30Օգոստոսի երեկոյեան ժամերուն լրատու գործակալութիւնները կը հաղորդէին Խորհրդային Միութեան վերջին ղեկավար Միխայիլ Կորպաչովի մահուան լուրը։
Կորպաչովի 1985-1991 թուականներու միջեւ իշխանութեան շրջանը բաւական վիճայարոյց եղած էր։ Ան Խորհրդային Միութեան Համայնավար Կուսակցութեան քարտուղարի պաշտօնը ստանձնելէ անմիջապէս գտք օրակարգի բերաւ «Կլաստնոսդ» եւ «Փէրեսթռոյքա» եզրերով նկարագրուած բարեփոխումներու, մեղմացման եւ թափանցիկութեան ծրար մը։
Իրականութեան մէջ այս առաջարկները ժամանակի պարտադրանքն էին, բայց շուտով վերածուեցան ամբողջ համակարգի մը քայքայման գործընթացի։
Արեւմտեան երկիրները այս զարգացումները ողջունեցին իբրեւ համաշխարհային խաղաղութեան նպաստող քայլեր ըլլալով։ Այդ մերձեցման ամենավար դրսեւորումը եղաւ Խաղաղութեան Նոպելեան Մրցանակի Միխայիլ Կորպաչովի տուուչութիւնը 1990 թուականին։
Միւս կողմէ Կորպաչովեան սահմանափակումներն ալ երկրէ ներս ընկերային ճգնաժամի համազօր հետեւանքներ ունեցան։ Ամենակարեւորը Խորհրդային միութեան տարանջատումը բոլորովին անպատրաստից երեւոյթ մըն էր միութիւնը ձեւաւորող 15 պետութիւններու եւ բազմաթիւ ինքնավար հանրապետութիւններու համար։
Սպիտակի երկրաշարժը եւ Արցախեան ազատագրական շարժումը գրեթէ նոյն թուականներուն կը զուգադիպէին։ Արդարեւ Միխայիլ Կորպացով արտերկիր կատարած իր այցելութիւնը կիսատ թողելով վերադարձաւ աղէտի վայր՝ երբեմնի Լենինական, այժմու Կիւմրի քաղաքը։ Կիւմրիի շփումներու ընթացքին Կորպաչով Արցախեան հարցի նիւթով շատ լուրջ բանավէճ ունեցաւ քաղաքացիներու հետ։ Ապա իր բարկութիւնը յայտնեց հայ ժողովուրդին մեղադրելով նման աղէտի մը փորձութեան պայմաններուն մէջ անգամ Արցախեան հիմնահարցի բարձրացման համար։ Այդ հանդիպման վառ վկայութիւնն է «Կազ24» մակնիշի ինքնաշարժի մը առջեւ Կորպաչովի եւ հայ քաղաքացիի մը բանավէճը, ուր երկու խօսակիցներն ալ իրենց ցուցամատները կը թօթուեն իրարու դիմաց։ Կարծես այս պատկերը անգամ բաւարար ըլլար Խորհրդային Միութենէ ներս Կորպաչովեան շրջանի բնորոշ խօսքի ազատութեան համար։
Խորհրդային միութեան տարանջատումը շատ սուղ արժեց համաշխարհային խաղաղութեան առումով։ Մէկ կողմէն ծագեցաւ ազգամիջեան կրիւներ, իսկ միւս կողմէ աշխատող դասակարգը արեւմտեան երկիրներու մէջ զրկուեցան իր արձանագրած ձեռքբերումներէն։
Այսօր ալ Կորպաչովի մահուան լուրը աշխարհի բոլոր երկիրներէ ներս ինքնաբերաբար տեղի պիտի տայ նոր մեկնաբանութիւններու։ Ոմանք զինք պիտի ողջունեն փտախտի մատնուած մարմնի մը դէմ արմատական միջամտութիւն ընող արի վիրահատ մը ըլլալով։ Միւս կողմէ կարելի չէ այդ հոգեհան վիրահատութեան հետեւանքները անտեսել։