Հրանդ Տինք Հիմնարկը կը պատրաստուի Տինքի ծննդեան օրուայ՝ 15 Սեպտեմբերին թուարկուած մրցանակաբաշխութեան։
Հրանդ Տինքի սպանութենէն ետք հաստատուած միջազգային մրցանակը ամէն տարի աւանդաբար կը շնորհուի մարդու իրաւունքներու ոլորտին մէջ ներդրում ունեցած անձերու կամ կազմակերպութիւններու։ Միջազգային դատակազմը ընդունելով իրեն եկած բազմաթիւ առաջարկները կը որոշէ երկու պարգեւատուեալներ, մին Թուրքիայէն եւ միւսն ալ աշխարհի որեւէ երկրէն։
Նախորդող տարուան մրցանակաւորները յաջորդող տարի դատակազմին անդամ կը դառնան, իսկ դատակազմը կը նախագահէ Հրանդի այրին, տիկին Ռաքէլ Տինք։
Նախապէս դահլիճի մէջ կայացող մրցանակի տուուջութեան հանդէսը համավարակի բերմամբ վերջին երեք տարիներուն կը կայանայ առցանց դրութեամս։ Մրցանակատուուչութեան կարելի է հետեւիլ հիմնարկի կայքէջի հաղորդումով։