ՉԻՂՏԵՄ ՄԱԹԵՐ ՈՒԹՔՈՒ
Հոգիս Հրանդ Տինք,
Կարծես պատմական զաւեշտ մը ըլլայ, այս տողերը կը գրեմ Պաքըրգիւղէն։ Այն թաղէն, ուր անցած է իմ նախակրթարանի աշակետութեան տարիները եւ խօսքը մեր մէջ այդքան ալ չեմ սիրած։
Իսթանպուլ պողոտան հատող Մուհասեպեճի փողոցի մեր տունէն «Փիլոթ Ճենկիզ Թոփել» նախակրթարան տանող ճամբուս վրայ ամենասիրելի վայրն էր «Պէյազ Ատամ» գրատունը։ Գրենական պիտոյքի սիրահարիս համար իրաւ սրբավայր մը։ Մանկութեանս արժանաւորը Օշին Չիլինկիրը հոն էր, դուն ալ նոյնպէս։ Սակայն իմ աչքը ձեզ չէր տեսներ։
Երբ մեծցայ եւ խելքս հասունցաւ դժուարացայ Հրանդ Տինքին «Պէյազ Ատամ» գրախանութի այդ հօբարը ըլլալը ընկալելու։ Հրանդ Տինքը անսովոր բաներ կը պատմէր մեզի։ Ոչ նախակրթարանի եւ ոչ ալ ուրիշ տեղ յիշուած պատմութիւն մը կը պատմէր։ Նախ լսեցի իր խօսքերը, ապա իմացայ եւ բնականաբար սկսայ կարդալ։
Դէպի Հայաստան
Հայաստանը հեռաւոր հարեւան մըն էր։ Մեծցած էի։ Սկսած էի Կարս այցելել։ Ճամբորդութիւնները եւ ծանօթութիւնները ընթերցելու ալ աւելի մեծ պահանջք գոյացուցին։ Սիրելի Օսման Քաւալա, որ այս տողերը պիտի կարդայ Սիլիվրիի արգելանոցը սկսած էր մտմտալ թէ արդեօք կարելի է՞ այդ հեռաւոր հարեւանը մերձաւոր դարձնել։ Ինծի վիճակեցաւ նշուած արդեօքը որոնելու համար Հայաստան ճամբորդել։ Նախքան մեկնումս քեզ այցելեցի։
Երկար ցանկ մը դրիր դիմացս։ Տեսարժան վայրեր, ուտեստներ եւ ծանօթանալիք մարդ։ Այդ պահուն չէի գտեր թէ յաջորդող տարիներուն տասնեակ անգամներ պիտի այցելեմ Երեւան։ Այդ պատճառաւ ալ փորձեցի բոլոր թելադրանքները իրականացնել։ Օրինակ Խոր Վիրապի վանքը այցելեցի։ Աշխարհի վրայ ամենասիրելի տեղերէն մէկը ինծի համար։ Չէի գիտեր թէ աւելի ետք 10 անգամ եւս պիտի երթամ այդ նոյն վայրը։ Ապա խնկալի կերայ։ Հակառակ որ չեմ հանդուրժեր «քիշնիշ» կոչուած համեմունքը։ Շատ ուշ իմացայ որ կարելի էր մէը օր առաջ այդ ճաշարանը հանդիպելով յաջորդ օրուան համար առանց «քիշնիշ»ի խնկալի պատուիրել։ Շրջեցայ, ման եկայ, կերայ, խմեցի, ծանօթացայ, զրուցեցի եւ այսօր կ՚անդրադառնամ որ ամենակարեւորը՝ լսեցի։
Վերադարձին ճամբորդութիւնս հազիւ ոտքի վրայ կրցայ պատմել քեզի։ 2006-ի ամառն էր։ Մեծ Կղզի, ճաշասեղանի մը շուրջն էինք՝ բազմութիւն։ Ապա դատարանի դռներէն բացի ցուցահանդէսի մը առիթով տեսայ քեզ։ Այդ վերջնն էր։ Անգամ մըն ալ չհեսայ քեզ։
19 Յունուար 2007 Էլմատաղ, «Ակօս»ին հազիւ 1,5 քմ. հեռաւորութեան վրայ «Անատոլու Քիւլթիւր»ի գրասեղանս էի, երբ հեռախօսս հնչեց։ Մուրատը անճարակ դարձած էր, ընկալուչը ձեռին։ Չէր կրնար խօսիլ։ Մենք զմեզ «Ակօս»ին մուտքին գտանք։ Էօզլեմ Տալքըրանի հետ ափսոսանքով իրար կը նայէինք։ Այդ պահէն մտքիս մէջ դրոշմուած է Օսման Քաւալայի վշտահար հայեացքը։ Դեռ չէի անդրդարձած թէ կեանքիս կարեւագոյն անկիւնադարձին եմ։ Այդ բազմութիւնը կազմող մարդոցմէ ոմանց յաջորդող օրերուն, ամիսներուն կամ տարիներուն իմ կեանքին կիզակէտին ըլլալնին չէի կրնար գիտնալ։ 29 տարեկան էի։ Գիտէի երկրի չարիքները։ Բայց բնաւ չէի յուսար որ «Ակօս»ի դրան առջեւ երկրի մը յոյս ներշնչող ապագան զգետնած պիտի ըլլլար։ Չէի յուսար, ինչպէս որ Սիրելի Ռաքէլ Տինք երկու շաբաթ առաջ ինծի ուղղեալ բաց նամակին մէջ կ՚ընդգծէր։ Անիծեալ հողերէն, անէծքին վերանալը յուսալը հաւանականութիւն մըն էր եւ շատ քաղցր հաւանականութիւն մը։ Այդ հաւանականութիւնը ոչ միայն զիս, այլ բազմահազար մարդկանց վրայ ազդեց։ Այդ ազդեցութեան վառ ապացոյցը այս պատմական քաղաքի փողոցներէն քեզ ճանապարհելն էր։
