Ի՞նչ Կը Թելադրեն Վիճակագրական Տուեալները
Ներկայիս ակնյայտ երեւոյթ մըն է թէ, կարգ մը Հայ ընտանիքներ իրենց զաւակները կ՛առաջնորդեն Գօլէժ անուն մասնաւոր կամ պետական որեւէ Անատօլու լիսէ մը...
Ինչպէս միշտ եղեր էր, այսօր եւս պիտի ըլլան անշուշտ յաջողագոյն տղոցմէ եւ նիւթապէս աւելի բարւոք ընտանիքներէ օտար վարժարան մը կամ մի քանի որակեալ պետական վարժարան նախընտրողներ... Ասոնք եղած են բացառիկ պարագաներ՝ ընդունելի նաեւ յաչս համայնքին։
Ներկայ վիճակը տարբեր է սակայն, քանի այսօր աւելի մեծ թիւով տղաք կ՛ուղղուին նոյնիսկ ակադէմական մակարդակով, դպրոցի մշակոյթով եւ ընկերային մթնոլորտով ոչ գերազանց միջավայր մը քան Հայ դպրոցը... Դեռ պատանի հասակին տղան հեռացնել իր միջավայրէն եւ թողուլ զայն անծանօթին... Անխուսափելի է, նոյնիսկ նախընտրելի, երբ ատիկա գիտակցօրէն կը պատահի, երբ տղան արդէն հասած է իր ինքնութեան գիտակցութեան...։
Հարց տանք թէ ի՞նչն է պատճառը, որ կարգ մը ծնողք նախակրթարանէ սկսեալ մեծ սպասումներով իրենց զաւակը կ՛առաջնորդեն դէպի այլ միջավայրեր եւ հայ դպրոցի աշակերտութիւնը կը նուազի...
Հայ Դպրոցին հանդէպ
կասկածը... Արդեօ՞ք
- Ծնողք ակադէմական տեսակէտէ անբաւարար կը նկատեն նախակրթական կամ լիսէի ուսման մակարդակը, լիսէի եւ համալսարան մուտքի քննութեանց արդիւնքը
- Ծնողք ընկերային ձեռնարկներու, ակումբներու գործունէութեան տեսակէտէ անբաւարար կը նկատեն Հայ վարժարանը
- Անբաւարար են դպրոցի շէնքին հնարաւորութիւնները
- Ծնողք կը նախընտրեն անվճար պետական որեւէ Անատօլու լիսէ մը
- Օտար լեզուն տկար է Հայ վարժարանին, մինչդեռ տղան արտասահմանի մէջ բարձրագոյն ուսման պիտի հետեւի IB (international Baccaloria) վկայականովը... եւլն., եւլն....
Ընկերա-մշակութային
պարագան... Արդեօ՞ք
- Հայ ծնողներու ծննդաբերութիւնները կը պակսին
- Հայ ընտանիքներու գաղթը աւելցած է
- Օտար ամուսնութիւններու թիւը կ՚աճի
- Ծնողքին Հայու ինքնութեան եւ հայերէնի հետ կապը նուազած է
- Ծնողքը ընկերային եւ դասակարգային բարձրացման համար լծակ կը նկատէ օտար կամ թրքական վարժարանի մթնոլորտը, եւլն., եւլն....
Վարկածներու շարքը կարելի է երկարել ականջ տալով համայնքին բոլոր հատուածներուն՝ ծնողք, աշակերտ, շրջանաւարտ, ուսուցիչ, վարչային...
Հայ Դպրոցին հանդէպ
կասկածներու մասին...
Ակադէմական մակարդակով, համալսարան մուտքի առումով մեր լիսէները կ՛արձանագրեն նախանձելի յաջողութիւն...
Հայ միջնակարգերէ տղաք իրենց մտային կարողութեան, ընդունակութեան, աշխատելու ունակութեան համեմատ ոչ թէ նուազ, այլ շատ աւելի երջանիկ եւ յաջող կը դառնան Հայ լիսէի մը մէջ... Քանի Հայ վարժարանը իր աշակերտին հետ կը հետաքրքրուի ոչ թէ որպէս յաճախորդ, այլ որպէս իր ապագայ սերունդը...
