Մարդկային պատմութեան ամենապարզ կանոնն է՝ պահանջները տեղի կու տան միջոցներու։
Թուրքիոյ մէջ ալ այլատեացութեան հազածանքի նոպաները երբ հասան գերեզմաններու դէմ յարձակումի աստիճանին ինքնաբերաբար ձեւաւորուեցաւ «Մեռելներու յարգանք եւ արդարութիւն» անունով նոր հարթակ մը։ Անցնող մէկ տարիներու ընթացքին հարթակը զանազան առիթներով իր ձայնը լսելի դարձուցած է։ Այժմ ան կը պատրաստուի երկօրեայ գիտաժողովով մը նիւթը հասարակութեան ուշադրութեան բերելու։
8 եւ 9 Հոկտեմբեր թուականներուն Շիշլի Նազըմ Հիքմեթի անուան մշակոյթի կեդրոնին մէջ կայացած երկօրեայ բանախօսութեան ընթացքին զանազան զեկոյցներով քննարկուեցաւ Թուրքիոյ մէջ եւ աշխարհի զանազան վայրեր մեռելներու դէմ անարգանքի օրինակները, այս մասին իրաւաբանական կանխամիջոցները, սուգի դէմ յարուցուած արգելքի օրինակները։ Ապա նիւթին աւելի լայնածաւալ քննարկման համար կայացաւ ասուլիսի նիստ մը։ Հարթակը այս ձեռնարկէն ետք ալ աւելի թափ պիտի տայ հիմնարկի մը ձեւաչափով կազմակերպուելու համար։