Հրանդ Տինք մրցանակի տուուչութիւնը 15 Սեպտեմբերի երեկոյան կայացաւ առցանց հանդիսութեամբ։ Այս տարի պարգեւատրուեցան Թուրքիայէն «Մարդու Իրաւունքներու Հիմնարկ»ը, որ մեծ աւանդ ունի տանջանքէ, վատ վերաբերմունքէ զերծ, խաղաղ աշխարհ մը կառուցելու, ժողովրդավարութեան զարգացման եւ մարդու արժանապատուութեան պահպանման ոլորտի մէջ։ 2022-ի երկրորդ թափնեկիրն է Աֆղան գործիչ Շահարզատ Աքպար, որ կ՚աշխատի թալիպներու ծանր ճնշումներով ուսանելու, արտայայտուելու, կազմակերպուելու եւ ճամբորդելու իրաւունքներէն զրկուած կանանց ձայնը լսելի դարձնելու, այս մասին կանանց միջեւ համաշխարային զօրակցութիւն կազմակերպելու համար։
«23,5 Հրանդ Տինք Յիշողութեան Վայր»էն կատարուած միջոցառման հաղորդավարներն էին թրքերէնով Իփէք Պիլկին եւ անգլերէնով Թուղրուլ Թիւլէք։ Մրցանակի յանձախումբի նախագահ Ահմետ Ինսէլի ողջոյնի խօսքէն ետք, Հարաւ Ափրիկեան Հանրապետութենէն դատաւոր եւ մարդու իրաւունքներու պաշտպան Ալպի Սաշ կատարեց հանդէսի բացման ճառը։ Սաշ իր ելոյթով ընդգծեց յոյսի եւ զօրակցութեան կարեւորութիւնը։ «Նման մրցանակաբաշխութիւնները լոկ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան համար բաներ մը ընողները պարգեւատրելէ աւելի, ամենախոր խաւարին մէջ պլպլացող ջահը վառ պահելու համար է» ըսաւ Ալպի Սաշ։
Նախորդ մրցանակաբաշխութեան հանդէսներէն ծանօթ է միջոցառման «Լոյսեր» անուն հատուածը։ Այս տարի ալ այդ բաժնի մէջ ծանօթացանք Թուրքիոյ տարբեր քաղաքներէն եւ աշխարհի զանազան երկիրներէն մարդու իրաւունքներու, սեռային խտրականութեան, բնութեան կեղեքման դէմ պայքարողներու յոյս ներշնչող դիմադրութեան դրուագներուն։ Այդ վկայութիւնները քաղուած էին Մեքսիկայէն Աֆղանստան,ԱՄՆ-էն Լեհաստան, Ռուսիայէն Պրազիլ երկրագունդի տարբեր հատուածները։
Առցանց միջոցառման երաժշտական կատարումները ձեւաւորուած էին անուանի երաժիշտ Արթօ Թունչպոյաճեանի թելադրանքներուն հիման վրայ։ Այսպէս երեկոյթի առաջին կատարումն եղաւ Մելիքէ Շահինի մեկնաբանութեամբ «Ատանայի Ողբը»։ Ապա լսեցինք «Պարապար» խումբի մատուցած ժողովրդական երգեր, Կայէ Սու Ագյոլի իւրայատուկ երգերը, եւ Հայաստանէն թաւջութակահար Արտյոմ Մանուկեանի, «Նիւ Կրէյ» եւ «Հայ Վայլըն» քառեակի կատարումները։
2022-ի դատակազմը
Մրցանակի այս տարուայ դատակազմիմն մէջ պաշտօն ստանձնած են 2021-ի դափնեկիրներ կնոջ իրաւունքներու պաշտպան եւ փաստաբան Ճանան Արըն ու լրագրող Մարիա Ռեսսա, լուսանկարիչ, գրող եւ մարդու իրաւունքներու պաշտպան Շահիտուլ Ալամ, կնոջ իրաւունքներու պաշտպան Իշտար Լախանի, գրող եւ փաստաբան Պուրհան Սէօնմեզ, իրաւաբան եւ ակադէմական Թուրկուտ Թարհանլը, մարդու իրաւունքներու պաշտպան եւ ակադէմական Նիլկիւն Թոքեր, լրագրող, արտադրիչ եւ սցենարի հեղինակ Նունէ Սարգիսեան, թատրոնի եւ շարժանկարի դերասան Սերրա Եըլմազ, Հրանդ Տինք Հիմնարկի նախագահ Ռաքել Տինք։
Միջազգային Հրանդ Տինք Մրցանակի նախորդ տարիներու դափնեկիրներն էին 2021-ին Թուրքիայէն Ճանան Արըն եւ Փիլիպեան Կղզիներէն Մարիա Ռեսսա։ 2020-ին Թուրքիայէն Օսման Քաւալա եւ Եգիպտոսէն Մոզն Հասան։ 2019-ին Թուրքիայէն Նեպահաթ Աքքոջ եւ Ակնես Քարշլինկ։ 2018-ին Թուրքիայէն Մուրատ Չելիքքան եւ Եէմէնի մէջ «Մուաթանայ Մարդու Իրաւունքներու Միութիւն»ը։ 2017-ին Թուրքիայէն Էրէն Քեսկին եւ Չինացի Աի Ուայ Ուայ։ 2016-ին Մալաւի, մանուկներու իրաւունքներուն համար պայքարող աւատապետ Թերեզա Քաչինտամոթօ եւ Թուրքիայէն «Ամիտայի Փաստաբաններու Կաճառ»ը։ 2015-ին Սաուտի Արապիայէն Սամար Պատավի եւ Թուրքիայէն «Քաոս ԿԼ»։ 2014-ին Թուրքիայէն Շեպնեմ Քորուր Ֆինճանճը եւ Էնճի Զելթեր։ 2013-ին Նաթաշա Քանտիչ եւ Թուրքիայէն «Շաբաթնօրեայ Մայրեր»ը։ 2012-ին Թուրքիայէն Իսմաիլ Պեշիքչի եւ «Միջազգային Մեմորիըլ Միութիւն»ը։ 2011-ին Թուրքիայէն վիպագիր Ահմետ Ալթան եւ Լիտյա Քաչօ։ 2010-ին Թուրքիայէն պարտադիր զինծառայութիւնը մերժող «Խղճով Մերժում» հարթակը եւ Սպանիայէն Պաղտասար Կարզոն։ 2009-ին Թուրքիայէն Ալփեր Կէօրմիւշ եւ Ամիրա Հասս։