Ատրպէյճանի յարձակումով մեկնարկած երկօրեայ սահմանային բախումներէ ետք Հայաստան կ՚այցելեն միջազգային դերակատարներ։ Այս առումով աղմկայարոյց եղաւ ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու Տան անունով Նէնսի Փելոսիի այցելութիւնը։ Փելոսի իր եռօրեայ այցելութեան ընթացքին ընդունուեցաւ Վարչապետ Փաշինեանի կողմէ։ Այցելեց սահմանամերձ շրջանները եւ տեղեկացաւ հասարակ ժողովուրդի արժանացած վնասներուն։ Ան նաեւ այցելեց ցեղասպանութեան յուշահամալիր, յարգանքի տուրք մատուցելով մեծ եղեռնին զոհուած 1,5 միլիոն հայերու յիշատակին։
Նէնսի Փելոսիի Հայաստան կատարած այցելութիւնը դժգոհութիւն պատճառեց Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ քաղաքական շրջանակներուն։ Միւս կողմէ Հաւաքական Անվտանգութեան Պայմանագրի Կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) ընդհանուր քարտուղարին գլխաւորած առաքելութիւնը եւս հասաւ Հայաստան։
Ընդհանուր քարտուղար Սթանիսլաւ Զասի ղեկավարած պատուիրակութեան, մաս կը կազմէին ՀԱՊԿ-ի անդամ երկիրներու ներկայացուցիչները։
Անոնք պաշտօն ստանձնած էին անդամ պետութիւններու ղեկավարներուն համար տարածաշրջանի իրավիճակին մասին մանրակրկիտ տեղեկութիւն փոխանցել։
20-25 Սեպտեմբեր տեւելիք այցելութեան ընթացքին նախատեսուած են սահմանամերձ շրջաններու մէջ իրավիճակի ուսումնասիրութեան եւ դիտարկման աշխատանքներ, ինչպէս նաեւ հանդիպումներ Հայաստանի բարձրագոյն քաղաքական եւ ռազմական ղեկավարութեան հետ։
Յայտնենք, որ նախորդ շաբթուան սկիզբը սահմանին ռազմական բուռն գործողութիւններու սկսելէն ետք պաշտօնական Երեւան դիմեց ՀԱՊԿին, ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդին եւ Ռուսիոյ: ՀԱՊԿն, որուն անդամ է Հայաստանը, Երեւանի աջակցութեան դիմումին իբրեւ պատասխան դիտարկման խումբ ուղարկեց Հայաստան։ Խումբը դիտարկում կատարեց Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի սահմանի քանի մը հատուածներու մէջ։
Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան մէջ տեղի ունեցաւ խորհրդակցութիւն`նուիրուած Հայաստանի մէջ ՀԱՊԿ-ի առաքելութեան առաջապահ խումբի աշխատանքի արդիւնքներուն։ Զօրավար-գնդապետ Անաթոլի Սիտորով, որ կը ղեկավարէ առաջնային խումբը, Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեանին տեղեկացուց Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի սահմանի առանձին հատուածներուն մէջ ստեղծուած իրավիճակի վերլուծութեան արդիւնքներուն, հիմնական եզրակացութիւններուն եւ համապատասխան միջոցառումներու առաջարկներուն մասին։
Պաշտպանութեան նախարարութեան մէջ տեղի ունեցած հանդիպումէն ետք ՀԱՊԿ-ի առաքելութեան խումբը մեկնեցաւ Մոսկուա։
Պարտինք նաեւ նշել թէ Հայաստանի քաղաքական դաշտին վրայ վիճելի դարձած է ՀԱՊԿ-ի անդամակցութեան իմաստը։