«Ակօս»ի նախկին թիւերու մէջ բազում անգամներ արձագանգ գտած են 18 Յունիս թուականին Թուրքիոյ Հանրապետութեան պաշտօնաթերթին մէջ հրապարակուելով գործադրութեան դրուած փոքրամասնութեան համայնքներու հաստատութիւններու ընտրութիւնները կարգաւորող կանոնագրի թերութիւնները։
Այժմ հասած ենք այդ թերացումներով ընտրութիւն կատարելու հանգրուանին։ Հաղ համայնքի համար գլխաւոր թերացումը կը յայտնուի Սուրբ Փրկիչ Հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ընտրութիւններուն առկախումով։ Ապա աւանդաբար ամբողջ համայնքի ձայներով ընտրութիւն կատարելուն համար համայնքային հաստատութիւն կոչումով յիշուած մեր հինգ հաստատութիւնները նոր կանոնագրի բերմամբ սահմանափակուած են իրենց ընտրաշրջաններով։ Այս մասին կատարուած բարեփոխման դիմումները անպատասխան մնացած են։ Կ՚արժէ յիշել թէ նախորչ կանոնագրի բարեփոխման պահանջը գոյացած էր թաղային սահմանափակումներէ։ Բնակչութիւն չ՚ունեցող թաղերու համար կարեւոր արգելք մը հանդիսացող այս խնդրի լուծումը ընտրութեան տարածքը ընդհանրացնելն էր։ Յայտնի է որ որոշ շրջանակներ համոզուեցան թէ նման ընդլայնացումը արգելք է իրենց իշխանութիւնը պահելու համար։ Այդ առումով ալ փակ դռներու ետին ապահովեցին այս սահմանափակող դրութիւնը։
Նման դժգոհութիւններ ի զօրու են նաեւ յատկապէս յոյն համայնքի հաշուոյն, քանի որ այս համայնքը ունի ամենաշատ թիւով հիմնարկներ եւ ամենանուազ թիւով ընտրողներ։
Հայ կաթողիկէ համայնքէ ներս ալ Գերապայծառ Զէքիեան կը պահանջէ ընտրութիւններուն Հայ կաթողիկէ համայնքով սահմանումը, իսկ անդին Փանկալթըի Մխիթարեան Միաբանութիւնը որոշած է Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ անդամներուն ալ ընտրութեան գործընթացին ներառումը, եթէ անոնք տեղ գտած են Մխիթարեանի ընտրացանկերուն մէջ։
Պարզ է որ ընտրութիւնները պիտի կայանան, բայց այս մասին հակաճառութիւնները պիտի շարուակուին տակաւին երկար ժամանակ։