ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ
Իտարբերութիւն նախորդ բազում այցելութիւններէ այս անգամ առանց յատուկ պատճառ ունենալու, առանց յատուկ պարտականութիւն մը կատարելու հարկադրանքի, բոլորովին կամայական պատճառներով մեկնեցանք Ամիտա։ Իրականութեան մէջ այցելութիւնը ուղուած էր Մարտին։ Ամիսներ առաջ պայմանաւորուած էինք մեր իզմիրաբնակ բարեկամներով, աշխարհի այս արտակարգօրէն գեղեցիկ պատմական քաղաքը միասին այցելելու համար։
Նախապէս միայն մէկ անգամ եղած եմ այդ քաղաքը։ Սուրբ Կիրակոս Եկեղեցիի այդ հրաշալի նորոգութենէն ետք պաշտամունքի վերաբացման ներկայ գտնոելու համար որոշած էինք Տիյարպեքիր ճամբորդել։ «Ակօս»ի հիմնադիրներէն եւ հայերէն էջերու վաստակաւոր խմբագիր Սարգիս Սորովբեանի հետ համաձայնեցանք մէկ օր առաջ ճամբայ ելլել եւ առիթէն օգտուելով Մարտին ալ այցելել։ Սեդան եւ Մանուշակը ալ աւելի ուրախացան այս տարբերակը լսելով ու մենք զմայլանքի տպաւորութիւններու ազդեցութեամբ այդ օր իսկ որոշած էինք այս քաղաքը կրկին այցելելու մասին։
Տրուած ըլլալով որ Իզմիրէն դէպի Մարտին ուղիղ թռիչք չկար, որոշեցինք նախ այցելել Ամիտա եւ յաջորդ օր մօտաւորապէս մէկ ժամուայ ճամբորդութիւնով հասնիլ Մարտին։
Երբ կայցելեմ օտար քաղաք իմ տպաւորութիւնները կը ձեւաւորուին ոչ միայն այդ քաղաքի տեսարժան վայրերով՝ այլ այդ քաղաքի բնակիչներուն հետ մշակուած յարաբերութիւններով։ Տիյարպեքիր այս առումով շատ եզակի է, որովհետեւ մեր նախորդ այցելութիւններու շնորհիւ այնտեղ ունեցած ենք բազմաթիւ բարեկամներ, որոնց հետ ընկերութիւնը միշտ եղաւ ոգեւորող, յուսադրող ու ամրապնդող։ Առհասարակ ինքնութիւնը վերագտած հայերու եւ այս ճանապարհի ընթացքին իրենց զօրակցող քիւրտերու մասին է ակնարկութիւնը։ Հետեւաբար օդակայանէն սկսեալ շրջապատուեցանք տեղացի բարեկամներով, որոնց մտերմութենէն խիստ ազդուեցան նաեւ մեր ուղեւորութեան ընկերները։ Երեկոյեան երբ մէկտեղուած էինք հայկական սեղանի մը շուրջ, մեր 15 հոգիներէ բաղկացող խումբը դուրսէն դիտողները պիտի կարծէին թէ երկար տարիներէ ի վեր ծանօթ անցեր համախմբուած են։ Մինչդեռ շատեր առաջին անգամ այդ սեղանի վրայ իրարու հետ ծանօթացած էին։ Ուրեմն առեղծուած մըն է գոյացած պատկերը թէ ինչպէ՞ս, ո՞ր գործօններու բերմամբ կրնար գոյանալ նման բնոյթով մտերմութիւն մը։ Ահա այստեղ այդ հարցումին դիմաց պահ մը կանգ առնենք եւ խոստովանինք որ նման երեոյթի դրդապատճառը մարդկանց շնորհուած մեծագոյն պարգեւն է, որ իր արտայայտութիւնը կը գտնէ «մարդիկ խօսելով կը հաղորդուին» հաստատումով։ Այդ սեղանը այս հաստատումին վառ ապացոյցն էր։ Այդ սեղանի գլխաւոր նիւթերն էին աշխարհի փորձանքներ սնուցող անցուդարձին մէջ մարդու ճարահատութիւնը եւ զայն յաղթահարելու եղանակները։
Տեսանք որ մենք որքան մեծ կարօտ ունէինք տեղացի ժողովուրդին հետ այս ապրումները բաժնելու եւ փոխադարձաբար անոնք որքան կարօտով սպասած էին մեր գալուստը։
Երբ գիշերուայ ուշ ժամուն հրաժեշտ առինք իրենցմէ, արդէն բոլորս համոզուած էինք թէ մեկնարկումը այսքան քաղցր սկսած այս հանդիպումին աւարտն ալ պիտի ըլլար նման ոգեւորութիւններու մէջ։
Ընդամէնը քառօրեայ ծրագիր մըն էր մեր գործադրածը, որու ընթացքին կուտակեցինք 40 օրեր պատմելու արժանի ապրումներ։ Պիտի փորձեմ այդ ապրումները անշուշտ ոչ թէ 40, այլ յառաջիկայ քանի մը շաբաթներու ընթացքին մաս առ մաս պատմելու։ Ուրեմն կրնանք ըսել թէ ինքնաբերաբար գոյացած է նոր յօդուածաշարք մը մեր 7-11 Հոկտեմբեր թուականներուն դէպի Ամիտա եւ Մարտին կատարած այցելութեան հետեւանքով։
(Շարունակելի)