Խորհրդարանի հայազգի պատգամաւոր Կարօ Փայլան նախորդ շաբաթ Վան այցելելով այս պատմական քաղաքի եւ յարակից շրջաններու հայկական մշակութային ժառանգի մասին ուսումնասիրութիւններ կատարեց։ Տպաւորութիւնները իր անձնական կայքէջի միջոցաւ հրապարակող Կարօ Փայլան անգամ մը եւս ահազանգ հնչեցուց պատմական կառոյցներու անտէրութեան մասին։
Երեսփոխան Փայլան նշեց նաեւ թէ նիւթը Խորհրդարանի օրակարգին ալ պիտի փոխադրէ։ Փայլան իր տեսածները կը պատմէ հետեւեալ տողերով. «Մինչեւ 107 տարի առաջ այս տարածքաշրջանին մէջ հայերու, յոյներու, ասորիներու, վրացիներու պատկանող հազարաւոր վանքեր ու եկեղեցիներ կար։ Այսօր անոնցմէ շատերը փլած են եւ հազիւ քանի մը հատը կանգուն մնացած։ Այդ կանգուն մնացածներն ալ հոգեվարքի վիճակի են։ Յատկապէս իմ այցելած Վան, Բաղէշ եւ Մուշ քաղաքներու մէջ հազիւ թէ կանգուն մնացած այդ պատմական կառոյցները կարծես մահուան դատապարտուած են։ Հաստատեցի որ այս մասին տիրող պետական քաղաքականութիւնը նոյնութեամբ կը շարունակուի։ Նախորդ կիրակի Աղթամար կղզիի վրայ Սուրբ Խաչի տաղաւարը նշուեցաւ։ Իշխանութիւնը կը շահագործէ Աղթամարի վերանորոգումը։ Նաեւ կ՚անտեսէ Վանի մէջ համարժէք հարիւրաւոր եկեղեցիներու անմխիթար վիճակը։ Իւրաքանչիւր վանք որպէս մշակութային ժառանգ Պոլսոյ Սուրբ Սոֆիայի կամ Եգիպտական բուրգերու համազօր արժէքներ են։ Մշոյ Սուրբ Կարապետը, Վարագավանքը եւ Սուրբ Բարթողիմէոսի վանքը ճարտարապետական կոթողներ են։
Գանձախոյզները ամենուրէք կը շարունակեն իրենց աւերիչ չարագործութիւնը։ Նոյնիսկ գիւղական եկեղեցիները զերծ չեն այս աւերէն։ Նախ շշուկներ կը տարածեն ըսելով թէ այս կամ այն սիւնին յատակը ոսկի թաղուած է։ Ապա կը քանդեն սիւները եւ շինութեան կքելուն պատճառ կ՚ըլլան։ Նախապէս օրակարգի բերած էի հայոց գերեզմանատան վրայ զուգարան եւ սրճարան կառուցելու խնդիրը։ Այս այցելութիւնով տեսայ թէ այդ նոյն տարածքին վրայ դպրոց մը կառուցուած է եւ սոյն տարուայ ուսման տարեշրջանին իր դռները պիտի բանայ աշակերտութեան դիմաց»։