Մենք՝ յետխորհրդային տարածքի եւ անոր յարակից շրջաններու` յանուն խաղաղութեան հանդէս եկող խումբ մը մարդիկ, հիւծուած ըլլալով անվերջանալի պատերազմներէն եւ մեր տարածաշրջանին աճող գերտէրութիւններու մրցակցութենէն (կայսերական նկրտումներէն), մեր վրդովմունքը կ՚արտայայտենք Հայաստանի Հանրապետութեան վրայ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան վերջին լայնածաւալ յարձակման վերաբերեալ։ Այս յարձակումը Ռուսաստանի Դաշնութեան Ուկրաինոյի վրայ շարունակուող յարձակման, ինչպէս նաեւ Ղրղզստանի եւ Տաջիկստանի սահմանին վերսկսուած բախումներու ենթահողին անհանգստութիւն կ՚առաջացնէ ոչ միայն հայ-ատրպէյճանական հակամարտութեան սահմանումին, այլ նաեւ յետխորհրդային տարածքի այլ հատուածներուն հակամարտութիւններու հնարաւոր սրացման վերաբերեալ։
Հայաստանի Հանրապետութեան վրայ Ատրպէյճանի վերջին յարձակումը երկու օրուայ ընթացքին հարիւրաւոր կեանքեր խլած է հակամարտող երկու կողմերէ, լուրջ աւերածութիւններ պատճառած Հայաստանի քաղաքացիական ենթակառուցուածքներուն, տեղահանած հազարաւոր մարդկանց եւ կը շարունակէ ա՛լ աւելի խորացնել պետութիւններու եւ անոնց ժողովուրդներու միջեւ անջրպետը։
Մենք մեր բողոքի ձայնը կը բարձրացնենք շարունակուող պատերազմին դէմ։ Երկու տարի առաջ Ղարաբաղեան երկրորդ կործանարար պատերազմը սարսափելի փորձութիւն էր, որով հայ եւ ատրպէյճանցի հասարակութիւնները դեռեւս չեն վերականգնած եւ կը շարունակեն խորը թշնամանք տածել միմեանց նկատմամբ։ Հայ եւ ատրպէյճանցի պաշտօնեաները պէտք է ի վերջոյ հասկանան, որ ռազմական միջոցները չեն կրնար լուծել հակամարտութիւնը, այլ միայն կը խորացնեն երկու հասարակութիւններու միջեւ անջրպետը։ Ռազմական ճանապարհով հակամարտութեան լուծում փնտռելը միայն կը յանգեցնէ աւելի շատ բռնութեան ու մարդկային տառապանքի։ Մենք կ՚ողջունենք Սեպտեմբերի 15-ին բռնութիւնը դադրեցնող զինադադարը եւ կը պահանջենք մշտական վերադարձ բանակցային սեղանին՝ առանց որեւէ հետագայ սրման եւ բռնութեան։
Ատրպէյճանական կողմը պէտք է գիտակցի, որ «միջանցքներ» հնարաւոր չէ բանալ եւ խաղաղութիւն ձեռք բերել ռազմական յարձակումներու միջոցով։ Նման հեռանկարները անընդունելի են այն մարդկանց համար, որոնց առօրեան ենթադրաբար անցնելու է եւ կապուած կ՚ըլլայ այդ «միջանցքներու» հետ։ Նման հեռանկարը ապագային թոյլ չի տար երկու կողմերու սահմանամերձ բնակչութեանը համագործակցիլ միմեանց հետ։ Խաղաղութիւն անհնար է պարտադրել։ Իրենց հերթին՝ Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտօնեաները պէտք է ընդունին աւելի քան 30 տարուայ ընթացքին իրենց կոշտ բանակցային դիրքորոշման վնասն ու հետեւանքը՝ ներառեալ հարիւր հազարաւոր ատրպէյճանցիներու տեղահանումը եւ ժամանակին փոխզիջումներէն եւ հակամարտութիւնը կարգաւորելէն խուսափելը։
Փակ դռներու ետեւ «միջնորդաւորուած» բանակցութիւնները, որոնք չեն քննարկեր տուժած անձանց կենսապահովումը եւ անգամ հասարակ մարդկային կարիքները, դատապարտուած են ձախողման։ Միջպետական բանակցութիւններու լաւագոյն միջնորցները երկու երկրներու՝ ոչ պետական եւ խաղաղութեան ուղղուած/խաղաղարար խումբերն ու համայնքներն են, որոնք ունին հակամարտութեան հակառակ կողմերուն գտնուող մարդկանց հետ սեփական վէճերը յաղթահարելու եւ երկխօսութիւն ապահովելու մեծ փորձ։
