Հայկազեան Համալսարանի Հայկական Սփիւռքի Ուսումնասիրութեան Կեդրոնը նախաձեռնած է գիտաժողով մը, որուն նիւթն է արաբական ծոցի երկիրներու հայերը։
12 եւ 13 Դեկտեմբեր թուականներուն կայանալիք գիտաժողովի ընթացքին լուսարձակի տակ պիտի առնուին Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու Եմէնի, Պահրէյնի, Սէուտական Արաբիոյ, Քաթարի, Քուվէյթի եւ Օմանի հայկական համայնքներու կազմութեան վերաբերեալ նիւթեր։ Յայտարարութեան մէջ կ՚առաջարկուի տուեալ երկիրներէ ներս հայերու ներկայաութեան, հայկական բնակավայրերու, Հայ Առաքելական, Կաթողիկէ եւ Աւետարանչական թեմերու գործունէութիւնը, կրթական հաստատութիւնները, մշակութային միութիւնները եւ առհասարակ ազգային կեանքը ուսումնասիրող ու նկարագրող զեկոյցներ։
Նաեւ կարեւորութիւն կ՚ընծայուի հայ համայնքներու տուեալ երկիրներու մէջ ունեցած դերակատարութեան եւ փոխադարձ ազդեցութիւններու հետազօտման ուղղեալ զեկոյցներուն։
Հայկական Սփիւռքի Ուսումնասիրութիւններու Կեդրոնը գիտաժողովի մասնակիցներէն կը խնդրէ մինչեւ 30 Սեպտեմբեր ուղարկել իրենց ուսումնասիրութեան նիւթին վերնագիրը եւ նախատեսուած բովանդակութիւնը։
Աւելի բովանդակալից տեղեկութեան համար կարելի է դիմել կեդրոնի 00961 1 349230 ներքին 205 եւ 00961 3 712058 հեռախօսահամարներով կամ գրել՝adakessian@haigazian.edu.lb հասցէին։