Թուրքիոյ բանտերէն ներս բանտարկեալներու հանդէպ դաժան վերաբերմունքը հետզհետէ աւելի տեսանելի կը դառնայ տարբեր բնոյթի բողոքի ցոյցերով։ Բանտերէ ներս բողոքի ամենատարածուն եղանակը հացադուլն է, որ մերթ ընդ մերթ կեանքեր ալ կը խլէ։ Իսկ բանտարկեալներու մերձաւորները մամլոյ յատարարութիւններով կ՚ուզեն լսելի դարձնել բանտէ ներս տիրող անկարգութիւնները։
Վերջերս բանտի մէջ հացադուլի դիմած քաղբանտարկեալ Իլերի Քըզըլալթունի կողակիցն ալ որոշած է դուրսէն մասնակցիլ ամուսնոյն գործադրած հացադուլին։
Այսպէս «Կուրուփ Եորում» երաժշտական խումբի անդամ Պահար Քուրթ ալ 13 Սեպտեմբերին սկսաւ իր միամսեայ հացադուլին։