ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Յաւերժի ճամբորդի երթը

21Սեպ­տեմբե­րը Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պետու­թեան ան­կա­խաց­ման օրն է։ Սո­վորա­բար տօ­նական մթնո­լոր­տի մէջ յի­շուած թո­ւակա­նը այս տա­րի դառ­նութիւ­նով կը նշենք։ Թշնա­միի յար­ձա­կու­մով զո­հուած զի­նուոր­նե­րու թա­ղու­մը տա­կաւին կը շա­րու­նա­կուի Եռաբ­լուրի վրայ։ Աւե­լի մտա­հոգի­չը ապա­գայի հան­դէպ մեր սնու­ցած մտա­հոգու­թիւններն են։

Երբ հո­ղին կը յանձնենք 18-20 տա­րեկան երի­տասարդնե­րու ան­շունչ մար­միննե­րը, ան­դին Հա­յաս­տա­նի ծննդատ­նե­րու մէջ նո­րածին­ներ իրենց առա­ջին ճի­չերը կ՚ար­ձա­կեն։ Ի՞նչ խոս­տում ու­նինք այդ նո­րածին­նե­րուն հան­դէպ։ Ի՞նչ կեն­ցաղ, ի՞նչ ու­սում եւ ի՞նչ աշ­խա­տանք պի­տի խոս­տա­նանք իրենց։

Վեր­ջերս աւե­լի յա­ճախ կը նշո­ւի հայ ժո­ղովուրդի մեծ բա­րերար Գա­լուստ Կիւլպէն­կեանի առա­ջար­կած փրկու­թեան մի­ջոցը։ Կիւլպէն­կեան տես­նե­լով հայ ժո­ղովուրդի հայ­րե­նիքի դժոխ­քի վե­րածո­ւելու երե­ւոյ­թը, խոր­հուրդ տո­ւած էր իր մի­ջոց­նե­րով գնել Ափ­րի­կէի հա­րաւին գտնո­ւող Մա­տակաս­կար կղզին եւ այսպէ­սով տի­րանալ արիւ­նարբու թշնա­մինե­րէ հե­ռու Հա­յաս­տանի մը։

Ճիշդ է որ Հա­յաս­տան իր կար­գին երկրա­գունդի վրայ կը զբա­ղեց­նէ այնպի­սի հա­տուած մը, ուր շրջա­պատո­ւած է զինք իր ճամ­բուն վրայ ար­գելք նկա­տող հա­րեւան­նե­րով։ Հա­րեւան­ներ որոնք պատ­մութեան բե­մը ելան հայ ժո­ղովուրդի գո­յու­թե­նէն դա­րեր ետք եւ իր յայտնու­թեան օրէն սկսեալ վա­րած զաւ­թիչ ու թա­լանիչ ռազ­մա­վարու­թիւնով փոր­ձանք դար­ձան աշ­խարհի գլխուն։ Պատ­մութեան հայ ժո­ղովուրդին թո­ղած ժա­ռան­գը եղաւ մի բուռ քար­քա­րոտ եր­կիր, որ ի դէմ բո­լոր դժբախ­տութիւննե­րու կը վա­յելէ Արա­րատի վե­հու­թիւնը։

Լե­րան պատ­կե­րին նա­յելով նոր աւիւն, նոր աւիշ պի­տի գտնենք մեր երակ­նե­րուն մէջ, երբ պի­տի շա­րու­նա­կենք մեր ուխտը, պա­հելու հա­մար այնքան թան­կա­գին հա­յու գո­յու­թիւնը երկրա­գունդի վրայ։

Հա­յերէ­նով պի­տի պա­հենք, հայ երգ ու տա­ղով պի­տի պա­հենք , ար­դար քրտին­քով, ար­դար վաս­տա­կով պի­տի պա­հենք այն գո­յու­թիւնը, որուն պատ­կա­նելու­թեան պար­ծանքը կը վա­յելենք։

Այս կամ­քը հաս­տատ պա­հելու հա­մար պահ մը պի­տի սթա­փինք պի­տի թո­թուենք մեր վրայ նստած դա­րերու փո­շին եւ պահ մը դի­տենք մեր ան­ցած ճա­նապար­հը։ Պի­տի տես­նենք որ այդ ճա­նապար­հը հե­զասահ չէ եղած մեր ոտ­քե­րուն տակ։ Մագլցած ենք բլուրներ, լեռ­ներ, իջած ենք ցածր ապա վերստին սլա­ցած դէ­պի նոր բար­ձունքներ։

Այդ հա­յեաց­քը պի­տի յու­շէ նաեւ մեր առ­ջեւ եր­կա­րող ճա­նապար­հի բար­դութիւննե­րը։

Չենք կրնար վհա­տիլ, յու­սալքո­ւիլ կամ հիաս­թա­փուիլ։

Պի­տի յի­շենք հա­յերէն մեծ բա­նաս­տեղծ Գէորգ Էմի­նի տո­ղերը եւ պի­տի շա­րու­նա­կենք մեր եր­թը դէ­պի յա­ւեր­ժութիւն։ Էմին մե­զի հա­մար գոր­ծա­ծած էր «Յա­ւեր­ժի ճամ­բորդը» ասոյ­թը։

Նոյ­նիսկ յոյս կար խա­չելու­թեան փայ­տը ու­սին Յի­սու­սի Գող­գո­թա լե­րան տա­նող եր­թի ըն­թացքին։ Մենք ալ մեր խա­չափայ­տը շալ­կած կը տա­նինք մեր ճամ­բան, քա­նի որ մա­հուամբ զմահն կո­խելն է մեր առա­քելու­թիւնը։

pakrates@yahoo.com

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