6Հոկտեմբեր հինգշաբթի օր Չեխիոյ մայրաքաղաքի մէջ կայացաւ Եւորպայի Քաղաքական Հասարակութեան առաջին հանդիպումը։ Ֆրանսայի նախագահ Մաքրոնի եւ Եւրոպայի Յանձնախումբի նախագահ Շառլ Միշելի նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ Հայաստանի վարչապետի եւ Ատրպէյճանի նախագահի մասնակցութեամբ հանդիպում մը։ Այս հանդիպումի կարեւոր ձեռքբերումը եղաւ հակամարտող երկու պետութիւններու իրարու հողային ամբողջականութիւնը ճանչնալու մասին յայտարարութիւնները։ Այսպէսով հաստատած եղան թէ սահագծման աշխատանքները պիտի կայանան 1991 թուակիր Ալմա Աթայի շրջաբերականի հիմքին վրայ։
Այս քառակողմ հանդիպումէն ետք վարչապետ Փաշինեան հանդիպում ունեցաւ նաեւ Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի հետ։
Հողային ամբողջութիւնը ճանչնալու երաշխիքը ինքնաբերաբար օրակարգի կը բերէ Արցախի Հանրապետութեան իրավիճակը։ Ինչպէս ծանօթ է Արցախեան խնդրի ծագման մէջ կարեւոր գործօն մը եղած էր 1991-ին Հարաւ Կովկասեան երեք հանրապետութիւններու ազգային պետութեան ձեւաչափով վերակազմութեան ձգտումները։ Այսպէս Վրաստանի մէջ Հարաւային Օսեթիոյ, Ապղազիոյ, Աճարիոյ իսկ Ատրպէյճանի մէջ Լեռնային Ղարաբաղի ինքնավար հանրապետութիւններու լուծարկման գործընթացը։ Արիւնալի կռիւներու հետեւանքով Ապղազիա եւ Հարաւային Օսեթիա Վրաստանէն անջատուելով մաս կազմեցին Ռուսիոյ Դաշնութեան։ Իսկ Ատրպէյճանի մէջ գոյացաւ Արցախի ինքնակոչ Հանրապետութիւնը։ Ալիեւ այս հանգրուանին համարձակութիւն կը գտնէ պնդելու համար թէ Արցախի հայութիւնը իր երկրի քաղաքացիներն են եւ ինք կ՚որոշէ անոնց հետ երբ եւ որ եղանակով խօսելու մասին։