Օտար լեզուի՝ անգլերէնի պարագան նախակրթարաններէ սկսեալ գրեթէ լուծուած կը նկատենք... Քանի մեր բոլոր վարժարաններու մէջ կիրարկուած անգլիերէնի ծրագրին կանոնաւոր հետեւող տղան նոյնիսկ առանց նախապատրաստական ուսանելու կրնայ ուղղակի առաջին դասարան հետեւիլ Թուրքիոյ լաւագոյն համալսարաններուն մէջ... Օրինակներ բազմաթիւ են։
Արտասահման ուսանելու համար պարտադիր չէ IB (international Baccaloria) վկայականի տէր ըլլալ, ունեցանք աշակերտներ որոնք թուաբանութեան եւ անգլիերէնի քննութեան մէջ յաջողելով եւ կամ Թուրքիոյ մէջ համարժէք ճիւղը շահելով մուտք գործեցին արտասահմանի իրենց նախընտրած բաժինը։
Այսօր մեր դպրոցներուն մօտէն ծանօթ Թուրք ուսուցիչներ, բարեկամներ գնահատելով Հայ վարժարանը յաճախ կ՛ընդվզին թէ ինչո՞ւ իրենց զաւակները չեն ընդունուիր այս դպրոցները կամ ինչո՞ւ Հայ համայնքը լիովին չ՛օգտագործեր իրեն ընծայուած այս առիթը...
Ընկերամշակութային
պարագաներուն մասին...
Դժուար է խօսիլ... Մարդիկ իրենց ընտրութիւններուն, իրենց մտահոգութիւններուն, երբեմն ալ հանդիպումներու հետեւանքով կը ձեւաւօրէն իրենց կեանքը... Երբեմն օրինակ հանդիսանալով, երբեմն ալ օրինակ առնելով իրենց մօտիկ շրջանակը... Ազգային, մշակութային ինքնութեան մը պահպանման պայքարը կրնայ նուազ կարեւորութիւն ունենալ անհատէ անհատ...
Բարելաւման առաջարկներ,
կիրարկելի՝ համայնքին բոլոր խաւերուն միատեղ
աշխատանքով...
- Լուրջ ներդրումներ ընել մարդու... Դպրոցներու պարագային ուսուցիչին վերապատրաստման, անոր աշխարհահայեացքի ընդլայնման, զարգացման համար պիւտճէ տրամադրել, եւ մօտէն հետեւիլ ընթացքին, ծրագիրներու իրականացման
- Ուսուցչութիւնը նախընտրելի ասպարէզ դարձնել համայնքին յաջողագոյն երիտասարդներուն համար ալ։ Ուսուցիչը նիւթապէս գոհացնել
- Զարգացնել՝ ընկերային եւ մշակութային ձեռնարկները... Հանդիպումներ ունենալ համայնքին եւ երկրին մտաւորական դասակարգին հետ, օտար կամ Թուրք անուանի վարժարաններու աշակերտութեան հետ ծրագիրներ մշակել, որպէսզի Հայ տղան դառնայ ա՚լ աւելի ինքնավստահ, ակադէմական յաջողութեան կողքին...
- Արհեստից վարժարան մը՝ յարմարագոյն բաժիններով... Հայ վարժարանը մեծ մասամբ զուրկ է համայնքին բոլոր զաւակները ընդգրկող ծրագիրներէ...
Հայ դպրոցը այս հողերու վրայ արդէն իսկ ունէր տղան արհեստի մը տէր դարձնելով կեանքի պատրաստելու միջոցներ... Գարակէօզեանը որպէս մանչերու որբանոց, ունէր զանազան արհեստանոցներ, Գալֆաեանը հիմնուեր էր որբուհիներու ձեռագործ ջամբելու համար։ Իսկ Էրզրումի Սանասարեանը ունէր նաեւ արհեստանոցի բաժին մը։
- Յուզիչ է... Նախակրթական վարժարաններ յաջողութիւն կը նկատեն իրենց աշակերտին նոյնիսկ հասարակ թրքական մասնաւոր կամ Անատօլու լիսէ մը մուտքը, զանոնք որակաւոր վարժարաններ անուանելով... Թերթերու եւ ընկերային ցանցերու մէջ տղոց անունները յայտարարել եւ բնաւ նկատի չունենալ կամ երկրորդ աստիճանի դասել հայկական լիսէներ արձանագրուողները...
- Ինչո՞ւ չունենալ Ուսումնական Խորհուրդ մը... Ուսուցիչներու, դպրոցներու աշխատանքը համակարգող, խորհուրդ մը...
