20Սեպտեմբերին կայացաւ Անգլիոյ գահի ամենաերկարամեայ սպասարկող Եղիսաբեթ Բ. թագուհիի թաղումը։ Թագուհին աւելի քան 70 տարիներու գահակելութենէն ետք հրաժեշտ առաւ այս աշխարհէն իր հետ տանելով Անգլիոյ կայսերապաշտ քաղաքական աւանդութենէն բխող բազմաթիւ մեղքեր։ Որքան ալ պալատը ուղղակիօրէն պատասխանատուութիւն չ՚ունենայ երկրի միջազգային քաղաքականութեան վրայ, խորհրդանշական առումով երկրի բանակին եւ քաղաքական գործիչներուն բազում յանցագործութիւնները վերագրուեցան Եղիսաբեթ Բ. թագուհիին։
Թաղման արարողութեան մասնակցեցան աշխարհի զանազան երկիրներէն շուրջ 2000 հրաւիրեալներ։ Անոնք ընդհանրապէս համակերպեցան թաղման կազմակերպնչ յանձնախումբի պահանջներուն եւ փոխանակ յատուկ թռիչքներու եւ անձնական ինքնաթիռներու, Լոնտոն ժամանեցին քաղաքացիական թռիչքներով։
Թաղման արարողութեան ընթացքին Թուրքիան ներկայացուց Արտաքին Գործոց Նախարար Մեւլիւթ Չաւուշօղլուն։
Պատրիարք Հօր ցաւակցական այցելութիւնը Անգլիական
Հիւպատոսարան
Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Սրբազան Պատրիարք Հայրը, 14 Սեպտեմբեր 2022, Չորեքշաբթի, ժամը 15.00-ին, նախապէս առնուած ժամադրութեամբ այցելեց Անգլիական Հիւպատոսարան, Անգլիոյ Թագուհի Եղիսաբեթ Բ.-ի մահուան առիթով։ Մեր Հոգեւոր Պետին կ՚ընկերանար Պատրիարքական Փոխանորդ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։
Պատրիարք Հայրը, այս առիթով ստորագրեց հիւպատոսարանի ցաւակցական տոմարը եւ յանուն Պատրիարքական Աթոռոյ եւ Հայ համայնքին ցաւակցութիւն յայտնեց։ Պատրիարք Հայրը այս առթիւ հանդիպում ունեցաւ նաեւ Հիւպատոսի Տեղակալ Քէյթ Կրինիին հետ եւ բանիւ բերանոյ կրկին անգամ յայտնեց իր ցաւակցութիւնները։