Վան Քաղաքի Աղթամար Կղզիի Ս. Խաչ Եկեղեցւոյ մէջ, Ս. Խաչի Բարեկենդանի Կիրակիին, 4 Սեպտեմբեր 2022-ին, այս տարի եւս Ս. Պատարագ մատուցուեցաւ։ Համավարակի պատճառաւ, երկու տարի առանց ժողովուրդի մասնակցութեամբ կատարուած արարողութենէ յետոյ, սոյն արարողութիւնը դարձեալ բազմաթիւ ուխտաւորները համախմբեց Աղթամարի մէջ։
Աղթամարի Տօնակատարութեան, այս տարի նախագահեց Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը։ Ուխտագնացութեան մասնակցեցան նաեւ Հոգշ. Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, Պատրիարքական Փոխանորդ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան, Լուսարարապետ Արժ. Տ. Տրդատ Աւ. Քհնյ. Ուզունեան, Արժ. Տ. Գէորգ Աւ. Քհնյ. Չնարեան, Հայաստանէն Արժ. Տ. Տ. Եղէշէ եւ Վիգէն քահանայ հայրերը։ Բաց աստի, ուխտագնացութեան երգեցութիւնները կատարելու համար եկած էին Սամաթիոյ Ս. Գէորգ Եկեղեցւոյ Սահակեան Դպրաց Դաս Երգչախումբի անդամները, ինչպէս նաեւ Սամաթիոյ Թաղային Խորհուրդէ անդամներ, գլխաւորութեամբ՝ Ատենապետ Եսայի Տէմիրի։
Շաբաթ Երեկոյեան, Մեր Հոգեւոր Պետը, «Պիւյիւք Ուրարտու» պանթոկի ճաշասրահին մէջ մէկտեղուեցաւ հոգեւոր հայրերու, սարկաւագներու եւ դպրաց դասու անդամներու հետ սիրոյ սեղանի շուրջ։ Այստեղ ներկաներ, ջերմ մթնոլորտի մէջ զրուցելու առիթն ունեցան Մեր Հոգեւոր Պետին հետ։
Իսկ յաջորդ առաւօտեան ժամը 09.00-ին, Սրբազան Պատրիարք Հօր գլխաւորութեամբ, հոգեւոր հայրերն ու սպասարկողներու խումբը, ինչպէս նաեւ երգչախումբի անդամները Վանի Նահանգապետարանի տրամադրած նաւով ուղղուեցաւ դէպի Աղթամար Կղզի։ Պատրիարք Հայրը, Կղզի ժամանումէն յետոյ, նախ այցելեց Ս. Խաչ Եկեղեցին, ուր ուխտի աղօթքը ըրաւ։ Մինչ այդ եկեղեցւոյ մկրտութեան մատրան մէջ կատարուեցաւ նաեւ ժամերգրութիւն։
Ժամը 10.45-ին կազմուած թափորը Տաճարի մօտակայ կիսաւեր մատուռէն Ս. Խաչ երբեմնի հայրապետանիստ Տաճար առաջնորդեց պատարագիչ Հոգշ. Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանը։ Կը սպասարկէին Բրշ. Խաչիկ Սրկ. Սարըլեան, Բրշ. Ալէն Տիրան Սրկ. Նէրկիզեան, Բրկ. Ղազար Կ.Սրկ. Սապունճեան եւ Բրկ. Կարօ Կ.Սրկ. Եոնթանեան, Բրկ. Պուրակ Ուր. Դպ. Կէօչէրեան եւ Բրկ. Շանթ Ուր. Դպ. Չէվիքեան։
Երգեցողութիւնները կատարուեցան Սահակեան Դպրաց Դաս Երգչախումբի կողմէ, ղեկավարութեամբ եւ երգեհոնահարութեամբ՝ Սեւան Ակօշեանի։
Տէրունական Աղօթքէն առաջ քարոզեց Պատրիարք Հայրը, եւ տաճարի գաղափարին մասին խօսեցաւ։ Յայտնեց, թէ՝ Աստուած հաստատած է տաճարի գաղափարը, որպէսզի մեղաւոր մարդկութիւնը այցելէ Տաճար եւ այնտեղ գտնէ զԱստուած։ Հին Կտակարանէն սկսեալ այս աւանդութիւնը, Քրիստոնէութեան մէջ եւս շարունակած է եւ համայնքներ կառուցած են եկեղեցիներ։ Հայ Եկեղեցւոյ անդամները եւս, պատմութեան ընթացքին հետեւելով տաճարաշինութեան աւանդութեան, իրենց ոճով, ճարտարապետական գիտութեամբ եւ հանճարով կառուցած են շքեղ տաճարներ, ուր համախմբուած են զԱստուած փառաւորելու համար։ Աղթամարի Ս. Խաչ Եկեղեցին եւս եղած է այն հսկայ կոթողներէն, որ 10-րդ դարուն Գագիկ Արծրունի Թագաւորի փափաքով ու Մանուէլ ճարտարապետի աշխատութեամբ կառուցուած է։
