Իրանի Իսլամ Հանրապետութիւնը կը դժուարանայ երկրէ ներս կանանց ծաւալող բողոքի ցոյցերը զսպելու։ «Բարոյականութեան Պահակներ» կոչեալ ոստիկանական միաւորումը նախորդ շաբթու մէջ դաժան ծեծի ենթարկած էր 22 ամեայ երիտասարդուհի Մահսա Ամինին, լաչակը պատշաճ ձեւով կապած չըլլալուն համար։ Ամինին գլխուն ստացած հարուածներու հետեւանքով հիւանդանոցի մէջ մահանալէն ետք բողոքի համատարած ցոյցերը ծաւալեցան երկրի զանազան քաղաքներուն։ Ցուցարարներ այս վերջին պատահարէն ետք հալածեցին կրօնամէտ վարչութիւնը եւ ցոյցերը ինքնաբերաբար ուղղուեցան տիրող իսլամական վարչակարգին դէմ։
Զանազան կանայք տեսանիւթեր հրապարակելով կտրեցին իրենց մազերը ըսելով թէ «մազ չկայ, մեղք չկայ»։ Իսկապէս ալ անտանելի դարձած երեւոյթ մըն է բարոյական բոլոր սկզբունքները կիներու հագուստին վերագրելու յիմարութիւնը։
Անցնող չորս օրերու ընթացքին բողոքի ցոյցերուն դէմ ոստիկանական բռնութեան հետեւանքով մահացողներու թիւը հասած է հինգի։