացնելու միտումով։
Աւարտին մեր իզմիրաբնակ բարեկամուհիի ուսանողին տրամադրած ինքնաշարժով մեկնեցանք դէպի Մարտին։ Հիւրանոց տեղաւորուելէ անմիջապէս ետք այցելեցինք քաղաքի պատմական շուկան։ Շուկան եւ Մարտինի փողոցները այցելույին վրայ կը թողուն այնպիսի տպաւորութիւն մը, ուր մարդ կրնայ շփոթիլ ժամանակի հասկացողութիւնը։ Պահ մը կարելի է ենթադրել թէ նոյնիսկ դարեր առաջ այս փողոցները նոյն ապրումները կ՚ունենային։
Շուկայի մէջ ամենահրապուրիչ վայրերը տեղական արտադրութիւնով եւ զանազան բոյսերու մշակումով պատրաստուած օճառներն էին եւ ասորիներու յատուկ տնային գինիները։
Գինիի արտադրութիւնը Մարտինի մշակոյթի կարեւոր բաղադրիչներէն մէկն է։ Անոր վայելած համբաւը հետլհետէ սկսած է գերազանցել ոչ միայն քաղաքի, այլ ամբողջ Մարտինի տարածքը։
Յետոյ ինչպէս ամենուրէք, այստեղ ալ ուլունքներով պատրաստուած զարդերը մեծ հետաքրքրութեան կ՚արժանանան։
Այս քաղաքին մէջ եւս ունէինք բարեկամներ, որոնց հետ կարծես մէկ գիշեր առաջուայ զրոյցներու շարուակութիւնը կ՚ապրէինք, այս անգամ «Զելալ» սրճարանի երդիկին տակ։
Յաջորդ օր ուղղուեցանք Թուր Ապտինի կարեւոր քաղաքներէն Միտեաթ։ Այցելելու համար պատմական Մոր Կապրիէլի կամ ալ տեղական անուանումով Տէյրուլ Ումուր վանքը։ Քրիստոնէութեան վաղ շրջաններէն մեր օրերուն հասած Մոր Կապրիէլ ունի նաեւ վանական դպրոց, ուր կը դասաւանդուի ասորերէնը եւ ասորեցուոց պատմութիւնը։
Այդ նոյն օր այցելեցինիք նաեւ Սաւուր գաւառի Քըլլըթ կամ թրքացուած անուանումով Տերէիչի գիւղը։ Գիւղը ունի ուղղափառ, կաթողիկէ եւ բողոքականաց երեք եկեղեցիներ, որոնցմէ կը գործէ միայն Ասորի ուղղափառ եկեղեցին։ Նախապէս ամբողջութեամբ ասորիներով բնակեցուած գիւղը, այսօր մեծ մասով լքուած է, ուր կ՚ապրի միայն մէկ ասորի եւ քանի մը քիւրտ եւ արաբ ընտանիքներ։ Յիշենք որ վերջերս ցուցադրուած «Դուռ» անուն գեղարուեստական ֆիլմն ալ նկարահանուած էր այս գիւղին մէջ։
Մարտինի վերջին օրուայ ծրագրով այցելեցինք, մի այլ պատմական վանք՝ Տէյրուլ Զաֆարան, որ կառուցուած է հեթանոսական տաճարի մը հիմքերուն վրայ։
Այստեղ եւս զգացինք զբօսաշրջութեան հետեւանքով այլասերման խիստ սովորական երեւոյթը։ Երբ ամէն օր բազմաթիւ զբօսաշրջիկներ կ՚այցելեն այս կամ այն վայրը, ինքնաբերաբար կը գոյանայ այնպիսի կարգադրութիւններ, որոնց հետեւանքով այդ վայրը կը կորսնցնէ իր սովորական խաղաղութիւնը։ Այդտեղ կարելի է շրջել «չկայ չարիք, ունենայ բարիք» ասացուածքը եւ ըսել «Չկայ բարիք, ունենայ չարիք»։ Արդարեւ զբօսաշրջութիւնը որ վայրի մը զարգացման գրաւականը կարելի է համարել, իր հետ կը բերէ նաեւ մթնոլորտի խանգարում նոյնիսկ ապականում։ Այդ է պատճառը որ Եւրոպայի կարգ մը պատմական քաղաքներ կ՚ուզեն հրաժարիլ զբօսաշրջութեան պարգեւած բարիքներէն, որպէսզի կարենան պահել իրենց աւանդական արժանիքները։