Թուրքիոյ մօտ անցեալի պատմութեան մէջ խիստ կարեւորութիւն ունեցող թուական մըն է 6-7 Սեպտեմբեր 1955-ը։ Այդ օր պետութեան կողմէ յատուկ մշակուած ծրագրի մը համաձայն խուժանը աւերեց ու թալանի ենթարկեց գլխաւորութեամբ յունաց եւ մասամբ ալ հայոց եւ հրէից պատկանող բազմաթիւ սրբավայրեր, գերեզմաններ, գործարաններ, խանութներ ու տներ։ Այս առթիւ Մարդու Իրաւունքներու Միութեան Ցեղասպանութեան եւ Խտրականութեան Դէմ Յանձնախումբը յայտարարութիւն մը հրապարակելով դատապարտեց կատարուած դաւադրութիւնը։
Յայտարարութեան մէջ կ՚ընդգծուէր նաեւ հասարակութեան թալանի եւ աւարի դէպքերու մասնակցութիւնը։ «Երբ կը հարցաքննենք պաշտօնական պատմութիւնը կ՚ընդգծենք թէ պետութիւնը յանցանք գործած է, ուրացած ու քօղարկած է գործած յանցանքը։ Չէ հատուցած տուժածներու կրած վնասը։ Նոյնիսկ ներողութիւն չէ խնդրած։ Բայց բաւականին չենք ընդգծեր հասարակութեան այս յանցանքին մասնակցութիւնը։ Յանցանքը քանի մը պետական գործիչի վերագրելը կը հանգստացնէ մեր խիղճերը։ Իսկ ժողովուրդի մասնակցութիւնը խօսիլը սիր ցաւեցնող է» կ՚ըսուի յայտարարութեան մէջ։ Յայտարարութիւնը կ՚աւարտի «Մարդու Իրաւունքներու Պաշտպաններ, ցեղապաշտութեան եւ խտրականութեան դէմ պայքարողներ ըլլալով մենք 6-7 Սեպտեմբերի փոկրոմի 67-րդ տարելիցին անգամ մը եւս կը հարցաքննենք թէ Թուրքիոյ պետութեան աւանդութիւնը եւ թէ այդ պետութեան խարսխուած զանգուածը, այսինքն Թուրքիոյ մահմետական բնակչութեան պատմութիւնը։ Անգամ մը եւս կ՚ատենք քրիստոնէից եւ հրէից հանդէպ թշնամութեան այդ ահաւոր յանցագործութիւնը» տողերով։
Ժողովուրդներու Ժողովրդավարութեան Կուսակցութեան պատգամաւոր Կարօ Փայլան ալ Խորհրդարանին առաջարկեց 6-7 Սեպտեմբերի փոկրոմը յիշողութեան օր ըլլալով յայտարարելու մասին օրէնքի նախագիծ մը։