12Սեպտեմբերի առաւօտուայ ժամերով մեկնարկեց ուսման նոր տարեշրջանը։ Նախակրթարանի, միջնակարգի եւ երկրորդական ուսման բաժիններու հետեւող բիւրաւոր մանուկ եւ պատանիառաջին զանգով սկսած եղան ուսման նոր տարեշրջանին։
Իշխանութիւններու քմահաճոյքին բերմամբ Թուրքիոյ մէջ ուսման բոլոր հանգրուաններուն մէջ կը տիրէ գիտելիքներու պաշարի անկում մը։ Այս մասին միջազգային տուեալներ Թուրքիոյ դիրքը տարուէ տարի աւելի նուազ կը գնահատեն։ Այս թերացումին մէջ կարեւոր դերակատարութիւն ունի իշխանութեան որդեգրած կրօնամետ դասաւանդման եղանակը։ Ուսման նոր տարեշրջանը մեկնարկեց աշակերտութեան, ծնողաց եւ ուսուցչաց կրկնապատկուած հոգերով։