Կապանի մէջ Իրանի հիւպատոսութեան բացումը նպատակ ունի նոր խթան հաղորդելու հայ-իրանական յարաբերութիւններուն։ Այս մասին իրանեան Icana լրատուական գործակալութեանն ըսած է Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հոսէյն Ամիր Ապտըլ Լահիանը։
«Այս քայլը, որ պիտի օգնէ ամրապնդելու Հիւսիս-Հարաւ անցումային ճանապարհը, իրականացուած է երկու երկիրներու միջեւ՝ մասնաւորապէս տնտեսական ոլորտի մէջ համագործակցութիւնը զարգացնելու ու ամրապնդելու նպատակով։ Իրանի հիւպատոսն արդէն սկսած է գործունեութիւնը Կապանի մէջ»,- ըսած է ան՝ աւելցնելով, որ Կապանի մէջ հիւպատոսութեան հիմնադրմամբ «ականատեսը պիտի ըլլանք Իրանի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու ընդլայնմանն ու խորացման»։
30 Սեպտմբերին Կապանի մէջ Իրանի նորանշանակ գլխաւոր հիւպատոս Մորթեզա Ապետին Վարամինին Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանին յանձնած էր հիւպատոսական արտօնագիրը։ Միրզոյեան նշած էր, որ Իրանի գլխաւոր հիւպատոսութեան բացումը կարեւոր եւ խորհրդանշական քայլ է, որ կը վկայէ Հայաստանի եւ Իրանի միջեւ համագործակցութիւնն աւելի խորացնելու եւ որակական նոր մակարդակի հասցնելու երկկողմ պատրաստակամութեան մասին։