7Սեպտեմբերին Իսթանպուլի Կուսակալութեան մէջ կայացող Խորհրդակցական ժողովէն ետք 10 Սեպտեմբերին ալ Ներքին Գործոց Նախարար Սիւլէյման Սոյլույի նախագահութեամբ գումարուեցաւ երկրորդ ժողով մը եւս։ Երկու ժողովներուն ալ օրակարգի նիւթն էր փոքրամասնութիւններու հիմնարկներու ընտրութեան խնդիրը։ 9 տարուայ առկախուած ընտրութիւններու թնճուկը բանալու համար 18 Յունիսին պետական պաշտօնաթերթի մէջ հրատարակուեցաւ կանոնագրութիւն մը, որ բաւական հեռու էր համայնքներու ակնկալութիւնները գոհացնելէ։
Թուրքիոյ հայ համայնքը եւս նկատեց կանոնագրի թերութիւնները, բայց նախընտրեց առարկութիւն չունենալ արդէն ուշացած ընտրութիւնները ալ աւելի չուշացնելու համար։ Սակայն յաջորդող զարգացումները ստիպեցին որոշ միջամտութիւններ պահանջել։ Այս առթիւ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Սահակ Բ. նամակով մը դիմեց Հանրապետութեան Նախագահին, որոշ ոտնձգութիւններու դէմ իր միջամտութիւնը խնդրելով։
7 եւ 10 Սեպտեմբերի ժողովները կարելի է այդ խնդրանքի պատասխանը համարել, քանի որ նախագահը որեւէ կերպ չէր արձագանգած իրեն ուղուած խնդրանքին։
10 Սեպտեմբերի ժողովին ներկայ էին նաեւ Թուրքիոյ այլ փոքրամասնական համայնքներու հոգեւոր եւ աշխարհիկ ներկայացուցիչները։
Նախարար Սոյլու, որ նախապէս ուսումնասիրած էր նախորդ ժողովին բարձրաձայնուած առարկութիւնները կտրուկ կերպով յայտարարեց, որ համայնքային հաստատութիւններու ընտրութիւնները հայերու եւ յունաց համար պիտի կայանայ նախապէս ճշդուած ձեւով, այսինքն Իսթանպուլը երեք ընտրատարածքի բաժանելու հիման վրայ։ Իսկ մնացեալ փոքրամասնական համայնքները որոնք համեմատաբար աւելի նուազ թիւով հիմնարկներ ունին, անոնք պիտի կրնան ընտրութիւնը ընդլայնել բովանդակ քաղաքի, նոյնիսկ ամբողջ երկրի տարածքին։
Այս երեւոյթը շատ լուրջ դժուարութիւն կը յարուցէ յոյն համայնքի հաշուոյն, քանի որ անոնք ամենամեծ թիւով հաստատութիւններ ունենալով հանդերձ կը ներկայանան ամենանուազ բնակչութեամբ։ Իսկ հայերս այդպէսով կորսնցուցած կ՚ըլլանք հինգ հաստատութիւններու, այսինքն Սուրբ Փրկիչ Հիւանդանոցի, Գարակէօզեան եւ Գալֆայեան Որբանոցներու, Կեդրոնական Վարժարանի եւ Սուրբ Խաչ Դպրեվանքի «ազգային հաստատութիւն» կոչումը։
Կատարուած դիմումներէն մէկն ալ ընտրութեան ժամկէտը գոնէ մէկ ամիսով երկարաձգելու մասին էր, որ դարձեալ մերժուեցաւ Նախարարին կողմէ։
Շաբաթ առաւօտուայ հանդիպումէն ետք հայ կաթողիկէ, հայ բողոքական, ասորի եւ հրեայ համայնքներու ներկայացուցիչները գոհունակութիւն կը յայտնէին։ Կատարուած բարեփոխումը նպաստաւոր էր իրենց համար։ Զարմանալին այն է որ Պատրիարք Սրբազանը եւ Պետրոս Շիրինօղլու եւս գոհունակութիւն կը յայտնէին հակառակ համայնքի լայն շրջանակներու եւ «ազգային հաստատութիւն» բնութագրումով յիշուած հիմնարկներու վարիչներուն։ Յայտնի է որ Պատրիարքի եւ Շիրինօղլուի գոհունակութիւնը կը բխի Օրթագիւղի Սուրբ Աստուածաին եկեղեցւոյ եւ անոր օրինակին հետեւող քանի մը թաղականութիւններու ինքնագլուխ գործելու կասեցումէն։
Այժմ բոլոր համայքներուն առջեւ ծառացած է յառաջիկայ 3,5 ամիսներու ընթացքին ընտրութիւնը կատար հանելու դժուարին գործը։
Դժուարին՝ քանի որ հասարակութեան մէջ ալ չի նկատուիր ընտրութիւններու հանդէպ ակնկալուած հետաքրքրութիւնը։