Մինչեւ քսաներորդ դարու սկիզբը, նոյնիսկ մինչեւ 1950-ական թուականներ դպրոցները կը գործէին նկատի ունենալով նաեւ ուսումնական խորհուրդը, որուն կ՛ատենապետէին ուսուցչապետ կոչուած մանկավարժ ուսուցիչներ...
Այսօր այդ պաշտօնը ստանձնելու յարմարագոյն հաստատութիւնը կրնայ համարուիլ Ուսուցչաց Միութիւնը, նկատի ունենալով իր կանոնագրութեան մէջ ուսուցիչ պատրաստելու յօդուածին գոյութիւնը։
Տեղեկագրութիւններ,
Վիճակագրական Տուեալներ...
Դաստիարակութիւն, ուսում... Գրեթէ ամենադժուարին եւ խնդրայարոյց բնագաւառը, նոյնիսկ յառաջացեալ երկիրներու համար... Որպէս Պոլսահայ փոքր համայնք մենք եւս ձգտելով լաւագոյնին ջանացած ենք յաղթահարել ոլորտի դժուարութիւնները։
Ահա անձնական կամ խմբային աշխատանքներով լոյս տեսած շարք մը տեղեկագրութիւններ, մեր կրթական կեանքը բարելաւելու յիսնամեայ որոնումներ...
- Թուրքիոյ Հանրապետութեան Յիսնամեակին Իսթանպուլահայ Վարժարաններու Վիճակը-
Օննիկ Ֆչըճեան (Շողակաթ-1973)
Բաղկացեալ տասը գլուխներէ՝ Արհեստից Վարժարաններ, Ուսուցչին Մտաւոր Վիճակը Եւ Նիւթական Կացութիւնը, Դասէ Դուրս Աշխատանք եւլն...
- Վիճակագրական Տեղեկութիւններ Իսթանպուլի Հայ Վարժարաններու Մասին 1971-72 Տարեշրջանի Յատուկ- Տքթ. Շահնուր Շահէն (Շողակաթ-1973)
- Eğitimi Yeniden Yapılandırma Komisyonu Raporu (Kasım 2002- İstanbul)
Համայնքիս խումբ մը մտաւորական, արհեստավարժ ուսուցիչ եւ տնօրէններու կողմէ պատրաստուած եւ թուային տուեալներով ճոխացուած տեղեկագիր մը
- Ակնարկ Մը Իսթանպուլահայ Վարժարաններու Իրականութեան- Սիլվա Գոյումճեան (2000 եւ 2010)
Եւ ահա պոլսահայ դպրոցներու վերջին յիսուն տարուան վիճակագրական պատկերը...
Բանաստեղծ, կրթական մշակ Օննիկ Ֆչըճեանի կողմէ 1973-ին գրի առնուած տեղեկագրութիւնը եւ նոյն թուականներուն Ուսուցչաց Հիմնարկի եւ Միութեան գործօն անդամ Տօքթ. Շահնուր Շահէնի քաղած վիճակագրական տեղեկութիւնները կ՛արժէ կրկին ուսումնասիրել։ Յիսուն տարի առաջ գրի առնուած Ֆչըճեանի տեղեկագիրը գրեթէ նոյնութեամբ կը ցոլացնէ մեր կրթական հաստատութիւններու այսօրուայ իրականութիւնը։
Իսկ 2002-ին Պոլսահայ ակադէմիկոս եւ կրթական մշակներու կողմէ պատրաստուած լայնածաւալ տեղեկագիրը մանրակրկիտ աշխատանքի մը արդիւնքն է։ Դժբախտաբար չէ ունեցած գործնական կիրարկում...
2000-ին գրի առնուած եւ 2010-ին այժմէականացուած Ակնարկ Մը՝ Պոլսահայ Վարժարաններու Իրականութեան խորագրով գրքոյկը եւս լոյս կրնայ սփռել մերօրեայ պահանջներուն...
Ուրեմն... Ինչպէ՜ս բարձրացնել թիւը կամ գոնէ կասեցնել թուային անկումը Հայ դպրոցի աշակերտութեան...
Ի մի հաւաքուիլ... Խօսիլ... Քննարկել... Գործի լծուիլ...
Բաժնել ամէն ինչ նիւթական, գաղափարական, գործնական գետնի վրայ...
02 Սեպտեմբեր, 2022
Սիլվա Գոյումճեան