Պատգամաւոր Կարօ Փայլանի Վանի եւ շրջակայ քաղաքներու մէջ անտեսուած հայկական ճարտարապետական կոթողներու մասին ահազանգ հնչեցնող յայտարարութիւններուն անդրադարձած էինք մեր նախորդ համարներով։ Այս անգամ Կարօ Փայլան Մշակոյթի Նախարարութիւնը կը զգուշացնէ պատմական Ամիտա քաղաքի մէջ կանգուն մնացած վերջին հրէից տաճարի մասին։
Ամիտայի Ջերմիկ գաւառին մէջ գտնուող տաճարը կառուցուած է ԺԵ. դարուն եւ կը ցոլացնէ տարածքաշրջանի ճարտարապետական իւրայատուկ ոճը։
Փայլանի վկայութիւններով տաճարը իբրեւ աղօթատեղի եւ սրբավայր գորածուած է մինչեւ 1960 թուական։ Անոր փայտաշէն տանիքը կքելու վրայ է եւ շտապ միջամտութեան կը կարօտի։ Թէեւ 2002 թուականին աղօթատեղին իբրեւ մշակութային արժէք գրանցուած է Տիյարպաքըր Մշակութային ու Բնական Արժէքներու Պահպանման Խորհուրդի Տնօրէնութեան ցանկին։ Սակայն անցնող 20 տարիներու ընթացքին վերանորոգման համար աշխատութիւն մը չէ կատարուած։
Փայլան Մշակոյթի Նախարարութեան ուղղեալ կոչին մէջ ըսած է հետեւեալը. «Այս տաճարը Միջագետքի հրեաներէն մնացած վերջին սրբավայրերէն է։ Այս պահուս դէմ առ դէմ կը գտնուի փլուզման սպառնալիքով։ Պատմական վկայութեան արժէք ունեցող այս կառոյցը վերակերտելու համար շարժման անցէք։»