Թուրքիոյ Ճարտարապետներու եւ Ճարտարագէտներու Միութեան Անգարայի մասնաճիւղը համաշխարհային ճարտարապետներու օրուայ ծիրէն ներս այս տարի Է. անգամ կազմակերպեց Էմրե Մատրանի անուան մամլոյ մրցանակներու տուուչութեան հանդէսը։
3 Հոկտեմբեր երեքշաբթի օր Անգարա, Էրիմթան հնագիտութեան եւ Արուեստի թանգարանին մէջ կայացող մրցանակատուուչութեան մասնակցեցան լրագրողներ, քաղաքական գործիչներ եւ ճարտարապետներ։
Գրաւոր մամլոյ բաժնին մէջ Անգարայի Հայոց Գերեզմանատան լուրով մրցանակի արժանի գտնուեցաւ նաեւ թերթիս պատասխանատու տնօրէն Իշխան Էրտինչ։
Էրտինչ մրցանակը ստացաւ Ճարտարապետներու սենեակի Անգարայի մասնաճիւղի վարիչ Թեզճան Գարագուշ Ճանտանի ձեռքէն։
«Ակօս» սրտանց կը շնորհաւորէ իր աշխատակցի այս փայլուն յաջողութիւնը, մաղթելով նորանոր յաջողութիւններ իր որդեգրած ճանապարհի ընթացքին։