«Թուրքիոյ Հետազօտութիւններու Ինստուտուտ»ը համավարակի շրջանին էր, երբ «Ակօս»ի խմբագրական կազմը որոշած էր առտնի աշխատութան, հիւրընկալուեցաւ թերթիս խմբագրատունը, ուր պատրաստեց Թուրքիոյ առաջին թուայնացած թանգարանը։
12 Սեպտեմբեր երկուշաբթի երեկոյ Գատըգիւղ, «Մօտայի Բեմ»ը թատերասրահին մէջ հանրութեան ներկայացուց իր աշխատութիւնները։ Թանգարանի աշխատակազմը իրենց կիզակէտին ունենալով 12 Սեպտեմբեր 1980 թուականի զինուորական միջամտութիւնը, պատրաստեց մեծ հաւաքածոյ մը։ Այդ հաւաքածոյին մէջ տեղ գտան դատական թղթածրարներ, որոնցմէ 142-ը թուայնացած եւ 75-ն ալ տպագիր։ Նաեւ հաւաքուեցան բազմահազար էջերէ բաղկացող իրաւաբանական փաստաթուղթ, աւելի քան 250 ժամի հասնող 100 վկայութիւններու վերաբերեալ տեսագրութիւններ, օրաթերթեր եւ գիրքեր։
Յեղափոխութեան 42-րդ տարելիցին զուգադիպող բացման ու ծանօթացման հաւաքոյթին ներկայ գտնուեցան սոյն թուականին եւ յաջորդող օրերուն բերման ենթարկուած, ձերբակալուած ու դատուելով զանազան պատիժներու ենթարկուած բազմաթիւ վկաներ։ Անոնք նաեւ ենթարկուած էին դաժան տանջանքներու, որոնք խորհրդանշանը դարձած են այդ յեղափոխութեան։
«Թուրքիոյ Հետազօտութիւններու Ինստուտուտ»ը հիմնուած է 2016-ին Նիւ Եորք։ Իր ուսումնասիրութիւնները կը կատարէ բազմաթիւ հետազօտողի, արուեստագէտի, գրողի, ճարտարապետի, գիտնականի եւ գործիչներու մասնակցութեամբ։
Արդարեւ ծանօթացման հաւաքոյթին ինստուտուտի աշխատակիցները լայն բացատրութիւններ փոխանցեցին իրենց տարած գործունէութեան մասին։ Այս բոլորի մասին աւելի բովանդակալից ծանօթութիւն ստանալու համար «Թուիթըր», «Ինստակրամ» կամ «Դիմատետր»ի միջոցաւ կարելի է այցելել կազմակերպութեան էջերը bellekmuzesi.org հաշիւով։