12Սեպտեմբեր երկուշաբթին, երեքշաբթիի կապող կէսգիշերուայ ժամերուն Հայաստանի արեւելեան սահմանամերձ քաղաքները ցնցուեցան Ատրպէյճանի զինեալ ուժերու յանկարծակի յարձակումով։ Յարձակումը լայնածաւալ էր եւ հիւսիս-հարաւ ուղղութեան վրայ կը թիրախաւորէր բաւական լայն շերտ մը։ Յայտնի էր թէ Ատրպէյճանի զինեալ ուժերը երկար պատրաստութենէ մը ետք սկսած էին այս յարձակման։ Ինչպէս 44 օրեայ պատերազմի մեկնարկման պահուն, այս անգամ ալ յարձակումի հետ միասին շրջանառութեան դրուած էր ապատեղեկատուութիւնը, որուն հետեւանքով Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարը Մեւլիւտ Չաւուշօղլու իսկոյն արձագանգեց յարձակումներուն, պատահածները վերագրելով Հայաստանի բանակին։ Նոյնը պատահած էր 44 օրեայ պատերազմի ժամանակ եւ Թուրքիոյ մամլոյ ծառայութիւնները օրեր շարունակ պատերազմի ծագումը վերագրած էին Հայաստանի յարձակումին։ Հազիւ պատերազմի աւարտէն ետք էր որ Ատրպէյճանի նախագահը յայտարարեց իրողութիւնը։
Այս ապատեղեկատուութիւնը բոլորովին գործածական միջոց մըն է համաշխարհային քաղաքական այրերուն համար, որոնք ինչպէս միշտ այս անգամ ալ յայտնեցին իրենց մտահոգութիւնը եւ կոչ ուղղեցին կողմերուն, տարակարծութիւնները քաղաքական բանակցութիւններով լուծելու համար։
Յարձակումներէն ետք ՀՀ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռաձայնեց Ռուսիոյ Նախագահին ՀԱՊԿ-ի գրասենեակին, Ֆրանսայի նախագահին, Միացեալ Նահանգներու ԱրտԳործ Նախարար Էնթնի Պլինքընին եւ Իրանի նախագահին պահանջելով անոնց ուշադրութիւնը կատարուածներուն հանդէպ։ Վարչապետը նոյն օր Ազգային Ժողովի դահլիճին մէջ բացատրութիւններ տուաւ զարգացումներու մասին եւ պատասխանեց քննադատութիւններուն։
Միւս կողմէ Ատրպէյճանի իշխանամետ մամուլն ալ կը զբաղէր ռազմական գործողութիւնը արդարացնելու ծառայող պատճառաբանութիւններ արտադրելու։ Անոնք կը խոստովանէին թէ յարձակումը կատարուած է Հայաստանը խաղաղութեան դաշինք կնքելու պարտադրելու համար։ Յաջորդ օր հնչած համաշխարհային արձագանգները ամբողջովին իմաստազուրկ էին, եթէ նկատի ունենանք շուրջ 160 երիտասարդներու կեանքերը։ Այսպէս Նիկոլ Փաշինեան սպայակոյտի փոխանցած տեղեկութիւններու հիման վրայ կը յայտարարէր թէ յարձակման հետեւանքով Հայաստանի Զինեալ Ուժերը ունեցած են 105 կորուստներ։ Իլհամ Ալիեւն ալ իր կարգին յայտարարեց 50 զոհուածներու մասին, որոնցմէ 42-ը զինուորներ էին, իսկ 8 բանակի զանազան ստորաբաժանումներու մէջ պաշտօն ստանձնած քաղաքացիներ։
Այս երեւոյթը յատկապէս օրակարգի կը բերէր Թուրքիոյ Խորհրդարանի հայազգի պատգամաւոր Կարօ Փայլան, յիշեցնելով թէ երկու կողմէն ալ մահացող երիտասարդներու փոխարէն այս զարգացումներէն շահաւոր կ՚ելլէ Ռուսաստան։
Տեղին մատնանշում մըն է այս, որուն մասին պէտք է մտածեն ո՛չ միայն պետութիւններու ղեկավարութիւնները, այլ նոյն ինքն զոհուածներու ընտանիքները եւ ամբողջ հասարակութիւնը։