Անթալիոյ «Ոսկէ Նարինջ» կինօ-փառատօնի այս տարուայ յաղթողները յայտարարուեցան յատուկ մրցանակատուուչութեան հանդէսով։
Մրցանակներու տուուչութեան ընթացքին կատարուած ելոյթները Թուրքիոյ քաղաքական դաշտը ալեկոծելու բնոյթ ունէին։
Լաւագոյն ֆիլմ մրցանակին արժանացաւ Էօզճան Ալփերի «Մութ Գիշերը» անուն ֆիլմը։ Էօզճան Ալփեր Հայաստանի «Ոսկէ Ծիրան» փառատօնի շրջանակներուն ալ ծանօթ բեմադրիչ մըն է, որուն անցեալին հեղինակած «Աշուն» եւ «Ապագան Երկար Կը Տեւէ» ֆիլմերը մեծ համբաւի տիրացած էին։
«Մութ Գիշեր» ֆիլմը Մուրատ Ույուրքուլաքին ալ պարգեւեց Լաւագոյն սցենար մրցանակը։ Ույուրքուլաք մրցանակը ստանալէն ետք «Շատ շնորհակալ եմ։ Առանց երկարելու այսօր օրերէն շաբաթ է, այս մրցանակը տասնամեակներէ ի վեր պետութեան ձեռքով անհետ կորած որդիներուն համար պայքարող Շաբաթօրեայ Մայրերուն կը ձօնեմ» ըսաւ։
Իր հետ բեմահարթակ բարձրացող բեմադրիչ Էօզճան Ալփեր ալ նախ շնորհակալութիւն յայտնեց Ույուրքուքլաքին եւ ապա մաղթեց որ աւելի լուսաւոր սցենարներ հեղինակելու առիթներ ալ կ՚ունենան։ «Խնդիրը տասնամեակ չէ, հանրապետութեան 100-ամեակը պէտք է գնահատել։ Ոչ թէ ոմանց համար, այլ բոլորին համար քաղաքացիական հաւասար իրաւունքներ։ Մայրենի լեզուով խօսելու համար պայքարելու կարիք չթողած երկրի մը մաղթանքով»։
Մեր վաղեմի բարեկամ Չիղտեմ Մաթեր ալ պարգեւատրուեցաւ Ճահիտէ Սոնքուի անուան մրցանակով։
Մաթեր այս առթիւ Պաքըրգիւղի Կանանց Արգելանոցէն ուղարկած նամակին մէջ նախ շնորհակալութիւն կը յայտնէ «Տեղումնազուրկ Օրեր» ֆիլմի կին գործընկերներուն եւ ապա կը թուէ Թուրքիոյ շարժանկարի պատմութեան մէջ խորունկ հետքեր թողած կին բեմադրիչներու*անունները եւ շնորհակալութիւն կը յայտնէ անոնց վաստակին։ Ան վերջապէս կ՚ողջունէ մրցանակի անուանատիրոջ Ճահիտէ Սոնքույի աննկուն խիզախութիւնը եւ կը յայտարարէ թէ իրենք ալ որդեգրած պիտի ըլլան այդ նոյն կամքը։
Անթալիոյ Փառատօնի ընթացքին գրականութենէն սցենարի վերածուելու մրցանակը շնորհուեցաւ Էլիֆ Ռեֆիի եւ Մուրատ Մահմուտեազըճըօղլուի։ անոնք այս մրցանակին արժանացան Զաւէն Պիպէրեանի «Լկրտածը» վէպը սցենարի վերածելով։