Մենք յստակ կապ կը տեսնենք հայ-ատրպէյճանական հակամարտութեան եւ խաղաղութեան գործընթացներու, ինչպէս նաեւ Ուկրաինական պատերազմի զարգացումներու միջեւ։ Ուկրաինայի մահաբեր պատերազմը խռովութեան եւ անկայունութեան լայն ալիք առաջացուցած է յետխորհրդային տարածաշրջանին։ Այս կապը կ՚ապացուցէ նաեւ այն պարզ ճշմարտութիւնը, որ բռնութիւնն աւելի շատ բռնութիւն կը ծնի։ Ոչ մի հակամարտութիւն ռազմական լուծում չունի, եւ մարդկային կեանքը բացարձակ արժէք է։ Հիմնական առաջնահերթութիւնը պէտք է ըլլայ ոչ ռազմական, դիւանագիտական լուծումները, որոնք միշտ հնարաւոր են՝ անկախ անկէ, թէ պետական այրերը մեզ ինչ կը փորձեն համոզել։ Այլեւս կարելի չէ հանդուրժել պետութիւններու անկարողութեանը կամ կամքի բացակայութեանը՝ խնդիրները ոչ բռնի ճանապարհով լուծելու եւ մարդկային անվտանգութիւնն ապահովելու հարցերուն։
Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ի վեր մենք կ՚անցնինք բռնութիւններու տասնամեակներու միջէն։ Մենք կը շարունակենք տուժել Ուկրաինայի, Ռուսաստանի, Հայաստանի, Ատրպէյճանի, Տաջիկստանի եւ Ղրղզստանի տարածքին պարբերաբար կրկնուող պատերազմներէն։ Մենք խորապէս մտահոգուած ենք մոլտովական-մերձդնեստրեան, վրաց-աբխազական եւ վրաց-օսեթական հակամարտութիւններու վերաբացման բացայայտ փորձերէն։ Ուկրաինայի տարածքին ՆԱԹՕ-ի եւ Ռուսաստանի Դաշնութեան միջեւ առճակատումը տեղի կ՚ունենայ հիմնականին Ուկրաինայի եւ անոր յարակից Ռուսաստանի շրջաններու բնակչութեան կեանքի հաշուոյն։ Աւելին, օրական հարիւրաւոր ուկրաինացի եւ ռուս զինուորականներ կ՚սպանուին։
Եթէ մենք մնանք ներկայիս յետագծի վրայ, ապա միայն ժամանակի հարց է, թէ Եւրասիայի տարբեր տարածաշրջաններուն շարունակուող պատերազմները երբ կը միաձուլուին միմեանց եւ աշխարհի այլ մասերուն պատերազմներու հետ կը վերածուին աւելի մեծ տարածաշրջանային կամ համաշխարհային պատերազմի՝ խլելով ա՛լ աւելի շատ մարդկային կեանքեր։
Նման զարգացումները անթոյլատրելի են։ Մենք խաղաղութեան կոչ չենք ըներ, մենք կը պահանջենք խաղաղութիւնը։ Մենք կառավարութիւններէն կը պահանջենք պարտաւորուիլ ուժ չկիրառելու եւ իրական դիւանագիտական լուծումներ փնտռեու, որոնք առաջնահերթ կը համարեն մարդկային անվտանգութիւնը։ Մենք նաեւ կը պահանջենք պաշտօնեաներէն չխոչընդոտել, այլ նպաստել հասարակութիւններու միջեւ շփումներուն եւ խաղաղութեան հաստատման։
Պաշտօնական բանակցութիւններուն ներգրաւուած միջազգային դերակատարներէն կը պահանջենք երաշխաւորել, որ հակամարտութենէն տուժած մարդկանց ձայնը լսելի ըլլայ։ Մենք նաեւ կը պահանջենք, որպէսզի հասարակութիւններու միջեւ բանակցութիւնները եւ մարդկային անվտանգութեան նկատառումները հաւասարապէս հաշուի առնուին պաշտօնական բանակցային գործընթացին։
18.09.2022
Յայտարարութեանը միանալու համար ուղարկէք ձեր ամբողջական անունը, երկիրը եւ մասնագիտութիւնը postsovietpeace@gmail.com էլ. հասցէին։
Ստորագրություններ. Ֆլորա Ղազարեան, Նազրին Կատիմովա, Քաթիա Քորապլէվա, Լիլիթ Կիզհլարեան, Մարինա Տանոյեան, Վատիմ Ռոմաշով, Սեւիլ Հուսէյնովա, Տիանա Եայլոյեան, Մեթէ Ուլութաշ, Լէոն Ասլանով, Իվան Նիքոլովսքի, Տունժա Միլենքովիչ, Շիրին Թումենպայէվա, Լալա Տարչինովա, Սեւինչ Սամատզատէ, Սաատեթ Ապտուլլազատէ, Պուրճու Պեճերմեն, Արփի ՊԵքարեան, Ռուսթեմ Իսմայիլլպայլի, Զաքիր Պայրամով, Ռովշան Մամմատլի, Նիքա Մուսավի, Սամիր Աքհունզատա, Սամիրա Ալաքպարլի, Թողրուլ Ապպասով, Հերմինէ Վիրապեան, Լաման Օրուչովա, Սամատ Շիքհի, Նշան Կիւրեհ, Արազ Շիրինով, Էմել Քուրմա, Ֆարիտ Իսմայիլով, Լիլիթ Տատակեան, Ալիհէյտար Ալիեւ, Ալի Մալիքով, Էլվին Ժապիզատեհ, Լոկհման Կասիմով, Ֆիլիփ Կամակհելեան, Սերկէյ Ռումեանսեւ, Աթուֆ Կուլիյեւ, Փոլատ Կուլուշով, Քեթի Քափանացէ, Զարինա Սանաքոէվա, Ժոշ Նատէաու, Զամիրա Ապպասովա, Էվա Գաբրիէլեան, Թամարա Աթայեան, Կարինէ Տէր Գաբրիէլեան, Ռիթա Օհանեան, Հուսիկ Խուլեան, Լէյլի Կաֆարով, Նայիլա Տատաշ, Կունել Մովլուտ, Տարին Մորսել, Արծրուն Փիջազեան, Էրիք Ռուպենզ, Արնոլտ Ալեվարտեան, Անահիտ Ասլանեան, Անի Փայիթժան,Ակաբեկ Սիմոնեան, Աննա Լէոնթէվա, Արազ Պակհիրով, Միքայիլ Մամետով։