Սիրելի Հրանդ Տինք, քու գոյութիւնով ու բացակայութիւնով բացած դուռդ շատ արժէքաւոր է։ Անցնող 15 տարիներու ընթացքին Թուրքիա, Հայաստան եւ նռան հատիկներու նման աշխարհի չորս ծագերուն ցրուած հայկական սփիւռքէն հազարաւորներ անցան այդ դռնէն։ Ծանօթացան, զրուցեցին, լսեցին, առերեսուեցան, իմացան եւ միասին շարունակեցին երթը։ Քու անունով հիմնուած հիմնարկը, որուն մասնիկը ըլլալու պատիւը կը զգամ միշտ, քու իսկ երեւակայութեան սահմաններէն վեր գործեր իրականացուց։ Ընդմիշտ յիշեցուց հայելիին եւ ապա իրարու նայելուն արժէքը։ Թուրքիոյ, Հայաստանի եւ սփիւռքի տարբեր անկիւններէն երիտասարդներ շարժանկարով, արուեստով, պատմութիւնով եւ ծանօթանալով ուրիշ տեսակ հարեւանութեան մըն ալ կարելիութիւնը փաստեցին։
Ինչ լաւ է որ Հրանդ Տինք Հիմնարկը առանձին չէ։ Թուրքիայէն, Հայաստանէն եւ սփիւռքէն բազմաթիւ անհատներ, հաստատութիւններ, նախաձեռնութիւններ անցնող 15 տարիներու ընթացքին պատասխանատուութիւն ստանձնեցին։ Այդ հաւանականութեան համար ջանք վատնեցին։ Մի նայիր որ այսքան հանգիստ կը գրեմ բնաւ դիւրին չէր եւ տակաւին ալ չէ։
Թէ երկիրը եւ թէ աշխարհ օրըստօրէ կը դժուարանայ։ Եթէ մէկ քայլ առաջ կ՚անցնինք, երկու քայլ ետ կը մղուինք։ Պահ մը կը յուսադրուինք եւ ապա ամէն ինչ դարձեալ մեր վրայ կը փլի։ Ինչպէս կ՚ըսէ Ռաքէլ Տինք. «Բռնակալութիւնը չէ փոխուած, այլ բռնակալները»։ Նոյնիսկ անոնք չեն փոխուած։ Նոյն խաւար դէմքերը մեր դիմաց։ Անշուշտ որ այս անվերջանալի բռնութենէն բոլորս ալ մեր բաժինը կը քաղենք։ Սիրելի Օսման Քաւալա համարեա 5 տարի է որ Սիլիվրի բանտարկուած է։ Մեր 15 տարուայ գործընկեր Պիրճան Սինճանի մէջ երկրորդ տարին կը լրացնէ շուտով։ Մենք Պաքըրգիւղ եւ Սիլիվրիի մէջ 5 ամիսը կը բոլորենք։ Թուրքիոյ զանազան բանտերուն մէջ ծանօթ, անծանօթ բարեկամներ ունինք։ Այս 15 տարիներուն միասին քալած ընկերներնէս ոմանք բանտարկուեցան, դուրս եկան, աքսորուեցան, ոմանք բացայայտ սպառնալիքներու տակ Խորհրդարանի մէջ ձայն բարձրացնել կը շարունակեն։
Գիտեմ յոռետես եղան գրածներս՝ բայց երկրի վիճակը լաւատեսութիւն չարտօնէր։ Դարձեալ յիշեմ Ռաքէլ Տինքը. «Մեր հայեացքը ուղղուած է երկրի լուսաւոր երեսին»։
Ճիշդ է յոյսերնիս կապած ենք այդ լուսաւոր ապագային։ Եւ գիտնաս որքան շատ կարօտցած ենք քեզ, այդ ապագայի կարօտին մէջ։ Որքան կարօտած ենք ամենուրէք ամէն պայմանի տակ, ամէնու հետ խօսելու, պատմելու, լսելու յամառութիւնը։ Ամենուն հետ իր հասկցած լեզուով խօսելու կարողութիւնդ, եռանդդ ու խինդդ…։
Ինչ լաւ է որ մեզի փոխանցեցիր լռութեան դատապարտուածի մասին խօսելու, մոռացուածը վերյիշելու, իրար լսելու արժէքը։ Խօսքերդ դեռ մեր ականջներուն է։ Ամէն կարելին ի գործ կը դնենք քու բացած դուռը բաց պահելու համար։ Բարեբախտաբար բազմութիւն ենք տակաւին։
Ծնունդդ շնորհաւոր Հրանդ Տինք։