Պատրիարք Հայրը յիշեցուց, թէ՝ Աղթամարը ունէր աւելի քան 1000 ամեայ պատմութիւն։ Տաճարին կամարը, պատերը, սիւները ականատեսը եղած էին ինչ ինչ դէպքերու եւ անոնք կը շարունակէին վկան դառնալ անցեալին։ Իր հիանալի ճարտարապետութեամբ նաեւ հետաքրքրութեան արժանացած էր, թէ՛ Հայերուն եւ թէ՛ օտարներուն։ Ահա, այս գեղեցիկ տաճարը, որ մերձաւոր անցեալին մաշած էր, մօտաւորապէս քսան տարիներ առաջ երկրի իշխանութեան տնօրինութեամբ որպէս թանգարան եկեղեցի վերանորոգուած էր եւ յաջորդիւ աւանդութիւն հաստատուած էր Սեպտեմբեր ամսուան մէջ տօնական Ս. Պատարագ մատուցանել Աղթամարի մէջ։ Այս աւանդութիւնը, համավարակի շրջանին դժբախտաբար առանց ժողովուրդի մասնակցութեամբ կատարուած էր։ Իսկ այս տարի հանդիսաւոր տօնակատարութիւնը տեղի կ՚ունենար Իսթանպուլէն եւ թէ՛ Հայաստանէն եւ թէ՛ արտասահմանէն ուխտաւորներու մասնակցութեամբ։ Իսկ երգեղութիւնները կատարելու համար ուխտաւորաբար փութացած էր Սահակեան Դպրաց Դասը։ Պատրիարք Հայրը, այս առթիւ մաղթեց որ ուխտագնացութիւնը բոլոր մասնակիցներուն համար դառնայ օրհնաբեր եւ հոգեւոր շինութեան առիթ։
Մեր Հոգեւ Պետը նաեւ յիշատակեց պաշտօնական մարմիններու ներդրումը արարողութեանց կանոնաւոր ձեւով կազմակերպման կապակցութեամբ։ Այս առթիւ, յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց Հանրապետութեան Նախագահ Վսեմաշուք Ռէճէպ Թայյիպ Էրտօղանին, Մշակոյթի եւ Զբօսաշրջութեան Նախարար Մէհմէտ Նուրի Էրսոյին, Վանի Կուսակալ Օզան Պայճըին։
Աղթամարի մէջ հոգեհանգիստ
ու անդաստան
Աղթամարի մէջ, յաւարտ Ս. Պատարագի կատարուեցաւ կարգ ի հանգիստ Ամենայն Հայոց Երանաշորհ Հայրապետներու, ինչպէս նաեւ Աղթամարայ երբեմնի Աթոռոյ վախճանեալ գահակալներու եւ Աղթամարի Աթոռոյ միաբաններու, Պոլսոյ երանաշորհ Պատրիարքներու։
Յիշատակուեցան նաեւ Ս. Խաչ Հայրապետանիստ Տաճարի կառուցման բարերար Գագիկ Արծրունի Թագաւորը, Տաճարի ճարտարապետ Մանուէլ Վարդապետը, Վանի երբեմնի թեմի առաջնորդներն ու սպասաւորները եւ ի Քրիստոս հանգուցեալ համայն հաւատացեալները։
Եկեղեցւոյ մէջ կատարուած հանդիսութիւններէն յետոյ, Ամենպատիւ Սրբազան Պատրիարք Հօր գլխաւորութեամբ հոգեւորականներու թափօրը առաջնորդուեցաւ փակ, ուր, բազմաթիւ հաւատացեալներու եւ ուխտաւորներու ներկայութեամբ, «Ամէն, ալէլուիա»ներով կատարուեցաւ հանդիսաւոր անդաստան։ Անդաստանի արարողութեան ընթացքին, եկեղեցւոյ փակը գրեթէ լեցուն էր ուխտաւորներուն եւ այցելուներու ներկայութեամբ։
Հոգեպարար էր այն պահը, երբ թափորը կը դառնար, սարկաւագներ ու դպիրներ կը կատարէին երգեցողութիւնները եւ եւ կ՚օրհնուէին աշխարհի չորս ծագերը, Հայոց հայրապետութիւնը, քրիստոնեայ թագաւորութիւններն ու իշխանութիւնները, երկիրն ու անդաստանները, տարւոյն պտղաբերութիւնը, վանքերն ու անապատները, քաղաքներն ու գիւղերը եւ անոնց բնակիչները։
Անդաստանի աւարտին, Պատրիարք Հայրը Ս. Խաչ Եկեղեցւոյ զանգակատան ներքեւ, իր մօտն ունենալով հոգեւոր հայրերը եւ Սահակեան Դպրաց Դասու երկսեռ անդամները, «Պահպանիչ» աղօթքով օրհնեց բոլոր ներկաները։ Ապա, Մեր Հոգեւոր Պետը, սարկաւագներն ու դպիրները արձակեցին սպիտակ աղաւնիներ մաղթելով խաղաղութիւն ամենայն աշխարհի։
Տօնական Ս. Պատարագն ու արարողութիւնները իրենց աւարտին հասան խմբանկարով։
Իսկ Պատրիարք Հայրն ու արարողութեան մասնակից բոլոր սպասաւորները, նոյն երեկոյթեան օդային ճամբով վերադարձան Իսթանպուլ։