Հայ Կաթողիկէ համայնքը ճշդած է համայնքային հաստատաութիւններու վարչութիւններու ընտրութեան թուականը։ 26 Սեպտեմբեր երկուշաբթի օր Սուրբ Յովհան Ոսկեբերան եկեղեցւոյ մէջ կայացած ժողովով Գերապայծառ Լեւոն Զէքիեան յայտարարեց ընտրութեան թուականը։ Այսպէս 18 Դեկտեմբեր կիրակի օր հայ կաթողիկէ համայնքի անդամները ընտրութիւնով պիտի ձեւաւորեն Փանկալթըի Մխիթարեան, Օրթագիւղի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ, Սամաթիոյ Անարատ Յղութիւն, Գարագիւղի Սուրբ Փրկիչ, Պէյօղլու Սաքըլաղաճի Հայ Կաթողիկէ Սուրբ Ղազար (Պոմոնթի Մխիթարեան) եւ Պէյօղլուի Անարատ Յղութիւններու վարչութիւնները։
Ժողովին ներկայ գտնուեցան Վարդան Ծ. Վրդ. Գազանճեան՞ Աբրահամ Ծ. Վրդ. Ֆըրադեան եւ Միքայէլ Վրդ. Ուչար։
Սուրբ Յակոբ Հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ընտրութիւնը յետաձգուած է յաջորդ տարուան։
Ուշագրաւ է որ սոյն խորհրդակցական ժողովին ներկայ չէր գտնուած Փանկալթըի Մխիթարեան Վարժարանի ներկայացուցիչները։